Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փերմեաքովի Գործով Երեւանի Բողոքի Ցոյցը Աւարտեցաւ Դատախազութեան Շէնքին Մօտ

January 16, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

11515_tsouyts12 յունուարին Գիւմրիի մէջ Աւետիսեաններու ընտանիքի սպանութեան մէջ մեղադրուող Վալերի Փերմեաքովը Հայաստանի մէջ դատելու եւ պատժելու պահանջով Երեւանի մէջ 15 յունուարին տեղի ունեցած բողոքի ցոյցը սկսաւ Ռուսիոյ դեսպանատունէն եւ աւարտեցաւ Հայաստանի գլխաւոր դատախազութեան շէնքին մօտ:

Հարիւրաւոր քաղաքացիներ համախմբուեցան Ռուսիոյ դեսպանատան մօտ, ուր բախումներ տեղի ունեցան ոստիկաններուն եւ գործիչներուն միջեւ: Ռուսական դեսպանատունէն ոչ ոք դուրս ելաւ զրուցելու ցուցարարներուն հետ: Կիրքերը աւելի բորբոքեցան, երբ ցուցարարներէն մէկը փորձեց այրել ռուսական դրօշակ մը: Ոստիկանները չկրցան խլել դրօշակը, իսկ ցուցարարները ոտնակոխ ըրին զայն` չկարենալով ամբողջութեամբ այրել: Իրաւապահները այդ առիթը օգտագործեցին գործիչները ոստիկանական օղակի մէջ սեղմելու համար: Բերման ենթարկուեցան շարժապատկերի բեմադրիչ Տիգրան Խզմալեան եւ Արծրուն Նշանեան:

11515_tsouyts2Ցուցարարները կը բացագանչէին` «Ռուսի ստրուկներ», «Ազատ, անկախ Հայաստան» եւ «Մենք ենք տէրը մեր երկրին»:

Ցոյցին միացան նաեւ նշանաւոր իրաւապաշտպաններ, արուեստի ներկայացուցիչներ:

Ցոյցի մասնակիցները ապա դեսպանատան մօտէն երթով ուղղուեցան դէպի Հայաստանի գլխաւոր դատախազութիւն, ուր բերման ենթարկուեցան վերլուծաբան Արգիշտի Կիվիրեան եւ այլ գործիչ մը: Դատախազութեան շէնքին դիմացի մայթին վրայ հաւաքուած ցուցարարներուն մօտեցաւ դատախազութեան յատկապէս կարեւոր գործերով քննութեան վարչութեան պետ Վահագն Մուրադեանը:

Գործիչները իրենց պահանջը ներկայացուցին դատախազութեան աշխատակիցին, որ տեղեկացուց, թէ գլխաւոր դատախազ Գէորգ Կոստանեան Գիւմրի կը գտնուի եւ կը զբաղի Փերմեաքովի գործով: Ան ցուցարարներուն յայտնեց, որ Հայաստանի քննչական կոմիտէի քննիչները զօրամաս գացած են եւ քննչական գործողութիւններ կը կատարեն:

«Գացած են, որ մեղադրանք առաջադրեն այդ տղուն մեր օրէնսդրութեամբ: Երբ այդ գործողութիւնը աւարտի, խափանման միջոցը ընտրելու հարց պիտի յառաջանայ: Այսօր մեր նպատակն է բացայայտել, թէ ի՛նչ կատարուած է: Իսկ այս ամէնը աւելի շատ կը խանգարէ ատոր: Քննարկումին հիմամբ պիտի պարզուի` այդ տղան մեր իրաւապահներուն տրամադրութեան տակ պիտի ըլլայ քննութենէն ետք, թէ ոչ», գործիչներուն ըսաւ Վահագն Մուրադեան:

Դատախազութեան աշխատակիցին հետ զրուցելէ ետք ցոյցին մասնակիցները հեռացան դատախազութեան շէնքին մօտէն:

Աւելի ուշ ոստիկանութենէն «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին յայտնեցին, որ «իրաւապահ մարմիններու օրինական պահանջը չկատարելու» հիմնաւորումով ոստիկանութիւն բերման ենթարկուած գործիչները տակաւին իրենց մօտ են:

Ազատութեան Հրապարակէն Բերման
Ենթարկուած Են Տասնեակ Անձեր

Ազատութեան հրապարակին վրայ 15 յունուարի ուշ երեկոյեան հաւաքուած են մօտ հարիւր ոստիկաններ, որոնք բերման ենթարկած են առ ի զօրակցութիւն Գիւմրիի մէջ ցոյցին մասնակիցները: Հրապարակ եկած է փոխգնդապետ Կարէն Մովսիսեան, որ յայտարարած է, թէ ոստիկանները պէտք է  գործողութիւն մը կատարեն: Մովսիսեան յայտարարած է, թէ իրենք տեղեկութիւններ ունին այն մասին, որ հաւաքուածներուն մօտ զէնք կայ եւ անոնք կ՛ուզեն անկարգութիւններ կատարել:

Ոստիկանները կրկին սկսած են բերման ենթարկել հաւաքուածները, որոնք փոխադրուած են ոստիկանութեան Նորք Մարաշի բաժանմունք:

Աւելի կանուխ Ազատութեան հրապարակին մօտէն բերման ենթարկուած էին երկու տասնեակ անձեր:

 

 

Նախորդը

Սփիւռքի Նախարարը Ընդունեց Սուրիոյ Հայ Համայնքի Ներկայացուցիչները

Յաջորդը

Բողոքի Ցոյց, Բախումներ Եւ Վիրաւորներ` Գիւմրիի Մէջ

RelatedPosts

Բրիտանիոյ Խորհրդարանին Մէջ Արցախի  Վերաբերեալ Խորհրդարանական Հետաքննութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Բրիտանիոյ Խորհրդարանին Մէջ Արցախի Վերաբերեալ Խորհրդարանական Հետաքննութիւն

February 25, 2026
Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց  Փոխնախարարները Քննարկած Են Միջազգային Կազմակերպութիւններու Ծիրին Մէջ  Վստահութեան Ամրապնդման Քայլերը
Հայկական

Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Փոխնախարարները Քննարկած Են Միջազգային Կազմակերպութիւններու Ծիրին Մէջ Վստահութեան Ամրապնդման Քայլերը

February 25, 2026
Պապիկեան Պաշտօնական  Այցելութիւն Կու Տայ Իրան
Գլխաւոր լուրեր

Պապիկեան Պաշտօնական Այցելութիւն Կու Տայ Իրան

February 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.