Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Օգոստոս 12, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. «ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթը կը գրէ. «Նախարարաց խորհուրդը, որ չորեքշաբթի օր ծառայողական օրակարգերու որդեգրման համար երկու նիստեր կը գումարէ, կը պատրաստուի երկու շաբաթ տեւողութեամբ ամառնային արձակուրդ առնելու, նախքան օգոստոսի աւարտին գումարելը ժողով մը` քննարկելու համար «զէնքի մենաշնորհ»-ի ծրագիրը, որ բանակի հրամանատարութիւնը կը պատրաստէ եւ որուն գործադրութիւնը կը նախատեսուի այս տարուան աւարտէն առաջ»:

. ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթ. «Իշխանութեան երեք պետերուն միջեւ հաղորդակցութեան կապը չկտրուեցաւ, մանաւանդ խորհրդարանի նախագահ Պըրրիի` շիի երկեակին մէջ գլխաւոր գործընկերին հետ, եւ փոխհասկացողութիւն գոյացաւ շարունակելու կառավարութեան աշխատանքը եւ հաստատութիւնները զերծ պահելու քաղաքական տագնապէն»:

. ՆԱԽԱՐԱՐԱԿԱՆ աղբիւր մը «Տիար» օրաթերթին. «Կառավարութեան զէնքի մենաշնորհի վերաբերեալ որոշումէն ետդարձ չկայ, եւ մարտահրաւէրի խորքը պետութեան միջազգային ընտանիքի փափաքը դիմակայելու անկարողութեան մէջ չէ, այլ գործադրութեան մեքանիզմին մէջ»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Տիար» օրաթերթին. «ՖԻՆԻՒԼ-ի  առաքելութեան ՄԱԿ-ի 7-րդ յօդուածին հիմամբ վերանորոգումը մագլցողական քայլ կը նկատուի, մանաւանդ որ բանակը կարող է հարաւային Լիբանանի մէջ հարցերը ստանձնել, եւ եթէ վերանորոգում տեղի չունենայ, ապա իսրայէլեան յարձակումին առիթ պիտի ընծայուի»:

. ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ասաս»-ին. «Մենք ազգային բանակ ենք, կը գործադրենք այն, ինչ որ մեզմէ քաղաքական իշխանութիւնը կը պահանջէ հաստ կարմիր գիծով մը, որ ներքին բախումէն խուսափումն է, եւ բանակը պէտք չէ ներքաշել քաղաքական որեւէ վէճի կամ հաշուեյարդարներու մէջ»:

. ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ աղբիւր մը «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Զըպքին շրջանին մէջ զէնքի պահեստանոցի պայթումին շուրջ հետաքննութիւնը կը շարունակուի: ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը նախապէս քննած էին պահեստանոցը եւ անոր մասին տեղեակ պահած բանակ, եւ եթէ պահեստանոցին մէջ որեւէ կասկածելի բան ըլլար, ՖԻՆԻՒԼ-ը այդ մասին յայտնած կ՛ըլլար, նախքան զինուորներուն անոր պարունակութեան տեղափոխման սկսիլը»:

Աղբիւրը հաւանական կը նկատէ, որ «պայթումին պատճառը մարդկային սխալն է», եւ կը բացառէ պահեստանոցին մէջ աշխատող ուժին դիտաւորեալ թիրախաւորման վարկածը:

. ՍՈՒՐԻՈՅ սահմանամերձ Հաուշ Սէյիտ Ալի գիւղի բնակիչ մը սահմանին սուրիական կողմէն արձակուած կրակոցի հետեւանքով փամփուշտներ ստանալով փոխադրուեցաւ Հերմելի Ասի հիւանդանոց, ուր մահացաւ:

. ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայել, ընկերակցութեամբ կուսակցութեան երեսփոխաններ Սալիմ Սայեղի, Նետիմ Ժեմայելի եւ Էլիաս Հանքաշի, այցելեց վարչապետարան, ուր հանդիպում ունեցաւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի հետ:

Ժեմայել հանդիպումէն ետք յայտարարեց. «Կը մերժենք Իրանի բոլոր յայտարարութիւնները, ըլլայ այդ Խամենէիի խորհրդականին, արտաքին գործոց նախարարին, անոր տեղակալին կամ Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի պաշտօնատարներուն կողմէ յայտարարութիւնները: Անոնք բոլորն ալ կ՛ոտնակոխեն Լիբանանի գերիշխանութիւնը եւ յարձակում կը գործեն լիբանանեան պետութեան որոշումին վրայ, եւ մենք ամբողջովին կը մերժենք այս յայտարարութիւնները: Իրան պէտք է յարգէ Լիբանանի որոշումը, գերիշխանութիւնն ու շահերը»:

. ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ շեշտեց. «Կառավարութիւնը պէտք է լրջօրէն մտածէ Արաբական լիկային եւ Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդին Լիբանանի դէմ իրանեան վտանգի հարցը քննարկելու համար արտակարգ նիստեր գումարելու, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին ներկայացնելու բողոք, թէ Իրան Լիբանանը կը վտանգէ եւ անոր կը սպառնայ` հասնելով մինչեւ զինուորական ուղղակի միջամտութիւն կատարելու սպառնալիք»:

. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ բանակը երէկ առաւօտեան ժամը 3:30-ին հարաւային Լիբանանի Խիամ գիւղին մէջ կատարեց մեծ ականահարում մը, որուն ուժգին պայթումին ձայնը լսուեցաւ հարաւային Լիբանանի տարբեր շրջաններուն մէջ:

. ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ քաղաքական խորհուրդի փոխնախագահ Մահմուտ Քումաթի յայտարարեց. «Կառավարութիւնը հայրենիքը ծախեց»` աւելցնելով. «Լիբանանեան կառավարութիւնը պիտի չկարենայ Դիմադրութեան զէնքը հաւաքել»:

 

 

 

Նախորդը

Նեթանիահու Եւ Թրամփ Քննարկած Են Կազայի Վրայ Իսրայէլեան Յարձակումի Ծրագիրները

Յաջորդը

Արսլան Կոչ Կ՛ուղղէ Սուէյտայի Հիւանդանոցի Ջարդին Հեղինակները Դամասկոսի Մարժէ Հրապարակին Վրայ Մահապատիժի Ենթարկելու

RelatedPosts

Պըրրի. «Հակառակ Զինադադարի Համաձայնութեան  Գործադրութեան Համար Ամերիկեան Միջնորդութեան,  Մեզի Համար Անակնկալ Է, Որ Հակադիր Ջանքեր  Գոյութիւն Ունին` ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Վերջ Տալու»
Գլխաւոր լուրեր

Պըրրի. «Հակառակ Զինադադարի Համաձայնութեան Գործադրութեան Համար Ամերիկեան Միջնորդութեան, Մեզի Համար Անակնկալ Է, Որ Հակադիր Ջանքեր Գոյութիւն Ունին` ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Վերջ Տալու»

Օգոստոս 21, 2025
Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը` Հակադարձելով  Իսրայէլեան Պնդումներուն.  «Ռաժժին Պրիւքսելի Մէջ Իսրայէլի Արտաքին  Գործոց Նախարարին Հետ Հանդիպում Չունեցաւ,  Այլ Ընդլայնուած Նիստի Մասնակցեցաւ»
Լիբանանեան

Ռաժժի. «Շիի Համայնքը Հըզպալլայի Մօտ Պատանդ Է, Եւ Քաղաքացիական Պատերազմի Մասին Խօսողը Զայն Յառաջացնելու Մտադրութիւնը Ունի»

Օգոստոս 21, 2025
Ռայի Պատրիարք. «Հըզպալլան  Դիմադրութիւնը Զրկեց Իր Իսկական Իմաստէն»
Լիբանանեան

Ռայի Պատրիարք. «Հըզպալլան Դիմադրութիւնը Զրկեց Իր Իսկական Իմաստէն»

Օգոստոս 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?