Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ երեկոյեան իր նստավայրին մէջ գլխաւորած է խորհրդակցութիւն մը` մասնակցութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր դատախազ Գէորգ Կոստանեանի:
Քննարկուած է 12 յունուարին Գիւմրիի մէջ տեղի ունեցած յանցագործութեան մեղաւոր Վալերի Փերմեաքովին հարցը:
Փերմեաքովը Հայաստանի մէջ դատելու պահանջով երէկ բազմամարդ բողոքի ցոյցեր տեղի ունեցած են Գիւմրիի եւ Երեւանի մէջ:
Քայլարշաւ կազմակերպուած է նաեւ դէպի նախագահին նստավայրը: 300-է աւելի քաղաքացիներ կռնակ դարձուցած են նախագահական նստավայրին դիմաց` ի նշան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին նկատմամբ արհամարհանքի: Թէեւ քայլարշաւը ինքնաբուխ եղած է, սակայն երթը ղեկավարած են քաղաքացիական գործիչներ Արգիշտի Քիվիրեան եւ Դանիէլ Իոնիսեան: Շարժումին մասնակիցները պահանջած են Գիւմրիի մէջ կատարուած սպանդին կապակցութեամբ սգոյ օրեր յայտարարել եւ Փերմեաքովին դատը փոխանցել Հայաստանի Հանրապետութեան իրաւապահներուն: Շարժումին մասնակիցներուն նախագահական նստավայրէն տեղեկացուցած են, որ հինգշաբթի կը պատասխանեն ներկայացուած պահանջին:
Նշենք, որ Աւետիսեաններու ընտանիքի անդամներուն հոգեհանգիստը տեղի ունեցաւ երէկ, Երեւանի ժամանակացոյցով երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Գիւմրիի Ս. Նշան եկեղեցւոյ մէջ, իսկ յուղարկաւորութիւնը տեղի պիտի ունենայ այսօր, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի նստավայրին մէջ տեղի ունեցած խորհրդակցութենէն ետք դատախազ Գէորգ Կոստանեան պատասխանելով «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի հարցումին ըսած է. «Կը վստահեցնեմ, որ յանցագործը քրէական պատասխանատուութեան պիտի ենթարկուի Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին մէջ, եւ մենք բոլորս կարելիութիւնը պիտի ունենանք թէ՛ հետեւելու ամբողջ ընթացակարգին եւ թէ՛ կ՛ունենանք առիթը տեսնելու պատասխանատուութեան ենթարկելու հոլովոյթը: Հայաստանի Հանրապետութիւնը ուրիշին որեւէ բան չի զիջիր»:
Փերմեաքովի Հարցով
Խորհրդակցութիւն Երեւանի Մէջ

Գիւմրիի 102-րդ խարիսխի շրջակայքը հաւաքուած բողոքի շարժումին մասնակիցներուն հետ հանդիպելու եկած Շիրակի մարզի դատախազ Րաֆֆի Ասլանեան, գլխաւոր դատախազ Գէորգ Կոստանեանի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութենէն ետք, վկայակոչելով գլխաւոր դատախազը, նշած է, որ Աւետիսեաններու ընտանիքի 6 անդամներուն սպանութեան համար մեղադրուող զինուոր Վալերի Փերմեաքովի հետագայ ճակատագիրին վերաբերեալ սկսած են խորհրդակցութիւններ, որոնք պիտի շարունակուին նաեւ հինգշաբթի:
«Խորհրդակցութիւններու աւարտէն ետք դատախազութիւնը յայտարարութիւն մը պիտի ընէ», ըսած է Ասլանեան:
Շիրակի մարզի դատախազը ցուցարարներուն թելադրած է բողոքի շարժումը շարունակել Շիրակի մարզի դատախազութեան շէնքին մօտ:
«Մարզի դատախազը Վալերի Փերմեաքովը հոս բերող, դատողը չէ: Ոչ ոք մարզի դատախազէն աւելի թող մտածէ: Այստեղ կանգնելով ոչինչ կը փոխէք, գործին օգուտ չենք տար, եկէք երթանք դատախազութեան շէնքին մօտ: Առանց լրագրողներու, քանի մը հոգի կրնան բարձրանալ վեր, ուր կը բացատրենք մեր ընելիքները: Այստեղ կենալով բան չի փոխուիր: Կ՛առաջարկեմ շարժիլ դէպի դատախազութեան շէնք», այսպիսի խօսքերով դատախազը փորձած է զայրացած գիւմրեցիները ռուսական 102-րդ խարիսխէն տեղափոխել դատախազութեան շէնք:
Յայտնենք, որ Գիւմրիի սպանդին համար մեղադրուող Վալերի Փերմեաքով կալանաւորուած կը մնայ այս խարիսխին մէջ: Գիւմրեցիները կը պահանջեն Փերմեաքովն ու անոր դատը յանձնել հայկական կողմին:
Ցուցարարները 22 ժամ տուած են դատախազութեան` խոստանալով 22 ժամ ետք կրկին հաւաքուիլ եւ դատախազութեան պատասխանին հիման վրայ որոշել իրենց հետագայ քայլերը: