Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ-ի Գնահատականներն Ու Առաջարկները Սահմանադրական Բարեփոխումների Հայեցակարգի Վերաբերեալ

Յունուար 14, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

11315_Aghvan_Rusdamian_MInassianԵրէկ` երեքշաբթի, 13 յունուարին, ՀՅԴ «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ  մամլոյ ասուլիս, որուն ընթացքին Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակացութեան պատգամաւորներ Արմէն Ռուստամեան, Աղուան Վարդանեան եւ Արծուիկ Մինասեան հանդիպած են լրագրողներուն  հետ:

Նախքան ասուլիսը սկսիլը, պատգամաւորները իրենց ցաւակցութիւնը  յայտնած են նախանցեալ օր Գիւմրիի մէջ կատարուած ոճրագործութեան կապակցութեամբ` յոյս յայտնելով, որ իրաւապահ մարմինները բացայայտեն այդ սպանդին մանրամասնութիւնները, եւ յանցագործը արժանի պատիժ ստանայ:

ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան նշած է, որ ասուլիսը կը կատարուի Սահմանադրական փոփոխութիւններու  հայեցակարգին վերաբերեալ ՀՅԴ առաջարկները ներկայացնելու համար: «15 հոկտեմբերին հրապարակուեցաւ սահմանադրական բարեփոխումներուն վերջնական հայեցակարգը, մենք պատրաստած ենք  այդ հայեցակարգին վերաբերեալ առաջարկներ», ընդգծած է Վարդանեան:

ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան իր կարգին նշած է, որ Հայաստանի մէջ եղած խնդիրները կը պահանջեն ոչ թէ պարզ իշխանափոխութիւն, այլ` ամբողջական իշխանափոխութիւն: «Իշխանափոխութեան զուգահեռ պէտք է կատարուի համակարգային փոփոխութիւն, որպէսզի չշարունակենք դժգոհիլ նոր իշխանութիւններէն, ինչպէս որ կատարուած է մինչեւ հիմա: Մենք կը ցանկանք այս առաջարկները պարզ ու հասկնալի դարձնել մեր հասարակութեան. այն խնդիրները, որ ունին մեր քաղաքացիները կենցաղային մակարդակով, կապուած են սահմանադրութեան հետ, եթէ  այդ կապը չտեսնենք, մենք սխալ ուղղութեամբ կ՛երթանք: Իսկ այդ կապը հաստատուած է ոչ միայն տեսական գիտելիքներով, այլ աշխարհի փորձով»:

Ներկայացուող առաջարկներով ՀՅԴ-ն փորձած է ամրագրել այն մեքանիզմները, որոնք կ՛ապահովեն ոչ միայն կառավարման համակարգի փոփոխութիւն դէպի խորհրդարանական համակարգ, այլ կ՛ամրագրեն այնպիսի մեքանիզմներ, որոնք աւելի լիարժէք կը դարձնեն հակակշռումն ու զսպումը իշխանական համակարգին մէջ, ինչ որ, ըստ անոնց, գլխաւոր հարցն է:

ՀՅԴ պատգամաւորներուն համոզումով` առանց սահմանադրութեան մէջ այդ առաջարկները ներառելու, անիմաստ է ակնկալել, որ երկրին մէջ գոյութիւն ունենան դրական փոփոխութիւններ, ժողովուրդին  շահերուն ծառայող փոփոխութիւններ: «Ամէն ինչ կեդրոնացուած է նախագահական աթոռին շուրջ: Անոր համար կ՛ըսենք, որ նախագահական աթոռէն պէտք է հրաժարիլ, որպէսզի սկիզբ դրուի իրական եւ խորքային փոփոխութիւններու: Մենք կ՛ուզենք, որ ժողովուրդը իր իրաւունքներուն տէրը ըլլայ, եւ այդ իրաւունքները երաշխաւորուին սահմանադրութեամբ», ըսած է Արմէն Ռուստամեան:

Անոր խօսքով` այն մտածելակերպը, թէ ներկայ սահմանադրութիւնը նոյնպէս չ՛արգիլեր լաւ բան ընել, նախնական է, որովհետեւ ոչ մէկ  սահմանադրութիւն ալ չ՛արգիլեր, որ լաւ բան կատարուի, բայց սահմանադրութիւնը պէտք է մեքանիզմ ամրագրէ, որ այդ լաւ բանը պարտադրէ, որ կատարուի, ոչ թէ միայն հռչակուի:

ՀՅԴ պատգամաւորները նշած են, որ այդ առաջարկները կրնան լրացուիլ  այն քաղաքական ուժերուն կողմէ, որոնք կը ցանկան աւելի ամրապնդել սահմանադրական փոփոխութիւններուն հիմնական գաղափարները: Անոնց խօսքով` այդ մէկը կենդանի փաստաթուղթ է, որուն միջոցով բանակցելու պիտի երթան բոլորին հետ: Յառաջիկային կը նախատեսուին քաղաքական խորհրդակցութիւններ: Հետագան ցոյց պիտի տայ, թէ ՀՅԴ-ն ինչպէ՛ս պիտի կարենայ այդ առաջարկները իրականացնել սահմանադրական փոփոխութիւններու հայեցակարգին մէջ, որովհետեւ յաջորդ հանգրուանը, ըստ նախագահի հրամանագիրին, նախագահի խորհրդակցութիւններն են, որոնցմէ ետք` Ազգային ժողովի  քննարկումներ եւ հանրաքուէ: «Այդ բոլորէն ետք սկիզբ պիտի դրուի  արմատական իրական փոփոխութիւններու, որմէ ետք պիտի ունենանք  վիճակ մը, որ եթէ պէտք է երկրին մէջ վիճակ փոխել, նախ այդ մէկը կարելի կ՛ըլլայ կատարել, եւ կատարուի ընտրութիւններու միջոցով: Դժբախտաբար, Հայաստանի մէջ մինչեւ հիմա ընտրութիւններու  միջոցով իշխանութիւն չէ փոխուած», ըսած է Արմէն Ռուստամեան:

Ինչ կը վերաբերի սահմանադրական փոփոխութիւններուն վերաբերեալ հասարակական պահանջին, ապա, ըստ Ռուստամեանի, հասարակական պահանջը հանրաքուէի ընթացքին պէտք է յայտնուի,  եթէ հասարակութիւնը ըսէ` ոչ, ուրեմն չեն իրականացուիր  սահմանադրական փոփոխութիւնները: ՀՅԴ-ի համար ամէնէն  անցանկալին կ՛ըլլայ այն, որ ոչ իշխանական ուժերուն պահանջը  հետեւեալը ըլլայ` չկատարուին սահմանադրական փոփոխութիւններ, քանի ընտրութիւններ չեն եղած, կամ իշխանութիւնները չեն փոխուած: «Այդ մէկը կ՛ըլլայ քաղաքական ուժերու ամէնէն նախնական  պահուածքը, որովհետեւ ի յայտ կու գայ, որ կը պայքարէին, որ համակարգային փոփոխութիւններ տեղի չունենան»:

Ան ըսած է նաեւ. «Հայաստանի քաղաքացիները յոգնած են տարիներ շարունակուող պատրանքներ ստեղծող քաղաքականութենէ, մարդոց  փոփոխութենէ, որուն արդիւնքով իրենց կեանքին մէջ ոչինչ փոխուած է, կամ կեանքը աւելի վատացած է: Մենք այս առաջարկներով ճամբայ կ՛առաջարկենք, որ ժողովուրդին չխաբեն»:

ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան, խօսելով սահմանադրական փոփոխութիւններու հայեցակարգին վերաբերեալ ՀՅԴ-ի ներկայացուցած առաջարկներուն եւ ոչ իշխանական այլ քաղաքական ուժերու դիրքորոշումին մասին, նշած է, որ այդ քաղաքական ուժերը իրենք ալ դէմ չեն սահմանադրական փոփոխութիւններու գաղափարին, սակայն կը նկատեն, որ անոր ժամանակը չէ: «Հապա ե՞րբ է ատոր ժամանակը: Եթէ մենք կը կարծենք,  որ այսինչ բանը ճիշդ է, բայց այս ճիշդը եկէք կատարենք երկու տարի ետք, ինչո՞ւ, մէկը հարցնէ` ինչո՞ւ հիմա չընենք, եթէ այդ մէկը կարելի է: Եթէ չեն վստահիր, որ այդ մէկը կարելի է կատարել, այդ ուրիշ հարց: Եկէք, ուրեմն, միասին վերահսկենք, որ կատարուի: Մեր փորձը ցոյց տուաւ, որ կարելի է կատարել: Անհրաժեշտ ծաւալ եւ անհրաժեշտ հիմք արդէն գոյութիւն ունի, ի՞նչն է անոնց մօտ տարակուսանքներու կամ կասկածներու տեղ տուողը: Իրարու հետ միանանք, աւելի խորքային կը դառնան մեր պահանջները: Իրարու հետ եթէ պահանջենք, իշխանութիւնները աւելի կը զիջին: Բայց հիմա մենք մինակ կ՛ընթանանք այս բոլորին մէջ: Եկէք` միասին կատարենք եւ այդ նախանձի տեսարանը չստեղծենք: Աշխատինք խորքային փոփոխութիւններով երկիրը տանիլ  յառաջ: Բոլորն ալ կ՛ըսեն` առճակատում չենք ուզեր, արիւնահեղութիւն  չենք ուզեր: Հապա երբ չէք ուզեր, այս ճամբան կը մնայ, ուրիշ ճամբայ  չկայ: Կը մնայ ընտրութիւններու միջոցով համակարգը փոխելու ճամբան»:

Պատգամաւորին խօսքով` ի վերջոյ այն նոյն իրավիճակը պիտի տիրէ, երբ Դաշնակցութիւնը կը ստեղծէ պայմաններ, ետքը բոլորը այդ պայմաններէն կ՛օգտուին, բայց այդ ընթացքին կը հայհոյեն  Դաշնակցութեան: Ան նաեւ օրինակ տուած է Ազգային ժողովին մէջ  ընդդիմութեան տեղերու մեծացումը: «Հիմա ոչ ոք կը յիշէ, որ Ազգային ժողովի յանձնախումբի ոչ հանրապետական նախագահները որ կան, այդ մէկը Դաշնակցութեան ըրածն է, բայց մենք որ նախագահ մնացինք,  այն ժամանակ մեզի ամէն ինչ ըսին: Հիմա ոչ իշխանական ուժերէն քանի՞ նախագահ կայ յանձնախումբին մէջ, հապա ինչո՞ւ չեն խօսիր»:

Եւրոպական Միութեան երկիրներուն 80 առ հարիւրը ունի կառավարման խորհրդարանական համակարգ, եւ այդ մէկը, ըստ Ռուստամեանի, պատահական չէ, մինչդեռ հաւաքական որոշումներ տալու առիթ կը ստեղծէ, մինչդեռ Հայաստանի մէջ այսօր մէկ անձ է, որ որոշումներ կու տայ: Լրագրողներու հարցին, թէ արդեօ՞ք սահմանադրական փոփոխութիւններուն ընդունուելէն ետք Հայաստանի մէջ պիտի չկեղծուի՞ն ընտրութիւնները, Արմէն Ռուստամեան  պատասխանած է, որ սահմանադրական փոփոխութիւնները չեն  նշանակեր իտէալական ընտրութիւններ կամ իտէալական համակարգ, որովհետեւ աշխարհին մէջ ոչ մէկ տեղ իտէալական բան կայ: «Ամերիկայի մէջ ալ ընտրութիւններուն ընթացքին կեղծիքներ կը կատարուին, ամէն տեղ ալ կեղծիք գոյութիւն ունի, բայց պէտք է մեքանիզմ ունենաս` այդ բոլորը սահմանափակելու համար: Ինչպէ՞ս սահմանափակել ախորժակը անոնց, որոնք կը ցանկան իւրացնել պետական միջոցները եւ կարելիութիւնները: Իսկ ընդդիմութեան համար աւելի դիւրին է պայքարիլ հաւասարակշռուած, քան թէ կեդրոնացուած իշխանութեան դէմ: Մենք կը մեծցնենք ընդդիմադիր պայքարի կարելիութիւնը», ընդգծած է Ռուստամեան:

 

Նախորդը

Ազգային Ժողովի Նախագահը Մաթվիենքոյի Անունով Շքանշան Յանձնեց Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանին

Յաջորդը

Վալերի Յովհաննիսեան Մեկնեցաւ Պրազիլ

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի  Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ  Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»

Յուլիս 9, 2025
Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ  Անձեռնմխելիութենէ.  Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ  Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ Անձեռնմխելիութենէ. Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ

Յուլիս 9, 2025
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը  Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ  Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին  Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?