Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանան Այցելութեան Նախօրեակին. Լարիժանի. «Լիբանանի Մէջ Ազգային Միասնականութիւնը Չափազանց Կարեւոր Է, Եւ Պէտք Է Զայն Ամէն Պարագայի Մէջ Պահպանել»

August 12, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի Ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Լարիժանի Իրաք եւ Լիբանան իր այցելութեան նախօրեակին յայտնեց, որ իր շրջապտոյտի առաջին փուլը պիտի ըլլայ Իրաք:

«Իրաքի հետ ապահովական համաձայնութիւն պատրաստեցինք, եւ ատիկա չափազանց կարեւոր հարց է, որովհետեւ Իրանի դրացիներուն հետ աշխատանքի հայեցակարգն ու ոճը հիմնականին մէջ հիմնուած են իրանցիներու անվտանգութեան վրայ, նաեւ հետաքրքրուելով դրացիներու անվտանգութեամբ, ի տարբերութիւն պետութիւններու, որոնք անվտանգութիւնը իրենցմով կը սահմանափակեն եւ կ՛անտեսեն կամ կը վնասեն շրջանին մէջ այլ ժողովուրդներ վտանգելով», ըսաւ Լարիժանի` աւելցնելով, որ Իրաք իր այցելութեան ընթացքին այդ համաձայնութիւնը պիտի ստորագրուի:

Նշենք, որ Իրանի Ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղարը երէկ հասաւ Իրաք:

Լարիժանի նշեց, թէ իր շրջապտոյտի երկրորդ փուլը պիտի ըլլայ Լիբանանը` յայտնելով. «Լիբանանը շրջանին եւ արեւմտեան Ասիոյ մէջ կարեւոր ու ազդեցիկ պետութիւններէն է, եւ վաղուց անոր ժողովուրդին ու կառավարութեան հետ քաղաքակրթական եւ պատմական յարաբերութիւններ ունինք»:

«Իրանի ականաւոր եւ ազդեցիկ կրօնական հեղինակութիւններէն շատեր Լիբանանէն եկան, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ քաղաքակրթական հասարակաց արմատներ գոյութիւն ունին, ինչ որ լիբանանեան կառավարութեան եւ ժողովուրդին հետ մեր գործակցութիւնը կը դարձնէ աւելի ընդարձակ ու խոր, ինչպէս նաեւ շրջանային տարբեր հարցերու շուրջ իրարու հետ խորհրդակցութիւններ կան», ըսաւ ան:

Ինչ կը վերաբերի այս այցելութեան մէջ Իրանի որոշակի դիրքորոշումներուն, Լարիժանի շեշտեց. «Լիբանանի մէջ մեր դիրքորոշումը շատոնց ծանօթ է. մեր կարծիքով` Լիբանանի մէջ ազգային միասնականութիւնը չափազանց կարեւոր է, եւ պէտք է զայն բոլոր պայմաններուն մէջ պահպանել, ինչպէս նաեւ Լիբանանի գերիշխանութիւնն ու անկախութիւնը միշտ ալ մեր հետաքրքրութեան կեդրոնը եղած են: Երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրական յարաբերութիւններու ամրապնդումը նոյնպէս այն հարցերէն է, որոնցմով հետաքրքրուած ենք»:

Անդրադառնալով այս օրերուն Լիբանանի դիմագրաւած զգայուն պայմաններուն` Լարիժանի նշեց. «Լիբանան այս կացութիւններու դիմակայման երկար պատմութիւն ունի: Վերջերս սիոնական գոյացութեան դէմ բուռն ճակատում ունեցաւ, ինչպէս այդ գոյացութեան հետ մեր պարագան է: Ուստի այսպիսի երկխօսութիւնները միշտ ալ կրնան նպաստել շրջանին մէջ կայունութեան հաստատման»:

Լարիժանի Լիբանան պիտի այցելէ 13 օգոստոսին:

Նախորդը

Թեհրան. «Կը Զօրակցինք Լիբանանի Ինքնապաշտպանութեան Իրաւունքին Եւ Կը Հաւատանք, Թէ Այդ Հարցերուն Վերաբերեալ Որոշումները Ներքին Հարց Են»

Յաջորդը

Մաքրոն. «Յոյսով Եմ` Հայաստան-Ազրպէյճան Համաձայնագիրը Կրնայ Արագօրէն Յանգեցնել Իւրաքանչիւր Կողմի Շահերը Յարգող Խաղաղութեան Պայմանագիրի Ստորագրման Եւ Վաւերացման»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.