Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բողոքի Ցոյց, Բախումներ Եւ Վիրաւորներ` Գիւմրիի Մէջ

Յունուար 16, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

11515Gumri215 յունուարին Գիւմրիի մէջ տիրեց ընդվզումի եւ ցասումի մթնոլորտ, օրուան ընթացքին տեղի ունեցած ցոյցերը աւարտեցան ցուցարարներուն եւ ոստիկանութեան միջեւ բախումներով, որոնց իբրեւ հետեւանք թէ՛ քաղաքացիներ, եւ թէ՛ ոստիկաններ վիրաւորուեցան, տեղի ունեցան ձերբակալութիւններ:

Օրուան սկիզբը Շիրակի մարզի դատախազութեան շէնքին մօտ հաւաքուած հազարաւոր մարդիկ կը պահանջէին յստակացում կատարել Գիւմրիի մէջ տեղի ունեցած ոճրագործութեան գործը Հայաստանի իրաւապահներուն կողմէ քննելու, հայկական կողմի իրաւազօրութեան յանձնելու հարցին առնչութեամբ, իսկ ոստիկանները 4-5 շղթաներով փակած էին դատախազութեան շէնքին մուտքը:

«Եթէ անոնք մեր ջիղերուն հետ կը խաղան եւ յոյս ունին, որ պիտի յոգնինք, կը սխալին, որովհետեւ մենք առանց յոգնելու պիտի սպասենք», յայտարարած է Գիւմրիի «Ասպարէզ» լրագրողներու միութեան նախագահ Լեւոն Բարսեղեան:

Այդ պահուն շէնքէն դուրս ելած է գլխաւոր դատախազ Գէորգ Կոստանեան, որ վստահեցուցած է, որ հարցը կը հետապնդուի, որպէսզի ամէն ինչ կարգին կատարուի:  Ցուցարարները կ՛ընդհատէին անոր խօսքը` պահանջելով, որ յանցագործը ռուսական ռազմակայանէն փոխադրուի Հայաստանի իրաւապահներուն վերահսկողութեան տակ:

Հոն էր նաեւ Ժառանգութիւն կուսակցութեան խմբակցութեան պատգամաւոր Զարուհի Փոստանջեան, որ ըսած է. «Այս պահուն Հայաստանի իշխանական մարմինները պէտք է դիմեն որոշ գործողութիւններու, որոնք իրենց իրաւասութիւններուն տակ են: Ես կ’ուզեմ, որ Հայաստանի դատարանին կողմէ որոշում տրուի եւ մեղադրեալը կալանքի առնուի Հայաստանի դատարանին որոշմամբ, մեր մօտ»: Ան աւելցուցած է, որ  պահանջները իրականութիւն դարձնելու համար իշխանութեան երեք ճիւղերը պէտք է գործեն այդ ուղղութեամբ: «Պէտք է միւս ճիւղերը եւս ըլլան հոս եւ պարտաւոր են աշխատանք տանիլ այդ ուղղութեամբ: Ես հիմա պիտի փորձեմ հեռաձայնել Հայաստանի վարչապետին եւ Ազգային ժողովի նախագահին, որպէսզի անոնք եւս իրենց իրաւասութիւնները գործադրեն, որովհետեւ չեմ հաւատար, որ միայն գլխաւոր դատախազին պահանջով յաջողութեան պիտի կարենանք հասնիլ»:

Անկէ ետք ցուցարարները քարեր նետած են շէնքին եւ անոր առջեւ կանգնածներուն ուղղութեամբ: Լեւոն Բարսեղեան յայտարարած է, որ նման քայլ առնողները սադրիչներ են, եւ կոչ ուղղած է զանոնք հեռացնելու տարածքէն:

Ցուցարարներուն միացած եւ անոնց հետ զրուցած է նաեւ Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայէլ եպս. Աջապահեան, որ յետոյ առանձնազրոյց ունեցած է գլխաւոր դատախազ Գէորգ Կոստանեանի հետ:  Գլխաւոր դատախազին հետ զրոյցէն ետք Աջապահեան եւ Կոստանեան կրկին դուրս եկած են ցուցարարներուն հետ խօսելու եւ դատախազը յայտարարած է, որ գրաւոր դիմում-պահանջ պիտի ներկայացնէ  ռուսական կողմին` Ռուսիոյ գլխաւոր դատախազին, ինչպէս կը պահանջեն ցուցարարները: Ի դէպ, ցուցարարները նաեւ շեշտած են, որ եթէ Կոստանեան չկարենայ պաշտպանել Հայաստանի շահերը եւ սահմանադրութիւնը, պէտք է հրաժարական տայ:

Ցոյցեր եւ բախումներ տեղի ունեցած են նաեւ Գիւմրիի մէջ Ռուսիոյ հիւպատոսարանին մօտ` ոստիկանութեան եւ ցուցարարներուն միջեւ, եւ իբրեւ հետեւանք աւելի քան 13 ցուցարարներ բերման ենթարկուած են:

Աւելի ուշ աւելի ծանր բախումներ տեղի ունեցած են, եւ իբրեւ հետեւանք վիրաւորուած եւ Գիւմրիի բժշկական կեդրոն փոխադրուած են տարբեր աստիճանի վէրքեր ստացած աւելի քան տասնեակ քաղաքացիներ եւ ցուցարարներ:

Կոստանեան. «Գիւմրիի Ոճրագործութեան
Մեղաւորը Քրէական Պատասխանատուութեան
Եւ Պատիժի Պիտի Ենթարկուի Հայաստանի Մէջ»

Հայաստանի գլխաւոր դատախազ Գէորգ Կոստանեան Գիւմրիի մէջ կրկին յայտարարեց եւ վերահաստատեց, որ 12 յունուարի ոճրագործութեան մեղաւոր անձը պատասխանատուութեան պիտի ենթարկուի Հայաստանի մէջ, եւ կարելի պիտի ըլլայ հետեւիլ քրէական պատասխանատուութեան ու պատիժի ենթարկելու ամբողջ հոլովոյթին:

«Ես պաշտօնապէս կը յայտարարեմ` իբրեւ հայ եւ իբրեւ Հայաստանի գլխաւոր դատախազ` այդ ոճրագործութիւնը մեր բոլորին ցաւն է, իրաւական համակարգը բացարձակօրէն հետեւողական է այդ հարցին առնչութեամբ: Մեր օրէնսդրութեամբ եւ միջազգային իրաւունքի տեսանկիւնէն կը կրկնեմ` ոճրագործը  Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին մէջ է, որ պիտի ենթարկուի քրէական պատասխանատուութեան եւ պատիժի: Ան արդարադատութեան առջեւ պիտի կանգնի Հայաստանի մէջ», հաստատեց ան:

Գլխաւոր դատախազը կարեւոր նկատեց այն հանգամանքը, որ կարգ մը շահարկումներու առիթ տուած են դատախազութեան հաղորդագրութիւնն ու Ռուսիոյ օրէնսդրութեան վկայակոչման փաստը: «Եթէ կը խօսինք ռուսական ռազմակայանի` յանցագործութիւն կատարած անձին մասին, պէտք է նկատի ունենալ, որ այս հարցին մէջ երկու երկիրներուն  օրէնսդրութիւնն ու միջազգային համաձայնագիրները կը գործեն ամբողջութեամբ ու միասնականօրէն: Ամէն ինչ պէտք է նայիլ միջազգային իրաւունքի շրջագիծին մէջ», ըսաւ Կոստանեան` վկայակոչելով «Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ 1997-ին կնքուած ռուսական ռազմակայանի մասին միջազգային համաձայնագիրի 4-րդ յօդուածը, որով Հայաստանի Հանրապետութեան իրաւազօրութիւնը կը տարածուի Ռուսիոյ ռազմակայանին մէջ  ծառայող Ռուսիոյ զինուորականներուն կողմէ կատարուած յանցագործութիւններուն վրայ»:  Ան դիտել տուաւ. «Գիւմրիի սպանութեան դէպքով ունինք զինուորական բնոյթի յանցագործութիւն` զօրամասը ինքնակամ լքելու, պահակային կանոնները խախտելու, զինուորական յանցագործութիւն կատարելու արդիւնքով կատարուած է այլ յանցագործութիւն»:

Ըստ անոր, 15 յունուարին քննչական եւ դատավարական գործողութիւններ պիտի կատարուին մեղադրեալին նկատմամբ: «Չենք խօսիր ոեւէ մէկուն իրաւազօրութիւն յանձնելու եւ զիջելու մասին: Գործ ունինք միջազգային իրաւական կարգաւորման հետ. երկու երկիրներուն օրէնսդրութիւններուն համադրութեան խնդիր դրուած է` պայմանաւորուած միջազգային իրաւական համաձայնագիրներով», ընդգծեց Կոստանեան:

 

Նախորդը

Փերմեաքովի Գործով Երեւանի Բողոքի Ցոյցը Աւարտեցաւ Դատախազութեան Շէնքին Մօտ

Յաջորդը

Աւետիսեանները Տխրութեան Եւ Ցասումի Մթնոլորտի Մէջ Հողին Յանձնեցին

RelatedPosts

Արցախը 47-րդ Օրն Ըլլալով Ամբողջական  Շրջափակման Մէջ.  Արցախէն Եւս Երեք Հիւանդ  Տեղափոխուած Է Հայաստան
Գլխաւոր լուրեր

Արցախը 47-րդ Օրն Ըլլալով Ամբողջական Շրջափակման Մէջ. Արցախէն Եւս Երեք Հիւանդ Տեղափոխուած Է Հայաստան

Յունուար 28, 2023
Զախարովա. «Ի Տարբերութիւն Օտարերկրեայ  Խաղացողներու Մեծ Մասին, Որոնք  Կը Սահմանափակուին Միայն Կոչերով,  Մենք Իրական Լուծումներ Կը Փնտռենք»
Գլխաւոր լուրեր

Զախարովա. «Ի Տարբերութիւն Օտարերկրեայ Խաղացողներու Մեծ Մասին, Որոնք Կը Սահմանափակուին Միայն Կոչերով, Մենք Իրական Լուծումներ Կը Փնտռենք»

Յունուար 28, 2023
Քոփիրքին. «Ռուսիան Տքնաջան Աշխատանք  Կը Տանի Լաչինի Միջանցքը Ամբողջութեամբ  Ապաշրջափակելու Համար»
Հայկական

Քոփիրքին. «Ռուսիան Տքնաջան Աշխատանք Կը Տանի Լաչինի Միջանցքը Ամբողջութեամբ Ապաշրջափակելու Համար»

Յունուար 28, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In