Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արսլան Կոչ Կ՛ուղղէ Սուէյտայի Հիւանդանոցի Ջարդին Հեղինակները Դամասկոսի Մարժէ Հրապարակին Վրայ Մահապատիժի Ենթարկելու

Օգոստոս 12, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Թալալ Արսլան հրապարակեց Սուէյտայի հիւանդանոցին մէջ այսպէս կոչուած Դամասկոսի մէջ իշխող իշխանութեան կողմէ գործուած ջարդին տեսերիզը եւ ըսաւ. «Սուէյտայի հիւանդանոցին մէջ գործուած ջարդին վերաբերեալ տեսերիզը ստացայ: Գարշելի տեսարան մը, որ արտացոլումն է այսպէս կոչուած ընդհանուր ապահովութեան անդամներու գործած բարբարոսութեան, որ կու գայ աւելնալու այն ահաւոր ոճիրներուն, զորս կը գործեն սուրիական հայրենիքի զաւակներուն դէմ` անկախ անոնց համայնքային կամ ազգային պատկանելիութենէն»:

«Ասիկա անգամ մը եւս կը հաստատէ, որ անոնք կը ներկայացնեն խմբաւորում մը, որ մարդկութեան կամ մարդկայնութեան հետ որեւէ կապ չունի», ըսաւ Արսլան` շեշտելով. «Անոնք պէտք է ամբողջ աշխարհի աչքին առջեւ հաշուետուութեան ենթարկուին, եւ եթէ Սուրիան պէտք է իր բոլոր կողմերով ու բազմազանութեամբ միացեալ մնայ, ապա անոնք պէտք է Դամասկոսի Մարժէ հրապարակին վրայ, սուրիական, արաբական, իսլամական եւ միջազգային հանրային կարծիքին առջեւ մահապատիժի ենթարկուին, որպէսզի ուրիշներուն դաս ըլլան»:

«Եթէ անոնք հաշուետուութեան չենթարկուին, ապա Սուրիոյ մէջ հարցերը դէպի յաւելեալ վատթարացում եւ արիւնահեղութիւն կ՛ուղղուին, ինչ որ վերջնականապէս վերջ պիտի տայ այն յոյսերուն, թէ Սուրիան մէկ ու միացեալ պիտի մնայ», յայտնեց Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավարը:

«Իւրաքանչիւր օր որ կ՛անցնի, այս բարբարոս արարքներէն անմեղ եղող սուրիական բաղադրիչ մասերուն միջեւ ատելութիւններն ու վրէժխնդրութիւնները կ՛աճին, եւ երկիրը մուտք պիտի գործէ անծանօթ փապուղի ու երկար հոլովոյթ, որ վերջ պիտի տայ աւելի լաւ ապագայի նկատմամբ մնացած յոյսի նշոյլին», նշեց Արսլան:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Համատէ. «Կառավարութիւնը Մինչեւ Ընտրութիւններ Պիտի Չգոյատեւէ. Ժողովուրդը Զայն Պիտի Տապալէ»

RelatedPosts

Նախագահ Աունին Յղած Իր Նամակին Մէջ.  Մաքրոն. «Վճռակամ Ենք Բանակի Աջակցութեան Եւ Լիբանանի Վերականգնման Երկու Խորհրդաժողովները Կազմակերպելու»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունին Յղած Իր Նամակին Մէջ. Մաքրոն. «Վճռակամ Ենք Բանակի Աջակցութեան Եւ Լիբանանի Վերականգնման Երկու Խորհրդաժողովները Կազմակերպելու»

Հոկտեմբեր 15, 2025
Իզզէտտին. «Պատերազմը Բաց Է Բոլոր Կարելիութիւններուն Վրայ»
Լիբանանեան

Իզզէտտին. «Պատերազմը Բաց Է Բոլոր Կարելիութիւններուն Վրայ»

Հոկտեմբեր 15, 2025
ՖԻՆԻՒԼ. «Խաղաղապահ Ուժերու 25 Առ Հարիւրով Կրճատումը Հարաւային Լիբանանի Մէջ Գործող Առաքելութիւնը Կը Դնէ Մեծ Մարտահրաւէրներու Առջեւ»
Լիբանանեան

ՖԻՆԻՒԼ. «Խաղաղապահ Ուժերու 25 Առ Հարիւրով Կրճատումը Հարաւային Լիբանանի Մէջ Գործող Առաքելութիւնը Կը Դնէ Մեծ Մարտահրաւէրներու Առջեւ»

Հոկտեմբեր 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?