Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Դատապարտէ Վելայաթիի Յայտարարութիւնները

Օգոստոս 11, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտերկրի հարցերու նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով դատապարտեց «Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի խորհրդական Ալի Աքպար Վելայաթիի վերջին յայտարարութիւնները, որոնք բացայայտ եւ անընդունելի միջամտութիւն են Լիբանանի ներքին հարցերուն»:

«Ասիկա իր տեսակին մէջ առաջին միջամտութիւնը չէ, որովհետեւ կարգ մը իրանցի բարձրաստիճան պաշտօնատարներ շարունակ կասկածելի կեցուածքներ կը յայտնեն լիբանանեան ներքին որոշումներուն նկատմամբ, որոնք Իրանի իսլամական հանրապետութեան ոչինչով կը վերաբերին: Լիբանանեան պետութիւնը որեւէ պարագայի այս մերժելի վարմունքը պիտի չընդունի եւ պիտի չարտօնէ որեւէ արտաքին կողմի, բարեկամ ըլլայ, թէ թշնամի, իր ժողովուրդին անունով խօսիլ կամ իր գերիշխանական որոշումներուն վրայ հոգատարութեան իրաւունքին յաւակնիլ», նշեց նախարարութիւն:

«Թեհրանի մէջ ղեկավարութիւնը աւելի լաւ կ՛ըլլար իր ժողովուրդի հարցերով զբաղէր, անոր կարիքներուն եւ ձգտումներուն վրայ կեդրոնանար, փոխանակ միջամտելու հարցերու, որոնք իրեն չեն վերաբերիր», յայտարարեց նախարարութիւնը` աւելցնելով. «Լիբանանի ապագան, քաղաքականութիւնն ու քաղաքական վարչակարգը որոշումներ են, զորս միայն լիբանանցիները կու տան, իրենց սահմանադրական ժողովրդավարական հաստատութիւններուն ճամբով` միջամտութիւններէ, ցուցմունքներէ, ճնշումներէ կամ ոտնձգութիւններէ հեռու»:

«Լիբանանեան պետութիւնը հաստատ պիտի մնայ իր գերիշխանութեան պաշտպանման վրայ եւ կանոններու համաձայն պիտի հակադարձէ իր որոշումներու հեղինակազրկման կամ անոնց դէմ գրգռութեան որեւէ փորձի», ընդգծեց նախարարութիւնը:

 

Նախորդը

Պաքերի Քանի. «Հըզպալլան Զինաթափելու Փորձը Պիտի Չյաջողի»

Յաջորդը

Վելայաթի. «Իրան Հըզպալլայի Զինաթափման Դէմ Է, Եւ Այս Ծրագիրը Արդիւնքի Պիտի Չհասնի»

RelatedPosts

Սալամ Յորդանան Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Յորդանան Այցելեց

Օգոստոս 20, 2025
Նախագահ Աուն. «Լիբանան Կառչած Կը Մնայ Մինչեւ  Թիւ 1701 Որոշումի Գործադրման Համար Անհրաժեշտ  Ժամանակով ՖԻՆԻՒԼ-ի Ներկայութեան»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Լիբանան Կառչած Կը Մնայ Մինչեւ Թիւ 1701 Որոշումի Գործադրման Համար Անհրաժեշտ Ժամանակով ՖԻՆԻՒԼ-ի Ներկայութեան»

Օգոստոս 20, 2025
Ապահովութեան Խորհուրդը Սկսաւ Քննարկել  ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Վերաբերեալ  Ֆրանսական Նախագիծը
Լիբանանեան

Ապահովութեան Խորհուրդը Սկսաւ Քննարկել ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Վերաբերեալ Ֆրանսական Նախագիծը

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?