Երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, խորհրդարանին մէջ ընթացք առաւ կառավարութեան լսումի նիստ մը, որուն սկիզբը խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի նշեց, թէ խօսք առնել ուզող երեսփոխաններուն թիւը հասած է 54-ի` նշելով. «Ասիկա ճիշդ չէ եւ չի կրնար այսպէս շարունակուիլ»: Ան ըսաւ, որ ժամանակը երեսփոխանական պլոքներուն վրայ պիտի բաժնուի` հինգ կամ նուազ երեսփոխան ունեցող պլոքներէն միայն մէկ երեսփոխանի առիթ պիտի տրուի խօսելու, 15 երեսփոխան ունեցողներուն` 3 երեսփոխանի, 20 երեսփոխան ունեցողներուն` 4 երեսփոխանի, իսկ անկախ երեսփոխաններուն խօսելու համար 10 վայրկեանի ժամանակ կը տրուի:
Խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ նշեց, որ ասիկա առաջին անգամն է, որ այսպիսի քննարկում մը կը կատարուի: Ան կառավարութեան հարցուց, թէ ինչպէ՞ս կը յարգէ Թաէֆի համաձայնագիրին մէջ լիբանանեան բոլոր հողերը ազատագրելու եւ համայնքային դրութիւնը ջնջելու վերաբերեալ յանձնառութեան:
Ազգային ազատ հոսանքի ղեկավար Ժըպրան Պասիլ հակադարձելով Պըրրիին յայտնեց, որ 2017 թուականէն ի վեր կառավարութեան քաղաքականութեան քննարկման յատկացուած որեւէ նիստ չէ գումարուած` նշելով, որ իր նախագահած Հզօր Լիբանան երեսփոխանական համախմբումը ներկայիս միակ ընդդիմադիր համախմբումը կը նկատուի` աւելցնելով. «Մեր համախմբումէն խօսիլ ուզող բոլոր երեսփոխաններուն առիթ պէտք է տրուի, եւ ատիկա մեր իրաւունքն է»:
Հզօր Հանրապետութիւն երեսփոխանական համախմբումի նախագահ Ժորժ Ատուան նշեց, որ արձանագրուած է թերացում մը, որովհետեւ վարչապետը պէտք է կառավարութեան հաղորդագրութիւն կարդար, եւ վերջը քննարկումները սկսէին:
Ան նշեց, որ գլխաւոր կէտը կը վերաբերի պետութեան վերականգնման, եւ լիբանանցիները կը յուսան կազմութիւնը կառավարութեան մը, որ իր որոշումին, հեղինակութեան եւ լիբանանեան բոլոր հողերուն վրայ վերահսկողութեան կը վերատիրանայ, «սակայն ո՛չ որոշումը վերստանձնուեցաւ, ո՛չ իշխանութիւնը հաստատուեցաւ, ո՛չ ալ հեղինակութիւնը գտնուեցաւ»:
«Սպառնացող կայ եւ պահանջող կայ, որ պետութիւնը իր իշխանութեան տէր կանգնի, սակայն պետութիւնը կը դիտէ, որեւէ խօսք չըսէր, որեւէ կեցուածք չորդեգրեց, եւ ժամանակը կ՛անցնի, իսկ այսօր կը պահանջենք, որ կառավարութեան առաջին նիստին պետութեան վերահսկողութեան վերականգնման ժամանակացոյց ճշդէք», ըսաւ Ատուան:
Երեսփոխան Սելիմ Աուն ըսաւ. «Կառավարութիւնը չսկսաւ գումարներու գոյացման որեւէ ծրագիր մշակել, ըլլայ այդ յափշտակուած գումարներու վերականգնման ճամբով»:
Երեսփոխան Ժեմիլ Սէյիտ յայտնեց. «Մեզի ղրկեցին Հոքշթայնը, Օրթէյկըսը, իսկ այսօր Պարրաքը, որ սպառնաց քաղաքացիական պատերազմով եւ Լիբանանը վերադարձնելով «Պիլատ Շամ»-ին, կարծէք յատուկ պատուիրակներու փորձարկման դաշտի վերածուած ենք»: Ան նշեց, որ նշանակումներուն մէջ բաժնեկցութիւն գոյութիւն ունի, ճիշդ ինչպէս կառավարութեան մէջ կայ:
Երեսփոխան Ապտելռահման Պըզրի ըսաւ. «Մեզի խոստացաւ Թաէֆի համաձայնագիրը գործադրել եւ սխալ գործելաոճերը սրբագրել, սակայն մինչեւ հիմա ատիկա չտեսանք»:
Երեսփոխան Ֆարիտ Պուսթանի նշեց. «Կառավարութեան կազմութենէն 150 օր անցաւ առանց տնտեսական ծրագիրի կազմութեան: Ասիկա թերացում եւ հայեցակարգի չգոյութիւն ցոյց կու տայ, ինչպէս նաեւ թերացում մը կառավարութեան համար, որ բարեկարգման կարգախօսը որդեգրած է»:
Երեսփոխան Միշել Մուաուատ յայտնեց, որ այսօր իսկական պետութիւն վերակառուցելու առիթ գոյութիւն ունի, «եւ եթէ այս առիթը չօգտագործենք, Լիբանանը կրնայ վերստին դառնալ շրջանային կամ միջազգային տագնապի բեմի եւ ծայրայեղականութեան ծրագիրներու բեմի»:
Հզօր Լիբանան համախմբումի ղեկավար Ժըպրան Պասիլ յայտնեց. «Կառավարութեան մարտէն ի վեր 10 հարցումներ ուղղեցինք, եւ միայն մէկ հարցումի պատասխանեց, եւ երանի պատասխանած չըլլար»:
«Սուրիացիները մեզմէ կը պահանջեն մեր զինուորները սպաննած անձերը ազատ արձակել, սակայն մինչեւ հիմա կառավարութենէն որեւէ կեցուածք չկայ», ըսաւ ան:
«Կ՛ուզենք, որ կուսակցութիւնը զէնքը յանձնէ, սակայն գրգռութեան արշաւ չենք ուզեր, եւ սուրիացի տեղահանուածներու նիւթը լուրջ է», յայտնեց Պասիլ` աւելցնելով. «Մենք Հըզպալլայի զէնքի յանձնումին հետ ենք եւ ոչ թէ անոր խլման»:
Երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ ըսաւ. «Պէտք է արագօրէն վերաշինութեան ծրագիր մշակել եւ աշխատանք տանիլ լիբանանեան հողերու ազատագրման: Ինչո՞ւ այս թղթածրարին մէջ քայլի չդիմուեցաւ»:
Երեսփոխան Իպրահիմ Մուսաուի նշեց. «Բոլորս գիտենք, թէ բանակին աջակցելու քաղաքական որոշում չկայ, եւ զայն զինելու արտաքին վեթօ գոյութիւն ունի»:
«Ան, որ Լիբանանի հետ իր բարեկամութեան մասին կը խօսի, թող մեր բանակին տայ զէնք, որպէսզի կարենայ հայրենիքը թշնամիէն պաշտպանել», ըսաւ ան:
Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Սամի Ժեմայել յայտնեց, որ պատերազմական վիճակի մէջ գտնուող պետութիւն մը չի կրնար ներդրումներ ապահովել: Ան նշեց, թէ պետութեան ծիրէն դուրս եղող զէնքի գոյութեան պայմաններուն մէջ չկայ պետութիւն, չկայ անկեղծ կեցուածքներու արտայայտում, չկայ քաղաքական բարեկարգում:
Երեսփոխան Մարուան Համատէ յայտնեց, որ կարելի չէ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն վրայ յարձակում գործել եւ նոյն ատեն անոնց առաքելութեան երկարաձգումը պահանջել: Ինչ կը վերաբերի զէնքի հարցին, ան նշեց, որ կարիքը ունին ազգային որոշումի մը, որ բոլորին համար համոզիչ կ՛ըլլայ: