Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էրտողան. «Թուրքիա Պիտի Շարունակէ Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Լուծման Հարցին Մէջ Աջակցիլ Ազրպէյճանին»

Յունուար 17, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

11615_Erdogan-AliyevԹրքական «Սապահ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ 15 յունուարին տեղի ունեցած հանդիպումէն ետք ունեցած են միացեալ մամլոյ ասուլիս մը:

Էրտողան յայտարարած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին լուծման գործով զբաղող ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու եռեակը պարզապէս զբաղեցնելու քաղաքականութիւն կը կիրարկէ:

«Լեռնային Ղարաբաղի հարցը Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան ծիրին մէջ խաղաղ ճամբով լուծելու համար պիտի շարունակենք Ազրպէյճանին մեր աջակցութիւնը ցուցաբերել: Այդ հարցին մէջ շատ զգայուն ենք, եւ մեր տեսակէտը կը յայտնենք ամէն կարելի առիթի պարագային: Ատկէ ետքայլ ընել կարելի չէ», յայտարարած է Էրտողան` յիշեցնելով, որ Թուրքիան պիտի նախագահէ Քսաններու խմբակին եւ իրաւունք պիտի ստանայ խմբակի հանդիպումներուն նաեւ Ազրպէյճանը հրաւիրելու:

Ալիեւ իր կարգին նշած է, որ Թուրքիան աշխարհի ուժային կեդրոններէն մէկը դարձած է: «Որքան ուժեղ ըլլայ Թուրքիան, այդքան ուժեղ պիտի ըլլայ Ազրպէյճանը», յայտարարած է ան:

Ալիեւ Եւ Տաւութօղլու Քննարկած Են
Լեռնային Ղարաբաղի Հարցը

11515_Aliyev-DavutogluԱզրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Թուրքիա կատարած իր պետական այցելութեան ընթացքին հանդիպում ունեցած է երկրի վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլուի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են երկկողմանի յարաբերութիւններուն առնչուող հարցեր: Նախագահն ու վարչապետը ընդգծած են տնտեսութեան, ուժանիւթի, փոխադրամիջոցի եւ այլ մարզերու մէջ յաջող համագործակցութեան կայացումը:

Քննարկուած են նաեւ երկու երկիրներուն միացեալ ծրագիրները, Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթուղիի նախագիծին կարեւորութիւնը:

Ընդգծուած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցին կարեւորութիւնը:

Կողմերը նշած են, որ ազրպէյճանական-թրքական կապերը դրական կերպով կ՛ազդեն շրջանային համագործակցութեան վրայ:

Նախորդը

Մեր Կորուստները. Անդրանիկ Յարութիւնեան Մահացաւ

Յաջորդը

Ռուստամեան. «Ազգային-Պետական Արժանապատուութենէն Վեր Բան Չկայ»

RelatedPosts

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Կ՛ողջունէ Թրամփի Յանձնառութիւնը Արցախի Նկատմամբ
Գլխաւոր լուրեր

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Կ՛ողջունէ Թրամփի Յանձնառութիւնը Արցախի Նկատմամբ

Հոկտեմբեր 7, 2025
Լեւոն Մնացականեան Պաքուի Դատարանին Մէջ Հերքած Է Ազրպէյճանցիի Մեղադրանքը
Գլխաւոր լուրեր

Լեւոն Մնացականեան Պաքուի Դատարանին Մէջ Հերքած Է Ազրպէյճանցիի Մեղադրանքը

Հոկտեմբեր 4, 2025
Միքայէլ Արք. Աջապահեան Դատապարտուեցաւ 2 Տարուան Ազատազրկման.  ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը Խստիւ Կը Դատապարտէ
Գլխաւոր լուրեր

Միքայէլ Արք. Աջապահեան Դատապարտուեցաւ 2 Տարուան Ազատազրկման. ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը Խստիւ Կը Դատապարտէ

Հոկտեմբեր 4, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?