Հզօր Հանրապետութիւն երեսփոխանական համախմբումի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլ խորհրդարանի նիստէն ետք յայտնեց. «Կառավարութեան ուղղուած մեր հարցումները հարցաքննութեան պիտի վերածենք, սակայն խնդիրը այն է, որ այս հարցումներուն պատասխանելու նիստը ե՛րբ պիտի ճշդուի»:
«Որոշակի հարցումներ հարցուցինք եւ անոնց վերաբերեալ կառավարութենէն գրաւոր կամ վարչապետ Նաուաֆ Սալամէն այսօր բանաւոր պատասխան չստացանք», ըսաւ ան:
«Պիտի տեսնէք, թէ ինչպէ՛ս այս կառավարութեան նկատմամբ վստահութիւնը պիտի նուազի», նշեց Պասիլ:
«Պիտի շարունակենք դրական եւ բարձրաձայն ընդդիմութիւնը», ըսաւ երեսփոխանը: