. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին. «Իշխանութեան երեք պետերուն միջեւ հաղորդակցութիւնները չեն դադրած, եւ անոնց միջեւ գոյութիւն ունեցող ուղղակի եւ անուղղակի խողովակները տակաւին բաց են: Երկկողմանի կամ նոյնիսկ եռակողմ հանդիպումները կրնան անհրաժեշտ ըլլալու պարագային որեւէ պահու գումարուիլ»:
. «ԱՍԱՍ»-ի տեղեկութեան համաձայն, «Պաապտայի պալատը կը փորձէ կապ հաստատել Հըզպալլայի հետ, սակայն պատասխան չի ստանար, սակայն նախագահական պալատին եւ Այն Թինէի միջեւ հաղորդակցութիւնը երկուշաբթի օր վերականգնեցաւ»:
. «ԱՆՊԱ ԷԼԵՔԹՐՈՆԻԱ» կը գրէ. «Նախագահ Աուն ամերիկացի պատուիրակ Պարրաքէն Իսրայէլի փաստաթուղթը գործադրել պարտադրող երաշխիքներու պահանջին վրայ կը պնդէ»:
. ՆԱԽԱՐԱՐԱԿԱՆ շրջանակներ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Պետութիւնը բազկամարտի մէջ մտաւ Հըզպալլայի հետ, որ ցնոր տնօրինութիւն Իրանէն բացայայտ աջակցութիւն կը վայելէ»:
. ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ մօտիկ աղբիւրները «Ասաս»-ին. «Կուսակցութիւնը կը վերարժեւորէ բոլոր տուեալները յառաջիկայ շաբաթներուն անոնց վրայ հիմնուած գործելու համար: Ռաատի խօսքը ամբողջովին յստակ էր որդեգրուած երկու որոշումները չհրապարակուած նկատելու տեսակէտէն»:
. ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ մօտիկ աղբիւրներ «Ասաս»-ին. «Զէնքի Իսրայէլին յանձնում չկայ, ոչ ալ ճանաչում զէնքի մենաշնորհման վերաբերեալ որոշումներուն, ո՛չ ալ անոնց քննարկում, մինչեւ որ Իսրայէլ զինադադարի համաձայնութեան կէտերը գործադրէ»:
. ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթի տեղեկութիւններուն համաձայն, «ներկայ փուլին պահանջուածը զայրոյթը կլանելն ու կացութիւնը ապահովական վերահսկողութեան տակ պահելն է, հակառակ կարգ մը սադրանքներու, որոնք կրնան անբաղձալի հետեւանքներու յանգեցնել»:
. «ՏԻԱՐ» օրաթերթ. «Ներքին ու արտաքին առնչակիցներուն իրանեան պատգամը պիտի ըլլայ յստակ, կտրուկ, խիստ ու աներկբայելի, թէ ան որ կը կարծէ, թէ կրնայ Դիմադրութիւնը մեկուսացնել, խիստ կը սխալի, որովհետեւ անոր նկատմամբ Թեհրանի աջակցութենէն ետդարձ չկայ»:
. ԸՍՏ «Ախպար» օրաթերթին, «բազմաթիւ փաստեր ցոյց կու տան, թէ սէուտցի պատուիրակ Եազիտ Պըն Ֆարհան իշխանը կը կանգնի երէկ Իրանի ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Լարիժանիի այցելութիւնը ջնջելու արշաւին ետին: Մինչ այդ երեւան եկաւ, որ այդ գաղափարը կը պատկանի վարչապետ Նաուաֆ Սալամին»:
«Ախպար» օրաթերթի տեղեկութեան համաձայն, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ ճնշում կը բանեցնէ վարչապետ Սալամի վրայ, որպէսզի հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունը համոզէ իրանցի պաշտօնատարը չընդունելու, բան մը, որ Աուն կը մերժէ` նկատի ունենալով, որ դիւանագիտական բոլոր կանոններու խախտում է: Նաեւ ի յայտ եկած է, թէ արտաքին գործոց նախարար Եուսեֆ Ռաժժի կը շարունակէ իր ներքին ու արտաքին հաղորդակցութիւնները` այցելութիւնը ջնջելու կամ Իրանին ստիպելու, որ ներում հայցէ Դիմադրութեան աջակցող իր վերջին յայտարարութիւններուն համար:
. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին կը յայտնեն. «Լարիժանիի Պէյրութ այցելութիւնը արգիլելու փորձը պիտի ըլլայ կացութիւնը պայթեցնող քայլ մը, որ պիտի արժանանայ այլ պատուիրակներու այցելութիւններուն դէմ ժողովրդային լայն հակազդեցութեան»:
. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Իրանի ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Լարիժանիի Պէյրութ այցելութիւնը Հըզպալլայի ուղղակի խնդրանքին հիմամբ է»:
. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին. «Իրանի Ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Լարիժանի Լիբանանի արտաքին գործոց նախարար Ռաժժիի հետ հանդիպում չխնդրեց, եւ Լիբանան պիտի այցելէ ու նոյն օրը հեռանայ` իշխանութեան երեք պետերուն եւ Հըզպալլայի ղեկավարութեան հետ հանդիպում ունենալէ ետք, եւ կը թուի, թէ կուսակցութիւնը անոր համար ժողովրդային ընդունելութիւն մը պիտի կազմակերպէ»:
. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» կը գրէ. «Նախարարաց խորհուրդի վաղը` չորեքշաբթի օր վարչապետարանին մէջ նախատեսուած ժողովը պիտի գումարուի շիի հինգ նախարարներուն մասնակցութեամբ, մանաւանդ որ նիստի օրակարգը սովորական է, եւ զէնքի հարցին կամ ամերիկացի պատուիրակ Պարրաքի Լիբանան սպասուող այցելութեան անդրադարձ պիտի չկատարուի»:
. ՍՈՒՐԻՈՅ արտաքին գործոց նախարարութիւնը «Էլ.Պի.Սի.»-ին` մեկնաբանելով ամերիկացի պատուիրակ Թամըս Պարրաքի փաստաթուղթին Սուրիոյ առնչուող կէտերը. «Լիբանանի հետ սահմանագծումն ու ապահովական համակարգումը կարեւորագոյն թղթածրարներէն են, որովհետեւ տնտեսական մեծ գործակցութեան կը յանգեցնեն»:
. 95 եւ 98 օքթան պենզինի գիները նուազեցան 4000 լ.ո.-ով եւ յաջորդաբար հասան 1.442.000 լ.ո.-ի եւ 1.482.000 լ.ո.-ի, մազութին գինը նուազեցաւ 16000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 1.364.000 լ.ո.-ի, իսկ պիւթակազինը նուազեցաւ 5000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 1.087.000 լ.ո.-ի:
. ԻՐԱՔԻ քարիւղի նախարարութիւն. «Թրիփոլիի նաւահանգիստին ճամբով քարիւղի արտածման կարելիութիւնը կը սերտենք»: