Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սարսափելի Ոճիր` Գիւմրիի Մէջ. Ռուս Սահմանապահ Մը Կը Սպաննէ Ամբողջ Ընտանիքի Մը 6 Անդամները

Յունուար 13, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

011215_gum-5Գիւմրիի Միասնիկեան 188 հասցէին մէջ 12 յունուարին յայտնաբերուած է վեց դիակ` հրազէնային վնասուածքներով: Դէպքին վայրը մեկնած են նաեւ Շիրակի մարզպետ Ֆելիքս Ցոլակեան, փոխքաղաքապետ Ռուբէն Սանոյեան, Հայաստանի Հանրապետութեան ոստիկանապետի տեղակալը, նաեւ Գիւմրիի 102-րդ ռուսական ռազմակայանի հրամանատար Անտրէյ Ռուզինսքի: Տեղի ունեցած սպանութեան առնչութեամբ անվտանգութեան խիստ քայլերու ձեռնարկուած են: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, հասարակական վայրերու, դպրոցներու մէջ խստացուած է հսկողութիւնը, սահմանափակուած է ելումուտը:

Որոշ տեղեկութիւններով` սպանութիւնը կատարելու մէջ կասկածուող անձը տեսնուած է Ալեք Մանուկեան կամուրջին տակ գտնուող սեփական տուներէն մէկուն տանիքը: Բնակիչները ահազանգած են, որմէ ետք տարածքը խուզարկուած է:

011215_gum-4
Վալերի Փերմեաքով

Գիւմրիի մէջ վեց անձի սպանութեան փաստով յարուցուած է քրէական գործ` Հայաստանի Հանրապետութեան Քրէական օրէնսգիրքի 104 յօդուածի երկրորդ մասին յատկանիշներով: Պարզուած է Գիւմրիի մէջ կատարուած սպանութեան բոլոր զոհերուն ինքնութիւնը. Մահացած են Սերիոժա Կարապետ Աւետիսեան (ընտանիքին հայրը), Յասմիկ Ռաֆիկ Աւետիսեան (ընտանիքին մայրը), Արմէն Սերիոժա Աւետիսեան (անոնց որդին), Արաքս Անդրանիկ Աւետիսեան (ընտանիքին հարսը), Այիտա Սերիոժա Աւետիսեան (դուստրը), Յասմիկ Արմէն Աւետիսեան (2 տարեկան երեխայ):

Ընտանիքին եօթներորդ անդամը` վեցէն ութ ամսական Սերիոժա Արմէն Աւետիսեան հիւանդանոց կը գտնուի:

«Դէպքին վայրը կատարուած են անհրաժեշտ քննչական գործողութիւններ, որոնց հիմամբ յայտնաբերուած են զինուորական կօշիկներ, որոնց վրայ գրուած է Փերմեաքով ազգանունը: Աշխատանք կը կատարուի Փերմեաքովը յայտնաբերելու ուղղութեամբ», ըսած է Տռուզեանը:

Ոստիկանութիւնը սպանութիւն կատարելու կասկածանքով հետախուզում յայտարարած է ժամկէտային զինծառայող Վալերի Փերմեաքովի նկատմամբ:

Գիւմրիի Ողբերգութեան Հիմնական
Կասկածելին` Յայտնաբերուած

011215Raffy-AslanianԵրեւանի ժամանակացոյցով առաւօտեան ժամը 2:00-ին, Շիրակի մարզի դատախազ Րաֆֆի Ասլանեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին յայտնեց, որ ռուս սահմանապահները յայտնաբերած են հետախուզման մէջ գտնուող Վալերի Փերմեաքովը:

Ռուսական կողմը բանաւոր տեղեկացուցած է հայ իրաւապահներուն, որ յայտնաբերուածը Աւետիսեաններու ընտանիքի 6 անդամներուն սպանութեան մէջ կասկածելի` Հայաստանի մէջ ռուսական 102-րդ ռազմակայանի զինուորական ծառայող Փերմեաքովն է:

Ասլանեան ըսաւ, որ ըստ իրենց ունեցած տեղեկութիւններուն, արիւնալի դէպքերուն  գործով հիմնական կասկածելիին գտած են հայ-թրքական սահմանին մօտ` Բայանդուր եւ Երազգաւորս գիւղերու հատուածին վրայ:

Դատախազը տեղեկացուց, որ Վալերի Փերմեաքովը հիմա ռուսական կողմին քով կը գտնուի:

Նախագահ Սարգսեան Գիւմրիի Մէջ Տեղի Ունեցած
Յանցագործութեան Վերաբերեալ
Խորհրդակցութիւն Իրականացուցած Է

9647_bՀայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան Գիւմրիի մէջ տեղի ունեցած սահմռկեցուցիչ յանցագործութեան վերաբերեալ հրատապ ընտրողային խորհրդակցութիւն իրականացուցած է իրաւապահ մարմիններու ղեկավարներու հետ, որուն ընթացքին շեշտուած է ամէնէն կարճ ժամակամիջոցին մէջ անոր մանրամասնութիւնները պարզելու, մեղաւորները յայտնաբերելու եւ օրէնքի ամբողջ խստութեամբ պատասխանատուութեան ենթարկելու կարեւորութիւնը:

Հայաստանի մէջ տեղակայուած ռուսական ռազմակայանի հրամանատարութիւնը լիարժէքօրէն կը համագործակցի Հայաստանի Հանրապետութեան իրաւապահ մարմիններուն հետ եւ գործուն օժանդակութիւն կը ցուցաբերէ գործի քննութեան:

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութեան տեղեկութիւններով, կը կատարուին անհրաժեշտ բոլոր քայլերը այդ բարբարոսութիւնը իրականացուցած յանցագործը յայտնաբերելու ուղղութեամբ եւ այդ քայլերը կը գտնուին Հանրապետութեան նախագահի անմիջական վերահսկողութեան տակ:

Նախագահը իր խորին ցաւակցութիւնն ու զօրակցութիւնը յայտնեց զոհուածներու հարազատներուն` կիսելով կորստեան անսահման վիշտն ու ցաւը:

Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը
«
Խորապէս Ցնցուած Է» Գիւմրիի Ողբերգութեամբ

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը մեկնաբանութեամբ մը հանդէս եկած է երէկ Գիւմրիի մէջ տեղի ունեցած ողբերգութեանն կապակցութեամբ:

«Հայ ժողովուրդին հետ միասին ցնցուած ենք Գիւմրի քաղաքի բնակիչներէն խաղաղ ընտանիքի մը դէմ կատարուած սարսափելի յանցագործութեամբ: Մեր անկեղծ ցաւակցութիւնները կը յայտնենք զոհուածներու հարազատներուն եւ մտերիմներուն: Շուտափոյթ ապաքինում կը մաղթենք ծանր վիրաւոր մանուկին», ըսուած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական կայքին մէջ:

«Ռուսիոյ իրաւասու մարմինները Հայաստանի իշխանութիւններուն կը ցուցաբերեն ամբողջ անհրաժեշտ աջակցութիւնը, որպէսզի այդ ողբերգութեան մեղաւորները ենթարկուին խստագոյն պատասխանատուութեան», վստահեցուցած է Ռուսիոյ  արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

Ռուսական Կողմը Շահագրգռուած Է Գիւմրիի
Դէպքին Մանրամասնութիւններուն
Շուտափոյթ Բացայայտումով

f54b3eee16f3ef_54b3eee16f429.thumbՀայաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Շաւարշ Քոչարեան երէկ ընդունած է Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Իւան Վոլինքինը: Տեսակցութեան ընթացքին կողմերը խոր մտահոգութիւն յայտնած են Գիւմրիի մէջ  երէկ կատարուած Աւետիսեաններու ընտանիքի դաժան սպանութեան կապակցութեամբ:

«Ռուս դեսպանը դէպքին առնչութեամբ յայտնեց իր ցաւակցութիւնը եւ նշեց, որ ռուսական կողմը շահագրգռուած է դէպքին մանրամասնութիւններուն  շուտափոյթ բացայայտումով եւ մեղաւորները  պատասխանատուութեան ենթարկելու հարցին  մէջ: Ան ընդգծեց, որ Գիւմրիի մէջ տեղակայուած ռուսական խարիսխին ղեկավարութիւնը լիովին կը համագործակցի Հայաստանի իրաւապահ մարմիններուն հետ եւ աջակցութիւն կը ցուցաբերէ  գործին քննութեան», ըսուած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:

Ազգային Ժողովը Կը Սգայ
Ընտանիքին Կորուստը

011215KalousdSahakianՀայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեան ցաւակցեցաւ Գիւմրիի մէջ կատարուած սոսկալի ողբերգութեան կապակցութեամբ. «Մեծագոյն վիշտով տեղեկացայ

Գիւմրիի մէջ կատարուած սոսկալի ողբերգութեան: Սպաննուած  է ամբողջ ընտանիք մը, որուն շարքին մանկահասակ երեխայ մը: Գիւմրիի բնակիչներ Աւետիսեաններու մանուկներէն մէկը, որ նոյնիսկ տակաւին մէկ տարեկան չէ, Աստուծոյ կամքով եւ հրաշքով ողջ մնացած է: Ազգային ժողովը կը սգայ  ընտանիքին կորուստը, կ՛աղօթէ ողջ մնացած մանուկին առողջութեան եւ կեանքի փրկութեան եւ զոհերու հոգիներու հանգստութեան համար: Զօրակցութիւնս կը յայտնեմ եւ կը վշտակցիմ Աւետիսեաններու հարազատներուն եւ կը բաժնեմ կորստեան անսահման վիշտն ու ցաւը»:

 

Նախորդը

Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Դատարանին Մէջ Փերինչեքի Գործը` 28 Յունուարին

Յաջորդը

Խմբագրական. «Շարլի Էպտօ»-ն Եւ Անգարայի Լարախաղացութիւնը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?