Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Չէինք Փափաքեր 1915-ի Դէպքերուն Պատճառով Միացեալ Նահանգներու Հետ Յարաբերութիւնները Փճացնել» Ըսաւ Չաւուշօղլու

Յունուար 16, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Մեւլութ Չաւուշօղլու
Մեւլութ Չաւուշօղլու

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Թուրքիան չի փափաքիր Հայոց ցեղասպանութեան պատճառով փճացնել յարաբերութիւնները Միացեալ Նահանգներու հետ:

Չաւուշօղլու պատասխանած է շարք մը հարցումներու` Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցած վերջին իրադարձութիւններուն, ահաբեկիչներու գործունէութեան, Կիպրոսի հարցին եւ Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան վերաբերեալ:

Այլ հարցերու կողքին ան անդրադարձած է նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան ու Միացեալ Նահանգներու դիրքորոշումին վերաբերեալ հարցին:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ 24 ապրիլին Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու կեցուածքը կրնա՞յ փոխուիլ, Չաւուշօղլու ըսած է. «Մենք Միացեալ Նահանգներու հետ լաւ յարաբերութիւններ ունինք: Չէինք ուզեր, որ անոնք փճանան»:

Պատասխանելով «ըսած էիք, որ 1915-ի հայկական թեզերուն ուղղութեամբ կ՛աշխատի Թուրքիոյ մէջ գործող «զուգահեռ պետութիւնը»: Ի՞նչ ապացոյց կայ: Կիւլենը արտայանձնելու հարցին մէջ ի՞նչ տեղի պիտի ունենայ» հարցումին, թրքական դիւանագիտութեան պետը ըսած է. «Զուգահեռ պետութիւնը Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպայի մէջ Թուրքիոյ դէմ գործող ինչ լոպի որ կայ, անոնց հետ կը համագործակցի: Հայկական սփիւռքին հետ աշխատող քոնկրեսականներու եւ ծերակուտականներու հետ կապի մէջ է: Նուիրատուութիւն կ՛ընէ, Թուրքիոյ դէմ որոշումներու կայացում կը փափաքի: Կիւլենի հարցով դատավճիռը հասած է արդարադատութեան նախարարութիւն: Հոլովոյթը պիտի շարունակուի»:

 

Նախորդը

Քաղաքապետարաններուն Տրամադրուելիք Յատկացումներու Թղթածրարին Քննարկումը Յետաձգուեցաւ Կառավարութեան Յաջորդ Նիստին

Յաջորդը

Սփիւռքի Նախարարը Ընդունեց Սուրիոյ Հայ Համայնքի Ներկայացուցիչները

RelatedPosts

Ցոյց Գլխաւոր Դատախազութեան Առջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Ցոյց Գլխաւոր Դատախազութեան Առջեւ

Նոյեմբեր 21, 2025
Կրոնօ. «Պաքուի Մէջ Հանդիպումներու Ժամանակ  Լսած Եմ Յայտարարութիւններ, Որոնք Կը Տարբերին  Հանրային Տիրոյթի Մէջ Անոնց Խօսքերէն»
Հայկական

Կրոնօ. «Եւրոպական Միութիւնը Պիտի Շարունակէ Համագործակցիլ Երեւանի Եւ Պաքուի Հետ` Շրջանին Մէջ Կայուն Խաղաղութեան Ուղղութեամբ»

Նոյեմբեր 21, 2025
Իշխան Սաղաթէլեանի Կոչը` Մասնակցելու  20 Նոյեմբերի Ցոյցին
Գլխաւոր լուրեր

Իշխան Սաղաթէլեանի Կոչը` Մասնակցելու 20 Նոյեմբերի Ցոյցին

Նոյեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?