Էրտողան. «Թուրքիա Պիտի Շարունակէ Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Լուծման Հարցին Մէջ Աջակցիլ Ազրպէյճանին»
Թրքական «Սապահ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ 15 յունուարին տեղի ունեցած հանդիպումէն ետք ունեցած են միացեալ մամլոյ ասուլիս մը: Էրտողան յայտարարած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին լուծման գործով զբաղող ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու եռեակը պարզապէս զբաղեցնելու քաղաքականութիւն կը կիրարկէ: «Լեռնային Ղարաբաղի հարցը Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան ծիրին մէջ խաղաղ ճամբով լուծելու համար...