Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան ԱՊՀ-ի միջխորհրդարանական վեհաժողովի խորհուրդին որոշումով, ԱՊՀ-ի միջխորհրդարանական վեհաժողովի եւ անոր մարմիններու գործունէութեան աշխուժ մասնակցութեան, մասնակից պետութիւններու ժողովուրդներու բարեկամութեան ամրապնդման գործին մէջ ունեցած ներդրումին համար պարգեւատրուած է «Համագործակցութիւն» շքանշանով: (ԱՊՀ-ի միջխորհրդարանական վեհաժողովի խորհուրդի նախագահ Վալենթինա Մաթվիենքոյի անունով շքանշանը Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին յանձնած է Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեան: