Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ «Ճերուզալեմ «Փոսթ»-ի. ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Վերջ Տալու Կամ Լիբանանեան Բանակին Հետ Համակարգուած Հեռացում Պարունակող Սահմանափակ Ժամանակով Երկարաձգման Ամերիկեան-Իսրայէլեան Առաջարկ

August 13, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլեան «Ճերուզալեմ Փոսթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Իսրայէլ եւ Միացեալ Նահանգներ առաջարկած են «ամբողջովին վերջ տալ» ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան կամ զայն ենթարկել «սահմանափակ երկարաձգում»-ի, որ կը ներառէ լիբանանեան բանակին հետ համակարգուած հեռացում մը:

Դիւանագիտական լաւատեղեակ աղբիւր մը օրաթերթին յայտնած է, որ Իսրայէլ եւ Միացեալ Նահանգներ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին փոխանցած են, թէ ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան մեքենայական երկարաձգման կ՛ընդդիմանան եւ կը պահանջեն վերստին գնահատել անոր ներկայութեան անհրաժեշտութեան հարցը:

ՄԱԿ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժի առաքելութեան երկարաձգման հարցը պիտի քննարկուի օգոստոսի վերջաւորութեան:

Իսրայէլեան օրաթերթը կը հաղորդէ, որ լաւատեղեակ դիւանագիտական աղբիւրը յայտնած է, թէ Իսրայէլ եւ Միացեալ Նահանգներ առաջարկած են ՖԻՆԻՒԼ-ի երկու այլընտրանքներ` առաջինը` «ամբողջութեամբ վերջ տալ ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան ու աստիճանաբար հեռանալ շրջանէն», իսկ երկրորդը` «ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութիւնը միայն մէկ տարիով երկարաձգել, անոր տալով սահմանափակ առաքելութիւն մը, որ կը ներառէ իր դիրքերու կանոնաւոր կազմաքանդում ու լիբանանեան բանակին հետ համակարգուած հեռացում, իսկ ապահովական պատասխանատուութիւնը ամբողջովին փոխանցել լիբանանեան կառավարութեան»:

 

Նախորդը

Համատէ. «Նոյնիսկ Եթէ Փորձեն Զէնքէն Օրինականութիւնը Խլել, Ապա Կը Սխալին, Մենք Ու Բանակը Ոսկեայ Հաւասարակշռութեան Մէջ Զոյգ Ենք»

Յաջորդը

Պըրրի. «Կացութեան Լրջութիւնը Կը Պահանջէ, Որ Բոլորը Բարձրագոյն Աստիճանի Պատասխանատուութիւն Ցուցաբերեն»

RelatedPosts

Լիբանանեան Հրատապ Հարցերը Առանցքային Օրակարգ` Երկրի Վարիչներու Բազմաճիւղ Հանդիպումներուն Ընթացքին
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանեան Հրատապ Հարցերը Առանցքային Օրակարգ` Երկրի Վարիչներու Բազմաճիւղ Հանդիպումներուն Ընթացքին

September 30, 2026
Բրիտանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Հարաւ
Լիբանանեան

Բրիտանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Հարաւ

September 30, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

September 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.