Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վելայաթի. «Իրան Հըզպալլայի Զինաթափման Դէմ Է, Եւ Այս Ծրագիրը Արդիւնքի Պիտի Չհասնի»

August 11, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի միջազգային հարցերու խորհրդական Ալի Աքպար Վելայաթի յայտարարեց. «Իրան Հըզպալլայի զինաթափման դէմ է, որովհետեւ միշտ ալ Լիբանանի ժողովուրդին ու անոր Դիմադրութեան աջակից եղած է, եւ ապագային եւս պիտի շարունակէ այդ աջակցութիւնը»:

Վելայաթի իրանեան «Թասնիմ» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Ասիկա առաջին անգամը չէ, որ Լիբանանի մէջ ոմանք Հըզպալլան զինաթափելու հարցը կ՛արծարծեն, եւ ինչպէս նախապէս Լիբանանի նկատմամբ թշնամական եղող այս ծրագիրները չյաջողեցան, այս անգամ եւս որեւէ արդիւնքի պիտի չհասնին, եւ Դիմադրութիւնը այս սադրանքներուն դիմաց տոկուն պիտի մնայ»:

«Լիբանանցի ժողովուրդին ու շրջանի ժողովուրդներուն իրաւունքն է հարց տալ` արդեօք լիբանանեան կառավարութիւնը հայրենիքն ու ժողովուրդը պաշտպանելու վերաբերեալ որեւէ մտատանջութիւն ունի՞, որ այսպիսի ծրագիրներ կ՛առաջադրէ: Եթէ Հըզպալլան իր զէնքէն հրաժարի, ո՞վ պիտի պաշտպանէ լիբանանցիներուն կեանքերը, կալուածներն ու պատիւը: Անցեալի փորձառութիւնները այս երկրի կարգ մը քաղաքագէտներուն համար բաւարար դաս չէի՞ն», հարց տուաւ Վելայաթի:

«Յորդորս է, որ Լիբանանի խելամիտները դէմ կանգնին զինաթափման ծրագիրը ղեկավարողներուն, այլապէս Դիմադրութիւնը անոր դէմ պիտի դնէ, եւ մենք այս Դիմադրութեան պիտի աջակցինք», նշեց Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի խորհրդականը:

 

Նախորդը

Լիբանանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Դատապարտէ Վելայաթիի Յայտարարութիւնները

Յաջորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Տեղեկատուական Գրասենեակ. «Բանակը Անգամ Մը Եւս Արեան Տուրքը Կը Վճարէ»

RelatedPosts

Ռուպիօ ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք  Այլընտրանքային Հսկողութեան  Մեքանիզմի Մասին Կը Խօսի
Լիբանանեան

Ռուպիօ ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Այլընտրանքային Հսկողութեան Մեքանիզմի Մասին Կը Խօսի

November 11, 2026
Ընդունելով Պաշտպանութեան Նախարարը`  Նախագահ Աուն. «Կոչ Կ՛ուղղենք  Լիբանանի Գերագոյն Շահերուն  Ոչ Համահունչ Պատճառներով Բանակը  Չթիրախաւորելու»
Լիբանանեան

Ընդունելով Պաշտպանութեան Նախարարը` Նախագահ Աուն. «Կոչ Կ՛ուղղենք Լիբանանի Գերագոյն Շահերուն Ոչ Համահունչ Պատճառներով Բանակը Չթիրախաւորելու»

November 11, 2026
Պասիլ Նախագահ Աունին Միջազգային  Ուժերուն Վերաբերեալ Առաջարկ Մը Յանձնեց
Լիբանանեան

Պասիլ Նախագահ Աունին Միջազգային Ուժերուն Վերաբերեալ Առաջարկ Մը Յանձնեց

November 11, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.