Ռաժժի Քալլասի Հետ Քննարկեց Տեղահանուածներու Թղթածրարն Ու ՖԻՆԻՒԼ-ի Դերը, Եւ Իսրայէլի Լիբանանէն Հեռացման Կոչ Ուղղեց
Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Եուսեֆ Ռաժժի Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ անվտանգութեան հարցերու բարձրագոյն յանձնակատար Քայա Քալլասի հետ Պրիւքսելի մէջ հանդիպումի ընթացքին քննարկեց Լիբանանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ հասարակաց հարցերը: Ռաժժի Քալլասէն խնդրեց Եւրոպական Միութեան օգնութիւնը հինգ կէտերէն եւ հարաւային Լիբանանի մէջ բռնագրաւուած մնացեալ տարածքներէն Իսրայէլի հեռացումը ապահովելու համար ճնշումին մէջ, ինչպէս նաեւ կեդրոնացաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութիւնը վերանորոգելու...




















