ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի շաբաթ օր «Աստուած պահապան լիբանանեան բանակին» խորագիրին ներքեւ իր դիմատետրեան էջին մէջ կատարեց հետեւեալ ցաւակցական գրառումը.
«Խորին ցաւակցութիւն կը յայտնենք լիբանանեան բանակին` հրամանատարութիւն, սպաներ ու անհատներ, եւ հերոս նահատակներու ընտանիքներուն: Անոնք այսօր նահատակուեցան իրենց ազգային պարտականութիւնը կատարելու ընթացքին: Ողորմութիւն` նահատակներուն, եւ առողջութիւն` վիրաւորներուն: