Շիիներու իսլամական գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպ յայտնած է. «Շիիները իրենց պատմութեան ընթացքին սեփական քաղաքական ծրագիր չեն ունեցած, այլ միշտ ջատագովը եղած են ազգային, արաբական եւ իսլամական միասնականութեան` իսլամ ազգը միաւորելու այն ամէն ինչի շուրջ, որ անոր բարիքը եւ շահերը կ՛ապահովէ: Անոնք երբեք ոեւէ մէկու դէմ պատերազմ չեն յայտարարած, այլ միշտ ալ պաշտպանողական դիրքի վրայ եղած են»:
Լիբանանի եւ շրջանին մէջ, մասնաւորաբար Սուրիոյ մէջ վերջին զարգացումներուն անդրադառնալով շէյխ Խաթիպ ընդգծեց. «Այն, ինչ որ Սուրիոյ մէջ տեղի կ՛ունենայ, Սուրիոյ եւ շրջանին համար մեծ վտանգ է»:
«Սուրիոյ մէջ տագնապը անմիջական վտանգ կը ներկայացնէ, եւ իսրայէլացիին դէպքերուն բացայայտ միջամտութիւնը քարշելի շահագործում է, որ ամբողջ իսլամ ազգին եւ մասնաւորաբար սուրիացի եղբայրական ժողովուրդին բազմաթիւ վտանգներով կը սպառնայ», ըսաւ ան:
Շիիներու իսլամական գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահը Սուրիոյ դէպքերուն Լիբանանի վրայ ունենալիք ազդեցութեան նկատմամբ մտավախութիւն յայտնելով նշեց, որ բոլոր լիբանանցիները պէտք է արթուն ու զգուշ ըլլան, «եւ որդեգրեն կեցուածքներ, որոնք ազգային միասնականութիւնը կ՛ամրապնդեն` դիմակայելու համար բոլոր կարելիութիւնները, մասնաւորաբար շրջանին մէջ սիոնական գոյացութեան արկածախնդրութիւններուն եւ յարձակումներուն աջակցող Միացեալ Նահանգներու զօրակցութեամբ նոր քարտէսներու գծման մասին խօսակցութիւններուն ու սպրդումներուն լոյսին տակ»: