Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Պէտք Չէ Իշխանութեան Մէջ Միայն Թշնամի Տեսնել» Կ՛ըսէ Աղուան Վարդանեան

Յունուար 15, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

11415_AghvanՀայ յեղափոխական դաշնակցութեան Հայաստանի Գերագոյն մարմնի անդամ, ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան համաձայն է, որ  իշխանութեան բնոյթն ու վարքագիծը կրնան թերահաւատութեան պատճառ դառնալ, մտածելու տեղիք տալ, թէ ի՛նչ շարժառիթ ունի իշխանութիւնը` սահմանադրական բարեփոխումներու նախաձեռնելու եւ հրաժարելու իշխանութեան մենաշնորհէն:

Tert.am լրատու կայքին հետ զրոյցին ընթացքին, սակայն, ՀՅԴ պատգամաւորը նշած է, թէ կարելի չէ  ըսել, որ իշխանութեան մէջ երկրի ապագային մասին մտածող մարդիկ չկան:

«Ես չեմ խորհիր, որ իշխանութեան մէջ պէտք է տեսնել միայն թշնամի, վատ կամեցող եւ երկրին կամ ապագային մասին մտածելու անընդունակ մարդիկ: Ես կը կարծեմ, որ իսկապէս այն մասնագիտական յանձնախումբը, որ սահմանադրական բարեփոխումներու  հայեցակարգը մշակած է, իսկապէս արհեստավարժ աշխատանք կատարած է, եւ երբ արհեստավարժները կը ներկայացնեն գոյութիւն ունեցող խնդիրները եւ ատկէ դուրս գալու ուղիները, ասիկա կրնայ տարածուիլ նաեւ իշխանութեան ներկայացուցիչներուն վրայ: Բազմաթիւ մարդիկ նաեւ կը մտածեն, կը տեսնեն, թէ այս ընթացքին երկիրը ո՛ւր կ՛երթայ: Մենք կը տեսնենք, թէ  երկիրը ուր կ՛երթայ, եւ այդտեղ կարելի է, որ մարդիկ մտածեն նաեւ երկրին մասին», ըսած է ան:

Աղուան Վարդանեան չէ բացառած, որ նոյն իշխանութիւնը նման քայլ առնելով, կրնայ  ունենալ նաեւ իր խնդիրներն ու նպատակները: «Ես ատիկա չեմ բացառեր, բայց եթէ ընդհանուր ուղղութիւնը երկրին համար դրական է, ինչո՞ւ ոչ: Ես ըսած եմ, որ չեմ բացառեր, որ ի վերջոյ իշխանութեան բնոյթն ու տեսակը փորձէ մէկ-երկու տարի շարունակել աշխատիլ, օգտուիլ այդ կարելիութիւններէն, ատիկա կ՛ըլլայ միայն ժամանակի խնդիր. երբ համակարգը կը սկսի աշխատիլ, օրէնքները կը սկսին աշխատիլ, անձերու դերակատարութիւնը, մենիշխանութիւնը կամաց-կամաց կը վերանայ», ըսած է ան եւ աւելցուցած, որ իշխանութիւն ըսուածը այսօր յարաբերական է:

«Կրնանք ըսել, որ Հայաստանի հանրապետական կուսակցութիւնը մէկ անձով ղեկավարուող կուսակցութիւն է, եւ մէկ անձ կ՛որոշէ  կուսակցութեան ե՛ւ քուէարկութիւնները, ե՛ւ ուղղուածութիւնը, եւ այլն, եւ այլն, եւ ես չեմ բացառեր, որ այնտեղ մարդիկ կան, որոնք կը  հաւատան, որ երկրին ապագան այսպէս չի կրնար շարունակուիլ», ըսած է  ան:

Պատգամաւորը բերած է օրինակը Վրաստանի, ուր  նման փոփոխութիւններու նախաձեռնեց  նախկին նախագահ Սահակաշվիլին: «Սահակաշվիլին ըրաւ նոյն նպատակներով, կ՛ենթադրէր, թէ ինքը կը մնայ իշխանութեան մէջ, վարչապետ կը դառնայ եւ այլն, բայց չգործեց այդ համակարգը, փոխուեցաւ: Նոր իշխանութիւնը փորձեց ստուերէն կառավարել երկիրը, Իվանիշվիլին, որ ոչինչ կը ներկայացնէր, բայց ինք կը ներկայացնէր` ով ուր պէտք է ըլլայ: Բայց երբ ստուերային աշխատելաոճը դարձաւ բացայայտ, այս աշխատելաոճը, համաձայնական դաշինքը քանդուեցաւ, եւ արդէն մեքանիզմները սկսան աշխատիլ: Նոյնը, վստահ եմ, կ՛ըլլայ մեր մօտ, եթէ ըլլայ մեր պատկերացուցած լաւ սահմանադրութիւնը, ասիկա շատ արագ այդ հարցերուն պատասխանը կու տայ», նշած է ան:

 

Նախորդը

Ազգային Ժողովին Մէջ Գիւմրիի Դէպքին Քննութեան Առնչութեամբ Լսումներ Կրնան Ըլլալ

Յաջորդը

Նախագահին Նստավայրին Մէջ Խորհրդակցութիւն` Գիւմրիի Ոճիրի Հարցին Շուրջ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Պետութիւններու Շահերը  Եւ Տրամադրուող Պատրուակները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Պետութիւններու Շահերը Եւ Տրամադրուող Պատրուակները

Մայիս 21, 2025
Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Մայիս 21, 2025
Աուն-Սալամ Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Աուն-Սալամ Հանդիպում

Մայիս 21, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?