Գիւմրիի Դէպքերուն Վերաբերեալ Լսումներ` Ազգային Ժողովին Մէջ
Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պետական-իրաւական հարցերու մնայուն յանձնախումբին մէջ այսօր տեղի կ՛ունենան խորհրդարանական լսումներ Գիւմրիի իրադարձութիւններուն վերաբերեալ` «12 յունուար 2015-ին տեղի ունեցած ողբերգական դէպքերուն կապուած իրաւական հոլովոյթներու մասին» բնաբանով: Այս մասին յայտնած է Ազգային ժողովի աշխատակազմի լրատուական ծառայութիւնը: