Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Բանակի Վեց Զինուորականներ Զոհուեցան Հարաւային Լիբանանի Մէջ

Օգոստոս 11, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ օր «Նաշրա» լրատուական կայքը լաւատեղեակ աղբիւր մը վկայակոչելով հաղորդեց, որ լիբանանեան բանակը պատերազմական զինամթերք կը վնասազերծէր դիրքի մը մէջ, որ նախապէս իսրայէլեան բանակին կողմէ թիրախաւորման ենթարկուած էր Հարաւային Լիբանանի ՄաԺտելզուն շրջանին մէջ, ինչ որ պատճառ դարձաւ այդ զինամթերքի մնացորդացի պայթումին եւ զինուորականներու շարքերուն մէջ զոհերու ու վիրաւորներու:

Հաղորդուած տեղեկութիւններուն համաձայն, դիրքը, որ իսրայէլեան կործանիչներու հարուածներուն թիրախ դարձած էր, ոչ ոք մուտք գործած էր` վախնալով զինամթերքի մնացորդներուն պայթումէն, մինչեւ որ բանակի ճարտարագիտական զօրամասի եւ սակրաւորներու խումբերը մտան:

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ բանակի հրամանատար զօր. Ռուտոլֆ Հայքալի հետ եւ անկէ տեղեակ պահուեցաւ Սուրի նահանգին մէջ գտնուող Մաժտելզուն-Զըպքինի հովիտ շրջանին մէջ տեղի ունեցած ցաւալի դէպքին մասին, որուն պատճառով արձանագրուեցան բանակային զոհեր եւ վիրաւորներ:

Հանրապետութեան նախագահը ցաւակցութիւն յայտնեց լիբանանեան բանակին եւ զոհուած բանակայիններու ընտանեկան պարագաներուն, ինչպէս նաեւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց վիրաւորներուն:

Նախագահ Աուն այս առիթով ըսաւ, որ «այսօր հայրենիքը կորսնցուց ընտրանի մը, իր լաւագոյն զաւակներէն, որոնք անաղարտ հոգիները զոհաբերեցին պաշտպանելու համար Լիբանանի հողը եւ գերիշխանութիւնը: Այդ նահատակները իրենց անբիծ արիւնով մարմնաւորեցին զոհաբերութեան վեհագոյն իմաստները եւ հաստատեցին, որ լիբանանեան բանակը կը մնայ հայրենիքի վահանը եւ անոր սահմաններուն հաւատարիմ պահապանը»:

Հանրապետութեան նախագահը աւելցուց. «Կ՛ողջունեմ այդ հերոս նահատակներուն մէջ հաւատարմութեան եւ զոհաբերութեան ոգին, կը գնահատեմ անոնց հսկայական զոհողութիւնները, զորս չզլացան յանուն Լիբանանի ապահովութեան եւ կայունութեան, ինչպէս նաեւ կը հաստատեմ, որ անոնց նահատակութիւնը վերջը չէ, այլ յոյսի շահ է, որ կը լուսաւորէ իրերայաջորդ սերունդներուն ճամբան եւ անոնց կը յիշեցնէ, որ հայրենիքի ազատութիւնը կ՛երաշխաւորուի միայն հսկայական զոհողութիւններով»:

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ իր կարգին ցաւակցական յայտարարութիւն մը կատարելով նշեց, որ «խոր ցաւով Լիբանան կը գուժէ նահատակութիւնը իր հերոսական բանակի զաւակներուն, որոնք զոհուեցան հարաւային Լիբանանի մէջ` իրենց ազգային պարտականութիւնը կատարելու ընթացքին: Ամբողջ Լիբանանը, պետութիւն եւ ժողովուրդ, յարգանքով կը խոնարհի անոնց զոհողութիւններուն եւ անբիծ արեան առջեւ, որ կը վերահաստատէ, որ մեր բանակը գերիշխանութեան ամրոցն է եւ հայրենիքին ու օրինական հաստատութիւններուն միասնականութեան պահապանը: Աստուած մեր հերոսներուն հոգիները լուսաւորէ»:

Պաշտպանութեան նախարար Միշել Մնասսա հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ բանակի հրամանատարի տեղակալ հազարապետ զօրավար Հասսան Աուտէի հետ` ցաւակցութիւն յայտնելով պարտականութեան կատարման ճամբուն վրայ կարգ մը զինուորականներու նահատակութեան եւ ուրիշներու վիրաւորուելուն համար: Պաշտպանութեան նախարարը նկատել տուաւ, որ բանակի նահատակները միացան իրենցմէ առաջ նահատակուածներուն, որոնք իրենց անաղարտ արեամբ ոռոգեցին հարաւային Լիբանանի հողը:

Երէկ աւելի ուշ լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը յատուկ հաղորդագրութեամբ գուժեց 6 աստիճանաւոր զինուորականներու նահատակութիւնը: 6 զինուորականները հետեւեալներն են. Ապպաս Ֆաուզի Սալհապ, Ահմետ Ֆատի Ֆատել, Իպրահիմ Խալիլ Մուսթաֆա, Հատի Նասեր Պայ, Մոհամետ Ալի Շուքէյր եւ Եաման Հալլաք:

 

 

 

Նախորդը

Բագրատունի. «Աստուած Պահապան Լիբանանեան Բանակին»

Յաջորդը

Բրիտանիա. «Կը Շնորհաւորենք Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Ուաշինկթընի Մէջ Խաղաղութեան Ուղղութեամբ Ձեռնարկուած Համարձակ Քայլերուն Համար»

RelatedPosts

Ռուսիա – Ուքրանիա Հանդիպումը Պուտափեշթի,  Ժընեւի, Մինսքի Եւ Մոսկուայի Մէջ Կատարելու Առաջարկներ
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիա – Ուքրանիա Հանդիպումը Պուտափեշթի, Ժընեւի, Մինսքի Եւ Մոսկուայի Մէջ Կատարելու Առաջարկներ

Օգոստոս 21, 2025
Լաւրով. «Մոսկուան Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ  Ուքրանական Տագնապի Արմատական Պատճառներէն  Ձերբազատուելու Անհրաժեշտութեան Վերաբերեալ  Ամերիկեան Տեսլականին»
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով. «Մոսկուան Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ Ուքրանական Տագնապի Արմատական Պատճառներէն Ձերբազատուելու Անհրաժեշտութեան Վերաբերեալ Ամերիկեան Տեսլականին»

Օգոստոս 21, 2025
Ռուսական Բանակը Ուքրանիոյ  Արեւելքին Մէջ Երեք Գիւղեր Գրաւեց
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսական Բանակը Ուքրանիոյ Արեւելքին Մէջ Երեք Գիւղեր Գրաւեց

Օգոստոս 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?