ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի տեղեկատուական գրասենեակը երէկ «Անգամ մը եւս բանակը արեան տուրքը կը վճարէ յանուն հայրենիքի, անոր ժողովուրդին, ապահովութեան եւ կայունութեան» խորագիրին ներքեւ հետեւեալ գրառումը տարածեց ՀՅԴ Լիբանանի կառոյցի ընկերային ցանցերու հարթակներուն վրայ.
«Անգամ մը եւս բանակը արեան տուրքը կը վճարէ յանուն հայրենիքի, անոր ժողովուրդին, ապահովութեան եւ կայունութեան: Արժանապատուութեան, զոհաբերութեան եւ հաւատարմութեան հաստատութեան լաւագոյն զաւակներէն նոր փաղանգ մը բարձրացաւ իր Տիրոջ մօտ: Խորին ցաւակցութիւն բանակին, ժողովուրդին եւ նահատակներու ընտանեկան պարագաներուն: Աստուած անոնց համբերութիւն շնորհէ, իսկ վիրաւորներուն` շուտափոյթ ապաքինում»: