Լիբանանեան

Պաքերի Քանի. «Հըզպալլան  Զինաթափելու Փորձը Պիտի Չյաջողի»

Պաքերի Քանի. «Հըզպալլան Զինաթափելու Փորձը Պիտի Չյաջողի»

Իրանեան արտաքին յարաբերութիւններու ռազմավարական խորհուրդի քարտուղար Ալի Պաքերի Քանի, մեկնաբանելով «Ամերիկայի եւ Իսրայէլի Հըզպալլան զինաթափելու ջանքերը», նշեց. «Այս ջանքերը որեւէ արդիւնքի պիտի չյանգին: Հըզպալլան ժողովուրդի կամքին վստահող ուժ է, եւ Լիբանանի ժողովուրդը լուռ պիտի չմնայ սիոնական յարձակումին ու բռնագրաւման նկատմամբ»: Ան իրանեան «Թասնիմ» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Լիբանանի մէջ Դիմադրութիւնը ստեղծուեցաւ սիոնական յարձակումին պատճառով, եւ քանի դեռ այդ...

Ռաժժի. «Որոշումը Պատմական, Վճռական Ու Վերջնական Էր, Եւ Անկէ Ետդարձ Չկայ»

Ռաժժի. «Որոշումը Պատմական, Վճռական Ու Վերջնական Էր, Եւ Անկէ Ետդարձ Չկայ»

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Եուսեֆ Ռաժժի անդրադառնալով 5 օգոստոսին նախարարաց խորհուրդի զէնքի մենաշնորհման վերաբերեալ որդեգրած որոշումին մէջ իր դերակատարութեան ըսաւ. «Կարելի է ըսել, թէ մէկ առ հարիւր էր»: «Կը սպասէի որդեգրումը որոշումի մը, որ «զէնքի յանձնում» բառակապակցութիւնը կը բովանդակէ փոխան «զէնքի մենաշնորհ»-ին: Ինչպէս նաեւ կը սպասէի, որ յստակօրէն նշէ, թէ այն ուժերը, որոնց արտօնուած չէ զէնք կրել,...

Պարրօ. «Ֆրանսա Կ՛ողջունէ Դէպի Ամբողջական Գերիշխանութիւն Եւ Ուժեղ Պետութեան Կառուցում Լիբանանի Քայլը»

Պարրօ. «Ֆրանսա Կ՛ողջունէ Դէպի Ամբողջական Գերիշխանութիւն Եւ Ուժեղ Պետութեան Կառուցում Լիբանանի Քայլը»

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Նոել Պարրօ յայտարարեց. «Ֆրանսա կ՛ողջունէ լիբանանեան կառավարութեան որդեգրած քաջարի եւ պատմական որոշումը ընթանալու դէպի ամբողջական գերիշխանութիւն, որ գերիշխանութիւնն է ուժեղ պետութեան մը, որ օրինական ուժի մենաշնորհը ունի, կարող է իր բոլոր բաղադրիչ մասերը պաշտպանել` վերակառուցելու պատերազմէն քանդուած երկիրը եւ լուծելու տնտեսական տագնապը, երաշխաւորելու իր դրացիներուն հետ համաձայնեցուած սահմաններու ներքեւ իր հողերու ամբողջականութիւնը»: «Լիբանանն ու լիբանանցիները...

Ուաշինկթըն. «Եթէ Սուրիական Վարչակարգը  Քիմիական Զէնք Օգտագործած  Ըլլայ, Պիտի Հակադարձենք»

Ուաշինկթըն Կ՛ողջունէ Լիբանանի Կառավարութեան Որոշումը

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Թամի Պրուս յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ կ՛ողջունեն լիբանանեան կառավարութեան` զէնքի մենաշնորհի իրագործման պարտականութիւնը լիբանանեան բանակին վստահելու որոշումը:  

Տնտեսական, Քաղաքական Եւ Ապրուստի Կենցաղային  Հրատապ Հարցերու Լոյսին Տակ Երկրի Վարիչները Կը Ջանան Փրկել Այն, Ինչ Որ Կարելի Է

«Կառավարութիւնը Զինադադարի Ամրապնդման Ամերիկեան Փաստաթուղթին Մէջ Նշուած Սկզբունքները Վաւերացուց» Կ՛ըսէ Նախագահական Պալատը

Նախագահական պալատը հինգշաբթի գիշեր յայտարարեց. «Լիբանանեան կառավարութիւնը Պաապտայի պալատին մէջ  հանրապետութեան նախագահ զօր. Ժոզեֆ Աունի գլխաւորութեամբ գումարուած նիստի ընթացքին որդեգրեց զինադադարի ամրապնդման ամերիկեան փաստաթուղթին մէջ նշուած սկզբունքները, զորս կառավարութիւնը վաւերացուց հետեւեալ ձեւով. 1.- Լիբանան կը գործադրէ «Թաէֆի համաձայնութիւն» անունով ծանօթ Ազգային համաձայնութեան փաստաթուղթը, Լիբանանի սահմանադրութիւնը, Ապահովութեան խորհուրդի որոշումները` նախ եւ առաջ թիւ 1701 որոշումը, եւ կ՛որդեգրէ անհրաժեշտ քայլերը` իր ամբողջական...

Նախագահ Աուն. «Կ՛ուզենք Աշխատիլ Տնտեսական Լուրջ Դիւանագիտութեան Վրայ, Որ Լիբանանցիներուն Առջեւ Կը Բանայ Աշխատանքի Եւ Ներդրումներու Դռները»

Նախագահ Աուն. «Կ՛ուզենք Աշխատիլ Տնտեսական Լուրջ Դիւանագիտութեան Վրայ, Որ Լիբանանցիներուն Առջեւ Կը Բանայ Աշխատանքի Եւ Ներդրումներու Դռները»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն Սփիւռքի տնտեսական 4-րդ խորհրդաժողովի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց. «Ոչ ոք կրնայ ժխտել, թէ ճամբան դժուար է, սակայն բարեկարգումը սկսաւ: Մենք յամառօրէն կ՛աշխատինք շարք մը բարեկարգումներու եւ օրէնքներու վրայ, որոնցմէ մէկ քանին հաստատուեցաւ եւ գործադրութեան սկսաւ, իսկ ուրիշներ վաւերացման ճամբուն վրայ են, մինչ թղթածրարներ տակաւին պատրաստութեան ու քննարկման ընթացքի մէջ են»: «Մեր շրջանը մեծ փոփոխութիւններու...

Պայրագտարեան Ընդունեց Երեսփոխան Ապու Ֆաուրը

Պայրագտարեան Ընդունեց Երեսփոխան Ապու Ֆաուրը

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան իր գրասենեակին մէջ ընդունեց նախկին նախարար, երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուրը: Նախարարը երեսփոխանին ներկայացուց այն ծրագիրները, որոնց նախարարութիւնը ձեռնարկած է կամ կը պատրաստուի գործադրելու երիտասարդութեան, սկաուտութեան եւ մարմնակրթութեան ոլորտներուն մէջ, մասնաւորաբար «Մարմնակրթութիւնը բոլորին համար» նախաձեռնութիւնը, որ ընթացք առաւ Սուր քաղաքէն եւ յառաջիկային պիտի շարունակուի Ճիւնիի, Ալէյի եւ Պէյրութի մէջ: Ապու Ֆաուր, որուն կ՛ընկերակցէր  Տահր...

Զէյն. «Նախարարաց Խորհուրդին Ներկայացուած Փաստաթուղթը Քաղաքական Աւելի Բարձր Մակարդակի Քննարկում Կը Պահանջէ»

Զէյն. «Նախարարաց Խորհուրդին Ներկայացուած Փաստաթուղթը Քաղաքական Աւելի Բարձր Մակարդակի Քննարկում Կը Պահանջէ»

Կենսոլորտի նախարար Թամարա Զէյն յայտնեց, որ նախարարաց խորհուրդին ներկայացուած համաձայնութեան վերջին տարազը համախոհութեան չարժանացաւ: Ան նշեց, որ այդ փաստաթուղթին կէտերը «Լիբանանի գերիշխանութեան կը վնասեն» եւ քաղաքական աւելի բարձր մակարդակի քննարկում կը պահանջեն` նկատի ունենալով, որ անիկա կը բովանդակէ կէտեր, որոնք բոլոր լիբանանցիներուն վրայ կ՛ազդեն: «Ոչ ոք անհեթեթ մեղադրանքներ թող հնչեցնէ: Մեր ընդդիմութիւնը օր մը իսկ լիբանանեան բանակին պարտականութիւն տալուն չէ...

Շըրրի. «Սալամի Կառավարութեան Հետ Երկխօսութեան Դուռը Տակաւին Բաց Է»

Շըրրի. «Սալամի Կառավարութեան Հետ Երկխօսութեան Դուռը Տակաւին Բաց Է»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ամին Շըրրի յայտնեց. «Կառավարութեան կատարածին հետ կը վարուինք քայլի դիմաց քայլ սկզբունքով, եւ մենք ամերիկեան փաստաթուղթին առարկեցինք, որովհետեւ Իսրայէլի նպատակները կ՛արտացոլէ»: «Այն, ինչ որ կառավարութիւնը կ՛ընէ, շտապողական քայլ մըն է, որ գերիշխանութիւնը չ՛ամրապնդեր, ո՛չ ալ հողը կ՛ազատագրէ: Մենք պաշտպանութեան ռազմավարութեան եւ ուժի գործօններու օգտագործման շուրջ լուրջ քննարկում կ՛ուզենք», նշեց Շըրրի: «Կառավարութիւնը պէտք է ամրապնդէ Լիբանանի...

Եազպեք. «Կառավարութեան Կոչ Կ՛ուղղենք` Վերջ Տալու Լիբանանի Մէջ Իրանի Միջամտութեան Եւ Ապահովութեան Խորհուրդին Անոր Դէմ Բողոք Ներկայացնելու»

Եազպեք. «Կառավարութեան Կոչ Կ՛ուղղենք` Վերջ Տալու Լիբանանի Մէջ Իրանի Միջամտութեան Եւ Ապահովութեան Խորհուրդին Անոր Դէմ Բողոք Ներկայացնելու»

Հզօր Հանրապետութիւն երեսփոխանական պլոքի անդամ Ղայաս Եազպեք «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեց, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի այն յայտարարութիւնը, թէ Հըզպալլան զինաթափելու լիբանանեան պետութեան որոշումը պիտի ձախողի, կը բացայայտէ Լիբանանի մէջ իրանեան խոր միջամտութիւնը: «Լիբանանի գերիշխանութեան դէմ այս յարձակումը համազօր է Լիբանանի դէմ իսրայէլեան յարձակումին», նշեց ան: «Կառավարութեան կոչ կ՛ուղղենք` վերջ տալու Լիբանանի հարցերուն Իրանի բացայայտ միջամտութեան եւ ՄԱԿ-ի...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

- ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ երէկ Պաապտայի պալատին մէջ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտարարեց. «Բոլոր կուսակցութիւնները յայտարարեցին, թէ անհրաժեշտ է զէնքը պետութեան մենաշնորհը դարձնել, եւ Հըզպալլան միակն է, որ այս միաձայնութենէն դուրս կը մնայ»: «Գործընկերութիւնը միայն օրէնքի նշաձողին, սահմանադրութեան եւ լիբանանցիներուն միջեւ հաւասարութեան տակ կրնայ իրականանալ», շեշտեց Ժեմայել: -  ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին. «Կառավարութեան...

Հակառակ Շիի Նախարարներու Նիստէն Դուրս Գալուն.  Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Ամերիկեան Փաստաթուղթի Նպատակներուն

Հակառակ Շիի Նախարարներու Նիստէն Դուրս Գալուն. Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Ամերիկեան Փաստաթուղթի Նպատակներուն

Նախարարաց խորհուրդը երէկ կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին Պաապտայի պալատին մէջ գումարեց ժողով մը: «Էն.Պի.Էն.» հաղորդեց, որ նախարարաց խորհուրդը կը քննարկէ ամերիկացի պատուիրակ Թամըս Պարրաքի փաստաթուղթին ընդհանուր նպատակները: Հըզպալլայի եւ Ամալ շարժումի նախարարները կտրուկ կերպով մերժելով քննարկել Պարրաքի փաստաթուղթը հեռացան նիստէն: Շատ չանցած շիի հինգերորդ նախարար Ֆատի Մաքքին եւս հեռացաւ նիստէն: Աշխատանքի նախարար Մոհամետ Հայտար յայտարարեց. «Կառավարութենէն հեռացանք, երբ Թամ Պարրաքի...

Նախագահ Աուն. «Զէնքի Մենաշնորհումը, Հակառակ Դժուարութիւններուն Ու Խոչընդոտներուն, Պիտի Իրականանայ»

Նախագահ Աուն. «Զէնքի Մենաշնորհումը, Հակառակ Դժուարութիւններուն Ու Խոչընդոտներուն, Պիտի Իրականանայ»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն յայտնեց. «Զէնքի մենաշնորհումը, հակառակ դժուարութիւններուն ու խոչընդոտներուն, պիտի իրականանայ, եւ կը սպասենք զէնքի մենաշնորհման վերաբերեալ լիբանանեան բանակի ծրագիրին` զայն քննարկելու եւ վաւերացնելու համար»: Ան երէկ այս մասին յայտարարեց «Արապիա» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին: «Պետութեան զէնքի մենաշնորհի իրականացումը Լիբանանի իրաւունքներուն եւ գերիշխանութեան չի վնասեր», նշեց նախագահը: «Կառավարութեան այսօրուան նիստը պիտի շարունակէ զէնքի մենաշնորհումը գործադրելու որոշումներու որդեգրումը,...

Շէյխ Խաթիպ. «Նախարարաց Խորհուրդի Վերջին Որոշումը Կը Վտանգէ Երկրի Գերիշխանութիւնն Ու Միասնականութիւնը»

Շէյխ Խաթիպ. «Նախարարաց Խորհուրդի Վերջին Որոշումը Կը Վտանգէ Երկրի Գերիշխանութիւնն Ու Միասնականութիւնը»

Շիիներու իսլամական գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպ յայտնեց. «Լիբանանեան ներկայ քաղաքական վարչակարգը ձախողեցաւ իրագործելու իր հիմնական նպատակները, որոնց գլխաւորը անկախ պետութիւն մը եւ միասնական ազգային հասարակութիւն կառուցելն է»: Շէյխ Խաթիպ նշեց, որ քաղաքական որեւէ համակարգ չի կրնար յաջողիլ առանց ընկերային միասնականութեան եւ պատկանելիութեան ու ճակատագիրի միացեալ զգացողութեան` լիբանանեան ներկայ վարչակարգը նմանցնելով «զինադադար»-ի համայնքներու միջեւ, որոնք կ՛ապրին առաջին վտանգի առջեւ...

«Հըզպալլան Զինաթափելու Ծրագիրը Ամերիկայի Եւ Իսրայէլի Կողմէ Ձախող Ծրագիր Մըն Է» Կ՛ըսէ «Քուտս» Զօրամասի Հրամանատարի Օգնականը

«Հըզպալլան Զինաթափելու Ծրագիրը Ամերիկայի Եւ Իսրայէլի Կողմէ Ձախող Ծրագիր Մըն Է» Կ՛ըսէ «Քուտս» Զօրամասի Հրամանատարի Օգնականը

Իրանի Յեղափոխութեան պահակագունդի «Քուտս» զօրամասի հրամանատարի համակարգումի հարցերով օգնական զօր. Այրաժ Մասժիտի նշեց. «Լիբանանի մէջ Հըզպալլան զինաթափելու ծրագիրը Ամերիկայի եւ սիոնական գոյացութեան կողմէ ձախող ծրագիր մըն է»: «Անոնք կը ջանան Լիբանանի մէջ Դիմադրութիւնը զինաթափել, սակայն այս երազը իրենց հետ պիտի թաղուի», աւելցուց ան: Իրանեան «Թասնիմ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ «Քուտս» զօրամասի հրամանատարին օգնականը ըսած է. «Դիմադրութեան զէնքը լիբանանցի ժողովուրդին իր...

Արաղչի. «Լիբանանեան Կառավարութեան Որդեգրած` Հըզպալլան Զինաթափելու Ծրագիրը Պիտի Ձախողի»

Արաղչի. «Լիբանանեան Կառավարութեան Որդեգրած` Հըզպալլան Զինաթափելու Ծրագիրը Պիտի Ձախողի»

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի յայտնեց, որ Հըզպալլան զինաթափելու փորձերը նորութիւն չեն եւ նախապէս ալ տեղի ունեցած են Դիմադրութեան զէնքին պատերազմի դաշտին վրայ յստակօրէն երեւցած ազդուութեան պատճառով: Ան նշեց. «Կարգ մը կողմեր, որոնք կը կարծեն, թէ Հըզպալլան տկարացած է կամ փխրուն դարձած, այս ծրագիրը վերստին առաջարկեցին, սակայն (Հըզպալլայի) ընդհանուր քարտուղարին յայտարարած վճռական դիրքորոշումը, ինչպէս նաեւ իր հրապարակած հաղորդագրութիւնը փաստեցին,...

Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Դատապարտէ Ժազանի Վրայ Գործուած Ահաբեկչական Յարձակումը …

Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. «Արաղչիի Յայտարարութիւնները Դատապարտելի Են, Լիբանանի Գերիշխանութեան Ոտնահարում Եւ Ներքին Գործերու Միջամտութիւն»

Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց. «Իրանի արտաքին գործոց նախարար պարոն Ապպաս Արաղչիի վերջին յայտարարութիւնները, որոնք Իսլամական հանրապետութեան որեւէ ձեւով չվերաբերող լիբանանեան ներքին հարցերու կ՛անդրադառնային, մերժելի ու դատապարտելի են, Լիբանանի գերիշխանութեան, միութեան ու կայունութեան ոտնահարում են, ինչպէս նաեւ անոր ներքին գործերուն ու գերիշխանական որոշումներուն միջամտութիւն կը նկատուին»: «Պետութիւններուն միջեւ յարաբերութիւնները միայն փոխադարձ յարգանքի եւ...

Պայրագտարեան Ընդունեց Ճիւնիի Քաղաքապետը

Պայրագտարեան Ընդունեց Ճիւնիի Քաղաքապետը

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Ճիւնիի քաղաքապետ Ֆայսալ Աֆրամը` ընկերակցութեամբ փոխքաղաքապետ Ռաշիտ Խազենի եւ «Ֆուատ Շեհապ» մարզադաշտի յանձնախումբի անդամ Էլի Շահինի: Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցաւ «Մարմնակրթութիւնը բոլորին համար» նախաձեռնութեան երկրորդ փուլը, որ 17 օգոստոսին տեղի պիտի ունենայ Ճիւնիի մէջ: Պայրաքտարեան Աֆրամի հետ քննարկեց նախաձեռնութեան մանրամասնութիւնները, ծրագիրն ու պատրաստութիւնները, ինչպէս նաեւ նախարարութեան, քաղաքապետութեան ու «Սփորց Մանիա»...

Ժեմայել Կոչ Կ՛ուղղէ Իրանի Դեսպանը Կանչելու` «Առ Ի Պատրաստութիւն Զինք Երկրէն Վտարելու»

Ժեմայել Կոչ Կ՛ուղղէ Իրանի Դեսպանը Կանչելու` «Առ Ի Պատրաստութիւն Զինք Երկրէն Վտարելու»

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Սամի Ժեմայել հակադարձելով Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի` զէնքի մենաշնորհման վերաբերեալ լիբանանեան կառավարութեան որոշումին մասին յայտարարութեան, յայտնեց. «Իրանի արտաքին գործոց նախարարը վերջին անձն է, որ իրաւունք ունի Լիբանանի կառավարութեան դասեր տալու: Թող իր երկրով զբաղի եւ մեզի ձգէ վերաշինելու այն, ինչ որ մեր երկրին մէջ քանդեց»: «Ձեր հոգատարութիւնը անդարձ վերջ գտաւ: Այս յայտարարութիւնները այսուհետեւ պէտք չէ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Պարրաք. «Ամերիկա Պատրաստ Է Իսրայէլի Մօտ Միջնորդի Դեր Կատարելու, Մէկ Պայմանով, Որ Լիբանանեան Կառավարութիւնը Յարգէ Տարեվերջէն Առաջ Հըզպալլան Զինաթափելու Ծրագիրը»

Ամերիկացի յատուկ պատուիրակ Թամըս Պարրաք լրագրողներու հետ նիստի մը ընթացքին յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներ պատրաստ են Իսրայէլի մօտ միջնորդի դեր կատարելու, մէկ պայմանով, որ լիբանանեան կառավարութիւնը անկեղծօրէն յայտարարէ, որ Լիբանանի մէջ միայն մէկ բանակ կրնայ ըլլալ, եւ յարգէ մինչեւ տարեվերջ Հըզպալլան զինաթափելու ծրագիրը»: «Ամերիկան լիբանանեան պետութեան փոխարէն ատիկա ընելու համար գետնի վրայ նաւազներ պիտի չտեղակայէ, այդ չէ Թրամփի նպատակը, եւ ոչ...

Page 102 of 986 1 … 101 102 103 … 986

Արխիւներ