Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութեան Լսումի Նիստի Աւարտին. Խորհրդարանը Վերահաստատեց Կառավարութեան Նկատմամբ Իր Վստահութիւնը

Յուլիս 17, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանը երէկ երկրորդ օրն ըլլալով շարունակեց կառավարութեան լսումի նիստը եւ 69 թեր, 9 դէմ եւ 4 ձեռնպահ քուէներով վերահաստատեց անոր նկատմամբ վստահութիւնը:

Լսումի նիստի ընթացքին երեսփոխան Ահմետ Խէյր նշեց. «Լիբանանցիները քիչ առ քիչ կը կորսնցնեն յոյսը, եւ չեմ գիտեր, եթէ նոր առիթը տակաւին գոյութիւն ունի»:

«Պէտք է դաս քաղել անցեալէն, որովհետեւ պետութիւնը երկու զէնքերու գոյութեան լոյսին տակ անարժէք է: Պատասխանատուութիւնը զէնքին տէրերունն է: Անոնցմէ կը պահանջուի պետութեան հետ գործակցիլ զէնքի մենաշնորհի օրէնքը գործադրելու համար», ըսաւ ան:

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հիւսէյն Հաժ Հասան յայտնեց. «Ոմանք Լիբանանէն կը պահանջեն ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումը գործադրել, սակայն այդ որոշումը Իսրայէլի կողմէ գործադրուեցա՞ւ»:

«Ոմանք գերիշխանութեան եւ լիբանանեան գոյացութեան մասին խօսելու ընթացքին ընտրողականութիւն կը կիրարկեն», ըսաւ ան` նշելով. «Պէտք է միասնաբար կանգնինք ճնշումներուն դէմ, որպէսզի Լիբանան կարենայ միջազգային ընտանիքին ու Ամերիկային վրայ ճնշում բանեցնել, որպէսզի Իսրայէլի ստիպեն զինադադարի համաձայնագիրը գործադրել»:

«Ընտրական օրէնքը սեղանի վրայ դրուած է այնպիսի ձեւով մը, որ ազգային շահերուն չի ծառայեր, եւ կարգ մը խմբակներ կ՛ուզեն պետութիւններու միջամտութիւններուն վրայ հիմնուելով արձանագրուած զարգացումներէն օգտուիլ», յայտնեց երեսփոխանը:

«Մինչեւ օրս Լիբանանին արգիլուած է վերաշինութիւն կատարել, որովհետեւ «Լիբանանի բարեկամներուն» կողմէ պաշարուած է: Հնգանդամ յանձնախումբը ոչինչ ըրաւ, եւ Իսրայէլ թիւ 1701 որոշումը չգործադրեց: Կարգ մը խմբակներու մօտ խնդիրը այն է, որ անոնք կը գործադրեն ամերիկեան հռետորաբանութիւնը, կը ծառայեն թշնամիի հռետորաբանութեան եւ իսրայէլեան ու ահաբեկչական սպառնալիքները չեն տեսներ», նշեց Հաժ Հասան:

Երեսփոխան Նաամաթ Աֆրամ նշեց. «Բոլոր լիբանանցիները մտահոգ են երկրին գոյացութեամբ, որ մեծ վտանգի առջեւ կանգնած է»:

«Զէնքի նիւթը այլեւս դադրած է թեքնիք հարց մը ըլլալէ, այլ դարձած է Լիբանանի գոյացութեան հաւաստիութեան առնչուած նիւթ: Կ՛ուզեմ բոլորին յիշեցնել, որ զէնքին թշնամիին յանձնումը չի պահանջուիր, այլ լիբանանեան բանակին, եւ մենք պէտք է պահանջենք, որ այդ զէնքը չոչնչացուի, այլ բանակին ձեռքը ըլլայ», ըսաւ Աֆրամ:

Ան խօսեցաւ մազութի վրայ տուրքի մասին` կոչ ուղղելով զայն վերատեսութեան ենթարկելու, որովհետեւ հիմնականին մէջ կը վերաբերի քաղաքացիին:

Բարգաւաճում եւ ազատագրում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց. «Չզգացինք, թէ կառավարութիւնը պատասխանատու կերպով կը գործէ եւ լրջօրէն կ՛աշխատի զինադադարի համաձայնութեան տապալումը արգիլելու համար: Ան պէտք է լիբանանցիներուն զգացնէ, որ իրենք պատանդներ չեն, եւ գոնէ մէկ ժողով գումարէ առնչակից կողմերուն հետ` քննարկելու համար վերաշինութեան հարցը»:

«Զէնքին շուրջ բաց քննարկումը պէտք է շարունակուի, սակայն պատասխանատու կերպով», նշեց երեսփոխանը:

Վարչապետին Պատասխանը

Ձայն առած վերջին երեսփոխանի խօսքի աւարտէն ետք վարչապետ Նաուաֆ Սալամ խօսք առնելով յայտնեց. «Մտիկ ըրի երեսփոխաններուն տեսակէտներն ու խօսքերը, անոնց կատարած քննադատութիւնները լուրջի պիտի առնեմ: Մեր պատասխանատուութիւնը մեծ է, եւ մտադիր ենք շարունակել մեր աշխատանքը, հակառակ դժուարութիւններուն ու խոչընդոտներուն»:

«Կը վերահաստատենք մեր յանձնառութիւնն ու վճռակամութիւնը բարեկարգումի եւ փրկութեան նկատմամբ, ջանք պիտի չխնայենք արաբական եւ միջազգային աջակցութիւն ապահովելու Իսրայէլի` լիբանանեան հողերէն հեռանալու եւ յարձակումները դադրեցնելու ճնշում բանեցնելու համար», նշեց ան:

Սալամ ըսաւ. «Յիշեցէ՛ք, թէ մեր կառավարութիւնը հաշուուած ամիսներ ու կեանք ունի տակաւին եւ ոչ թէ շարք մը տարիներու»:

«Սուրիացի գաղթականներուն տունդարձի ամբողջական ծրագիր մշակեցինք եւ զայն անվտանգ ու տեւական կոչեցինք», աւելցուց ան` նշելով. «Հանրապետութեան նախագահի երդումի ճառին եւ կառավարութեան աշխատանքի ծրագիրին մէջ նշուածը միայն մտադրութեան յայտարարութիւն չէ, այլ յանձնառութիւն եւ աներկփայելի որոշում, որմէ ետդարձ չկայ»:

Ինչ կը վերաբերի նշանակումներուն, վարչապետը յայտնեց. «Պետական պաշտօններու թեկնածուներուն անունները ճշդեցինք ատակութեան, մրցակցութեան եւ քրիստոնեայ-իսլամ հաւասարութեան յարգման հիմամբ»:

«Կառավարութիւնը իր աչքին առջեւ դրած է դրամատուներուն մէջ պահ դրուած գումարներու սեփականատէրերուն իրաւունքները` իբրեւ բացարձակ առաջնահերթութիւն, եւ առաջին օրէն իսկ կը գիտակցէր, թէ անոնց իրաւունքներու ձեռքբերումը կը պահանջէ դրամատնային մարզին մէջ թափանցիկութիւն եւ կարգ ու կանոն մտցնել», նշեց ան:

Վարչապետ Սալամ նաեւ հաղորդեց. «Կառավարութիւնը կը քննարկէ կազի վրայ գործող ելեկտրականութեան կայաններ ստեղծելու համաձայնութիւններ ստորագրելու կարելիութիւնը»:

Վարչապետի խօսքի աւարտէն ետք, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլ պահանջեց կառավարութեան նկատմամբ վստահութեան հարցին շուրջ քուէարկութիւն կատարել: Լիբանանեան ուժեր կուսակցութենէն Ժորժ Ատուան զօրակցեցաւ առաջարկին` «կառավարութեան նկատմամբ վստահութիւնը վերանորոգելու համար»:

Խորհրդարանը կառավարութեան նկատմամբ իր վստահութիւնը վերանորոգեց 69 թեր, 9 դէմ եւ 4 ձեռնպահ քուէներով:

 

Նախորդը

Թերզեան. «Կեդրոնական Դրամատան Փոխկառավարիչները Նշանակուեցան Առանց Մեզ Տեղեակ Պահելու. Կը Պահանջենք Նշանակման Համար Օգտագործուած Մեքանիզմը Իմանալ»

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (17 Յուլիս 2025)

RelatedPosts

Ակնարկ.  Շարմ Շէյխի Հրաւիրեալները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Շարմ Շէյխի Հրաւիրեալները

Հոկտեմբեր 14, 2025
Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով`  «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին»  Յայտարարեց Թրամփ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով` «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին» Յայտարարեց Թրամփ

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?