Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Պըրրի. «Քաղաքական Բաղադրիչի Մը Եւ Երկրի Մեծագոյն Համայնքներէն Մէկուն Հետ Հարցերը Այսպէս Չեն Կառավարուիր»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի յայտնեց. «Պահանջուածը չաճապարելն ու ամբողջ ուշադրութիւնը Իսրայէլին ու ամբողջ Լիբանանը թիրախաւորող անոր ծրագիրներուն դէմ դնելուն վրայ կեդրոնացնելն է»: Այս մասին հաղորդեց «Նահար» օրաթերթը: Պըրրի Իրանի Ազգային անվտանգութեան բարձրագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Լարիժանիի Լիբանան այցելութեան շուրջ բարձրացած աղմուկը այնքան ալ կարեւոր չնկատեց եւ ըսաւ. «Հանդարտեցէ՛ք եղբայրներ, Իրանը Լիբանանին բարեկամ պետութիւն է, եւ պիտի մնայ` մեկնելով շրջանին մեր...

Միւֆթի Քապալան. «Երկիրը Պատմական  Փորձութենէ Կ՛անցնի Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Սրբութիւն Սրբոց Է»

Շէյխ Քապալան. «Կանգնած Ենք Ազգային Տագնապներ Ստեղծող Կառավարական Անխոհեմ Ու Մակերեսային Գործելաոճի Առջեւ»

Ժաաֆարականներու միւֆթի շէյխ Ահմետ Քապալան հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Կանգնած ենք ազգային տագնապներ ստեղծող անխոհեմ ու մակերեսային գործելաոճի առջեւ: Պետութեան գործադիր ղեկավարութիւնը ձախող, անկարող ու աժան կերպով կը կառավարուի: Անոնց միակ մտահոգութիւնը պետութեան գլխաւոր պարտականութենէն, անոր կառոյցներէն եւ անոր ազգային ու ծառայողական ծրագիրներու բնոյթէն խուսափիլն է»: «Կառավարութիւնը այս առումով առանց առաստաղի տուն եւ թուղթէ ուժ է: Երկիրը այս կառավարութեան ներկայութեամբ...

Պայրամ. «Գերիշխանութեան Ներկայացուցիչը  Դիմադրութիւնն Է, Եւ Առանց Անոր Իսրայէլը  Հիմա Պաապտայի Եւ Պէյրութի Մէջ Կ՛ըլլար»

Պայրամ. «Գերիշխանութեան Ներկայացուցիչը Դիմադրութիւնն Է, Եւ Առանց Անոր Իսրայէլը Հիմա Պաապտայի Եւ Պէյրութի Մէջ Կ՛ըլլար»

Նախկին նախարար Մուսթաֆա Պայրամ Խըրպեթ Սըլմի մէջ Հըզպալլայի զինեալներէն մէկուն մեծարանքի ձեռնարկի ընթացքին յայտնեց. «Մեր լռութիւնը տկարութիւն չէ, այլ իմաստութիւն ունի, եւ մեր իմաստութիւնը մեզմէ կը պահանջէ համբերել: Համբերատար մարդը ճիշդ ձեւով կը գործէ, որովհետեւ ճիշդ ձեւով կը մտածէ: Մինչ զգացականութեամբ եւ հակազդեցութեան միջոցով չենք գործեր, կան կարմիր գիծեր, զորս ոչ ոքի արտօնուած է անցնիլ. անիկա մեր արժանապատուութիւնը, գոյութիւնն ու...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. «ԼԵՊԱՆՈՆ ՖԱՅԼԶ» կայքի տեղեկութեան համաձայն, Լեւոն ԺԴ. պապի Լիբանան այցելութեան թուականը որոշուած է: Եկեղեցական աղբիւրներ կայքին յայտնած են, թէ անիկա տեղի պիտի ունենայ յունուար 2026-ին` նշելով, որ Լիբանանի գտնուած զգայուն փուլին տեղի ունեցող այդ այցելութեան պատրաստութիւնները սկսած են: . ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ հեղինակութիւն մը քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին. «Իրանի Ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Լարիժանիի այցելութեան մէջ դրական կէտերն ու ժխտական...

Պըրրի. «Նախաձեռնութիւնս Կարելի Եղածին Չափ  Շուտ Նախագահի Ընտրութեան Ճամբան Կը Բանայ,  Եւ Գնդակը Բոլոր Կողմերուն Դաշտին Մէջ Է»

Պըրրի. «Կացութեան Լրջութիւնը Կը Պահանջէ, Որ Բոլորը Բարձրագոյն Աստիճանի Պատասխանատուութիւն Ցուցաբերեն»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի «Ժումհուրիա» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Կառավարութենէն հրաժարումը բացառուած է»: «Լիբանանի դիմագրաւած արտակարգ կացութեան լրջութիւնը կը պահանջէ, որ բոլորը բարձրագոյն աստիճանի պատասխանատուութիւն ցուցաբերեն», նշեց Պըրրի: Օրաթերթը կը գրէ. «Այս օրերուն Պըրրիի մտատանջութիւնը այն է, որ նորաստեղծ տագնապը իսրայէլացի թշնամիին փափաքած յարանուանական սադրանքին վերածուի, ուստի նախանձախնդիր էր քաղաքական հռետորաբանութիւնը վերահսկողութեան տակ պահելու»: «Այսպիսով շիի երկեակը այն տպաւորութիւնը...

Ըստ «Ճերուզալեմ «Փոսթ»-ի.  ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Վերջ Տալու  Կամ Լիբանանեան Բանակին Հետ Համակարգուած  Հեռացում Պարունակող Սահմանափակ Ժամանակով  Երկարաձգման Ամերիկեան-Իսրայէլեան Առաջարկ

Ըստ «Ճերուզալեմ «Փոսթ»-ի. ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Վերջ Տալու Կամ Լիբանանեան Բանակին Հետ Համակարգուած Հեռացում Պարունակող Սահմանափակ Ժամանակով Երկարաձգման Ամերիկեան-Իսրայէլեան Առաջարկ

Իսրայէլեան «Ճերուզալեմ Փոսթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Իսրայէլ եւ Միացեալ Նահանգներ առաջարկած են «ամբողջովին վերջ տալ» ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան կամ զայն ենթարկել «սահմանափակ երկարաձգում»-ի, որ կը ներառէ լիբանանեան բանակին հետ համակարգուած հեռացում մը: Դիւանագիտական լաւատեղեակ աղբիւր մը օրաթերթին յայտնած է, որ Իսրայէլ եւ Միացեալ Նահանգներ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին փոխանցած են, թէ ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան մեքենայական երկարաձգման կ՛ընդդիմանան եւ կը պահանջեն վերստին գնահատել անոր...

Համատէ. «Նոյնիսկ Եթէ Փորձեն Զէնքէն  Օրինականութիւնը Խլել, Ապա Կը Սխալին,  Մենք Ու Բանակը Ոսկեայ  Հաւասարակշռութեան Մէջ Զոյգ Ենք»

Համատէ. «Նոյնիսկ Եթէ Փորձեն Զէնքէն Օրինականութիւնը Խլել, Ապա Կը Սխալին, Մենք Ու Բանակը Ոսկեայ Հաւասարակշռութեան Մէջ Զոյգ Ենք»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Իհապ Համատէ յայտնեց. «Հաստատօրէն կը մնանք մեր խոստումին վրայ եւ Քարպալային ու Հիւսէյնին  նկատմամբ մեր պատկանելիութեան վրայ: Քաղաքական դիրքորոշման մէջ մենք Լիբանանի եւ այս աշխարհի վրայ ամէն Եզիտի կ՛ըսենք, որ եթէ այդ ժամանակուան Եզիտը կրցաւ Հիւսէյնէն եւ Քարպալայի բոլոր նահատակներէն զէնք մը խլել նախքան անոնց կեանքը խլելը, ապա պիտի կարենայ մեզմէ դանակ մը, ասեղ մը...

Սէյիտ. «Կը Նախատեսեմ, Որ Լիբանանի Մէջ  Կամ Անկէ Դուրս Անբնական Բան Մը Պատահի,  Որպէսզի Իրավիճակը Իր Բնական Կացութեան Վերադառնայ»

Սէյիտ. «Կը Նախատեսեմ, Որ Լիբանանի Մէջ Կամ Անկէ Դուրս Անբնական Բան Մը Պատահի, Որպէսզի Իրավիճակը Իր Բնական Կացութեան Վերադառնայ»

Երեսփոխան Ժեմիլ Սէյիտ յայտարարեց. «Այն, ինչ որ այսօր աշխարհի եւ շրջանին մէջ, մասնաւորաբար Պաղեստինի, Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ տեղի կ՛ունենայ, բացարձակապէս անբնական է»: «Կը նախատեսեմ, որ Լիբանանի մէջ կամ անկէ դուրս անբնական բան մը պատահի, որպէսզի իրավիճակը անգամ մը եւս իր բնական կացութեան վերադառնայ: Աստուած օգնէ», աւելցուց Սէյիտ:    

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին. «Իշխանութեան երեք պետերուն միջեւ հաղորդակցութիւնները չեն դադրած, եւ անոնց միջեւ գոյութիւն ունեցող ուղղակի եւ անուղղակի խողովակները տակաւին բաց են: Երկկողմանի կամ նոյնիսկ եռակողմ հանդիպումները կրնան անհրաժեշտ ըլլալու պարագային որեւէ պահու գումարուիլ»: . «ԱՍԱՍ»-ի տեղեկութեան համաձայն, «Պաապտայի պալատը կը փորձէ կապ հաստատել Հըզպալլայի հետ, սակայն պատասխան չի ստանար, սակայն նախագահական պալատին եւ Այն Թինէի միջեւ հաղորդակցութիւնը...

Լիբանան Այցելութեան Նախօրեակին.  Լարիժանի. «Լիբանանի Մէջ Ազգային Միասնականութիւնը  Չափազանց Կարեւոր Է, Եւ Պէտք Է Զայն Ամէն  Պարագայի Մէջ Պահպանել»

Լիբանան Այցելութեան Նախօրեակին. Լարիժանի. «Լիբանանի Մէջ Ազգային Միասնականութիւնը Չափազանց Կարեւոր Է, Եւ Պէտք Է Զայն Ամէն Պարագայի Մէջ Պահպանել»

Իրանի Ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Լարիժանի Իրաք եւ Լիբանան իր այցելութեան նախօրեակին յայտնեց, որ իր շրջապտոյտի առաջին փուլը պիտի ըլլայ Իրաք: «Իրաքի հետ ապահովական համաձայնութիւն պատրաստեցինք, եւ ատիկա չափազանց կարեւոր հարց է, որովհետեւ Իրանի դրացիներուն հետ աշխատանքի հայեցակարգն ու ոճը հիմնականին մէջ հիմնուած են իրանցիներու անվտանգութեան վրայ, նաեւ հետաքրքրուելով դրացիներու անվտանգութեամբ, ի տարբերութիւն պետութիւններու, որոնք անվտանգութիւնը իրենցմով կը...

Թեհրան. «Կը Զօրակցինք Լիբանանի  Ինքնապաշտպանութեան Իրաւունքին Եւ Կը Հաւատանք,  Թէ Այդ Հարցերուն Վերաբերեալ  Որոշումները Ներքին Հարց Են»

Թեհրան. «Կը Զօրակցինք Լիբանանի Ինքնապաշտպանութեան Իրաւունքին Եւ Կը Հաւատանք, Թէ Այդ Հարցերուն Վերաբերեալ Որոշումները Ներքին Հարց Են»

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայիլ Պաղայի նշեց. «Իրան կը զօրակցի Իսրայէլի դիմաց ինքզինք պաշտպանելու իրաւունքին»` աւելցնելով, որ այդ իրաւունքը կարելի չէ առանց զինման ու զինուորական կարողութիւններ ունենալու, «եւ կը հաւատանք, թէ այս խնդիրները լիբանանեան ներքին հարց են, եւ այս երկրի ժողովուրդը, լիբանանեան հասարակութեան բաղադրիչ տարբեր մասերով, պէտք է իրաւական եւ որդեգրուած քայլերով ճշդէ իր ազգային շահերը եւ այդ հիմամբ...

Պայրագտարեան Մարմնակրթական  Պետական Կառոյցներ Այցելեց

Պայրագտարեան Մարմնակրթական Պետական Կառոյցներ Այցելեց

Երիտասարդութեան ու մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան երէկ այցելեց մարմնակրթութեան, երիտասարդութեան եւ սկաուտական կառոյցներու պետական հաստատութեան պատկանող կառոյցներ, նախ եւ առաջ հիւսիսի մէջ ողիմպիական մարզադաշտ, ուր ծանօթացաւ անոր կացութեան: Ան նաեւ այցելեց Մինայի մէջ «Ռաֆիք Հարիրի» փակ սրահ եւ ծանօթացաւ անոր տարբեր բաժիններուն, կացութեան, կարիքներուն եւ դիմագրաւած դժուարութիւններուն: «Սրահի կացութիւնը առնուազն ընդունելի է շնորհիւ աշխատանք տանողներու ջանքերուն, սակայն ողիմպիական դաշտի...

Համատէ. «Կառավարութիւնը Մինչեւ Ընտրութիւններ  Պիտի Չգոյատեւէ. Ժողովուրդը Զայն Պիտի Տապալէ»

Համատէ. «Կառավարութիւնը Մինչեւ Ընտրութիւններ Պիտի Չգոյատեւէ. Ժողովուրդը Զայն Պիտի Տապալէ»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Իհապ Համատէ յայտնեց. «Այն, ինչ որ կառավարութիւնը կատարեց, Ազգային ուխտի ոտնահարում է, եւ ժողովուրդը զայն պիտի տապալէ, եւ մինչեւ յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի չգոյատեւէ»: «Հաւատարիմ մարդոց կը խոստանամ, թէ Դիմադրութիւնը իր զինանոցէն ոչ իսկ ասեղ մը պիտի յանձնէ, եւ այս ծրագիրը պիտի ձախողի», նշեց երեսփոխանը: Իհապ Համատէ այս մասին յայտարարեց Ռիաքի մէջ սկաուտական բանակավայրին մէջ...

Արսլան Կոչ Կ՛ուղղէ Սուէյտայի Հիւանդանոցի  Ջարդին Հեղինակները Դամասկոսի Մարժէ  Հրապարակին Վրայ Մահապատիժի Ենթարկելու

Արսլան Կոչ Կ՛ուղղէ Սուէյտայի Հիւանդանոցի Ջարդին Հեղինակները Դամասկոսի Մարժէ Հրապարակին Վրայ Մահապատիժի Ենթարկելու

Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Թալալ Արսլան հրապարակեց Սուէյտայի հիւանդանոցին մէջ այսպէս կոչուած Դամասկոսի մէջ իշխող իշխանութեան կողմէ գործուած ջարդին տեսերիզը եւ ըսաւ. «Սուէյտայի հիւանդանոցին մէջ գործուած ջարդին վերաբերեալ տեսերիզը ստացայ: Գարշելի տեսարան մը, որ արտացոլումն է այսպէս կոչուած ընդհանուր ապահովութեան անդամներու գործած բարբարոսութեան, որ կու գայ աւելնալու այն ահաւոր ոճիրներուն, զորս կը գործեն սուրիական հայրենիքի զաւակներուն դէմ` անկախ անոնց համայնքային...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. «ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթը կը գրէ. «Նախարարաց խորհուրդը, որ չորեքշաբթի օր ծառայողական օրակարգերու որդեգրման համար երկու նիստեր կը գումարէ, կը պատրաստուի երկու շաբաթ տեւողութեամբ ամառնային արձակուրդ առնելու, նախքան օգոստոսի աւարտին գումարելը ժողով մը` քննարկելու համար «զէնքի մենաշնորհ»-ի ծրագիրը, որ բանակի հրամանատարութիւնը կը պատրաստէ եւ որուն գործադրութիւնը կը նախատեսուի այս տարուան աւարտէն առաջ»: . ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթ. «Իշխանութեան երեք պետերուն միջեւ...

Լիբանանեան Բանակի Վեց Զինուորականներ  Զոհուեցան Հարաւային Լիբանանի Մէջ

Լիբանանեան Բանակի Վեց Զինուորականներ Զոհուեցան Հարաւային Լիբանանի Մէջ

Շաբաթ օր «Նաշրա» լրատուական կայքը լաւատեղեակ աղբիւր մը վկայակոչելով հաղորդեց, որ լիբանանեան բանակը պատերազմական զինամթերք կը վնասազերծէր դիրքի մը մէջ, որ նախապէս իսրայէլեան բանակին կողմէ թիրախաւորման ենթարկուած էր Հարաւային Լիբանանի ՄաԺտելզուն շրջանին մէջ, ինչ որ պատճառ դարձաւ այդ զինամթերքի մնացորդացի պայթումին եւ զինուորականներու շարքերուն մէջ զոհերու ու վիրաւորներու: Հաղորդուած տեղեկութիւններուն համաձայն, դիրքը, որ իսրայէլեան կործանիչներու հարուածներուն թիրախ դարձած էր, ոչ...

Բագրատունի. «Աստուած Պահապան  Լիբանանեան Բանակին»

Բագրատունի. «Աստուած Պահապան Լիբանանեան Բանակին»

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի շաբաթ օր «Աստուած պահապան լիբանանեան բանակին» խորագիրին ներքեւ իր դիմատետրեան էջին մէջ կատարեց հետեւեալ ցաւակցական գրառումը. «Խորին ցաւակցութիւն կը յայտնենք լիբանանեան բանակին` հրամանատարութիւն, սպաներ ու անհատներ, եւ հերոս նահատակներու ընտանիքներուն: Անոնք այսօր նահատակուեցան իրենց ազգային պարտականութիւնը կատարելու ընթացքին: Ողորմութիւն` նահատակներուն, եւ առողջութիւն` վիրաւորներուն:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի  Տեղեկատուական Գրասենեակ.  «Բանակը Անգամ Մը Եւս Արեան Տուրքը Կը Վճարէ»

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Տեղեկատուական Գրասենեակ. «Բանակը Անգամ Մը Եւս Արեան Տուրքը Կը Վճարէ»

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի տեղեկատուական գրասենեակը երէկ «Անգամ մը եւս բանակը արեան տուրքը կը վճարէ յանուն հայրենիքի, անոր ժողովուրդին, ապահովութեան եւ կայունութեան» խորագիրին ներքեւ հետեւեալ գրառումը տարածեց ՀՅԴ Լիբանանի կառոյցի ընկերային ցանցերու հարթակներուն վրայ. «Անգամ մը եւս բանակը արեան տուրքը կը վճարէ յանուն հայրենիքի, անոր ժողովուրդին, ապահովութեան եւ կայունութեան: Արժանապատուութեան, զոհաբերութեան եւ հաւատարմութեան հաստատութեան լաւագոյն զաւակներէն նոր փաղանգ մը բարձրացաւ...

Վելայաթի. «Իրան Հըզպալլայի Զինաթափման  Դէմ Է, Եւ Այս Ծրագիրը Արդիւնքի Պիտի Չհասնի»

Վելայաթի. «Իրան Հըզպալլայի Զինաթափման Դէմ Է, Եւ Այս Ծրագիրը Արդիւնքի Պիտի Չհասնի»

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի միջազգային հարցերու խորհրդական Ալի Աքպար Վելայաթի յայտարարեց. «Իրան Հըզպալլայի զինաթափման դէմ է, որովհետեւ միշտ ալ Լիբանանի ժողովուրդին ու անոր Դիմադրութեան աջակից եղած է, եւ ապագային եւս պիտի շարունակէ այդ աջակցութիւնը»: Վելայաթի իրանեան «Թասնիմ» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Ասիկա առաջին անգամը չէ, որ Լիբանանի մէջ ոմանք Հըզպալլան զինաթափելու հարցը կ՛արծարծեն, եւ ինչպէս նախապէս Լիբանանի նկատմամբ...

Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Ապահովութեան  Խորհուրդին Իսրայէլի Դէմ Բողոք Ներկայացուց

Լիբանանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Դատապարտէ Վելայաթիի Յայտարարութիւնները

Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտերկրի հարցերու նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով դատապարտեց «Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի խորհրդական Ալի Աքպար Վելայաթիի վերջին յայտարարութիւնները, որոնք բացայայտ եւ անընդունելի միջամտութիւն են Լիբանանի ներքին հարցերուն»: «Ասիկա իր տեսակին մէջ առաջին միջամտութիւնը չէ, որովհետեւ կարգ մը իրանցի բարձրաստիճան պաշտօնատարներ շարունակ կասկածելի կեցուածքներ կը յայտնեն լիբանանեան ներքին որոշումներուն նկատմամբ, որոնք Իրանի իսլամական հանրապետութեան ոչինչով կը վերաբերին: Լիբանանեան...

Page 101 of 986 1 … 100 101 102 … 986

Արխիւներ