Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շէյխ Քապալան. «Կանգնած Ենք Ազգային Տագնապներ Ստեղծող Կառավարական Անխոհեմ Ու Մակերեսային Գործելաոճի Առջեւ»

Օգոստոս 14, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ժաաֆարականներու միւֆթի շէյխ Ահմետ Քապալան հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Կանգնած ենք ազգային տագնապներ ստեղծող անխոհեմ ու մակերեսային գործելաոճի առջեւ: Պետութեան գործադիր ղեկավարութիւնը ձախող, անկարող ու աժան կերպով կը կառավարուի: Անոնց միակ մտահոգութիւնը պետութեան գլխաւոր պարտականութենէն, անոր կառոյցներէն եւ անոր ազգային ու ծառայողական ծրագիրներու բնոյթէն խուսափիլն է»:

«Կառավարութիւնը այս առումով առանց առաստաղի տուն եւ թուղթէ ուժ է: Երկիրը այս կառավարութեան ներկայութեամբ անդամալուծուած է, հաշմուած է, խաւարի մէջ ընկղմած եւ ամբողջական անկարողութեան մատնուած», ըսաւ շէյխ Քապալան:

«Անիկա կառավարութիւն մըն է, որ չի գործեր եւ չ՛ուզեր գործել, այլ կ՛ուզէ ապրիլ արտաքին ողողման եւ ազգային սնանկացման մէջ: Այս կառավարութեան ամէնէն վտանգաւոր խնդիրը այն է, որ կոյր առաջնորդի դեր կը կատարէ: Անիկա օտարին համար կ՛աշխատի եւ ոչ թէ Լիբանանին, եւ ատիկա մեզ կը դնէ կառուցային յաւելեալ քայքայման ու քաղաքական պատեհապաշտութեան դիմաց, մինչ գոյութիւն ունի ատելութենէ, գերիշխանական ատելութենէ եւ Լիբանանի կարեւորագոյն կարողութիւններէն հրաժարելու ռազմավարութենէն խենթացած երգչախումբ մը», աւելցուց շէյխ Քապալան:

Ժաաֆարականներու միւֆթին խօսքը լիբանանցի ժողովուրդին ուղղելով յայտնեց. «Այս երկիրը մի՛ ձգէք չաշխատողին, որովհետեւ քաղաքական անձնատուութիւնը հայրենիքներու քանդման յոռեգոյն պատճառներէն է»:

 

Նախորդը

Պայրամ. «Գերիշխանութեան Ներկայացուցիչը Դիմադրութիւնն Է, Եւ Առանց Անոր Իսրայէլը Հիմա Պաապտայի Եւ Պէյրութի Մէջ Կ՛ըլլար»

Յաջորդը

Պըրրի. «Քաղաքական Բաղադրիչի Մը Եւ Երկրի Մեծագոյն Համայնքներէն Մէկուն Հետ Հարցերը Այսպէս Չեն Կառավարուիր»

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»

Օգոստոս 19, 2025
Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան Ու Կայունութեան  Ո՛չ Ներդրում Կայ, Ո՛չ Ալ` Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան Ու Կայունութեան Ո՛չ Ներդրում Կայ, Ո՛չ Ալ` Աճող Տնտեսութիւն»

Օգոստոս 19, 2025
Հաժ Հասան. «Ուաշինկթըն Մեզի Սպառնաց  Լիբանանը Պիլատ Շամին Կցելով, Եթէ Ամերիկեան  Փաստաթուղթը Չընդունինք»
Լիբանանեան

Հաժ Հասան. «Ուաշինկթըն Մեզի Սպառնաց Լիբանանը Պիլատ Շամին Կցելով, Եթէ Ամերիկեան Փաստաթուղթը Չընդունինք»

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?