Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուս Զինուոր Վալերի Փերմեաքով Խոստովանած Է Յանցանքը

Յունուար 14, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Յունան Պօղոսեան
Յունան Պօղոսեան

Գիւմրիի մէջ 12 յունուարին ընտանիքի 6 անդամներուն  սպանութեան մէջ կասկածելի, ռուսական 102-րդ խարիսխի զինուոր Վալերի Փերմեաքով խոստովանած է յանցանքը: Այս մասին յայտարարած է Հայաստանի Հանրապետութեան ոստիկանապետի առաջին տեղակալ Յունան Պօղոսեան` Գիւմրիի մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին: «Վալերի Փերմեաքով  պատմած է, որ քաղաք գացած է զբօսնելու, մտած է այդ տունը, ուր ալ տեղի ունեցած է կատարուածը: Ձերբակալուած անձը կը շարունակէ մնալ ռուսական խարիսխին մէջ», ըստ «Արմէնփրես»-ին , ըսած է Պօղոսեան, ընդգծելով, որ կը շարունակուին յանցագործութեան բացայայտման բոլոր փորձերը: Ռուս սահմանապահները կասկածելին յայտնաբերած են հայ-թրքական սահմանը հատելու ընթացքին եւ յանձնած 102-րդ ռուսական խարիսխի հրամանատարութեան:

Ըստ Յունան Պօղոսեանի, Փերմեաքով  յայտնաբերման պահուն եղած է քաղաքացիական հագուստով: Անոր նախնական յայտարարութեան համաձայն, ան սահմանը  անցնելու ցանկութիւն չէ ունեցած, միայն  ճամբուն վրայ պահուըտած է: Փոխոստիկանապետը նաեւ յայտնած է, որ ըստ  նախնական տեղեկութիւններու, Փերմեաքով  գործած է առանձին:

Ռուսիոյ Բանակի Զօրավարը Նախարար
Օհանեանին Տեղեկացուց Փերմեաքովի
Ձերբակալման Ընթացքին Մասին

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան Գիւմրիի մէջ երէկ տեսակցած է  Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ, բանակի զօրավար Արկադի Պախինի հետ: Վերջինս Սէյրան Օհանեանին ներկայացուցած է Գիւմրիի յանցագործութեան բացայայտման ուղղութեամբ Ռուսիոյ  պաշտպանութեան նախարարութեան յանձնախումբին կողմէ կատարուած աշխատանքները:

Զօրավար Պախին մասնաւորապէս տեղեկացուցած է զինուոր Վալերի Փերմեաքովի ձեռբակալութեան, ռուսական 102-րդ խարիսխին մէջ կատարուող ներքին ծառայողական քննութեան ընթացքին մասին եւ պատրաստակամութիւն յայտնած է  շարունակելու համագործակցութիւնը Հայաստանի  Հանրապետութեան իրաւապահ մարմիններուն հետ` յարուցուած քրէական գործի ծիրին մէջ:

Հայաստանի  Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարը թելադրած է շարունակել համադրուած աշխատանքը երկու պետութիւններու պաշտպանական կառոյցներուն միջեւ` յանցագործութիւնը ամբողջութեամբ բացայայտելու գործին մէջ իրաւապահ մարմիններուն աջակցելու ուղղութեամբ:

Վալերի Փերմեաքով Առաջին Անգամ Չէ,
Որ Փախուստի Կը Դիմէր

Ռուսական լրատու գործակալութեան մը հետ զրոյցին ընթացքին,  Վալերի Փերմեաքովի ծառայակից ընկերները կարգ մը մանրամասնութիւններ պատմած են անոր մասին:   Ըստ անոնց, Փերմեաքով Չիթա քաղաքէն է եւ նախապէս փախուստի փորձ մը եւս կատարած է, որովհետեւ չէ ուզած ծառայել: Փախուստի առաջին փորձէն ետք ան  հիւանդանոց փոխադրուած է, սակայն զղջացած է եւ գրած, որ զինք «դուրս չհանեն»:

Ծառայակիցները ըսած են, որ Փերմեաքով, ընդհանուր առմամբ, հաղորդական, ընկերային տղայ է, եւ չեն հաւատար, որ ան կրնար նման բան ըրած ըլլալ: Ի դէպ, մինչեւ զօրակոչուիլը Փերմեաքովի վրայ կեդրոնացած է իրաւապահներու ուշադրութիւնը: Անոր եղբայրը  բանտարկուած է սպանութեան յանցանքի համար:

Փերմեաքովին Հայրը Ցաւակցութիւն Յայտնած Է
Եւ Խօսած Անոր Մասին

«Նովոսթի Արմէնիա»-ն գրած է, որ խմբագրութիւն հեռաձայնած է անձ մը, որ ներկայանալով իբրեւ Վալերի Փերմեաքովի հայրը, ցաւակցութիւն յայտնած է զոհերուն հարազատներուն:   Գործակալութիւնը նշած է, որ Փերմեաքովի հայրը չէ հաստատած  շրջանառուող այն տեղեկութիւնը, թէ իր որդին նախապէս ալ փախուստ տուած է բանակէն, եւ ըսած, որ ան մեծ սիրով ծառայած է բանակին մէջ:

Ըստ Փաւել Փերմեաքովի, իրենց համար անհասկնալի է կատարուածը, Վալերի երբեք չէ բողոքած, գոհ եղած է զինուորական ծառայութենէն:    Փերմեաքովին հայրը նաեւ պատրաստակամութիւն յայտնած է գործակցելու հետաքննութեան հետ:   «Նովոսթի Արմէնիա»-ն գրած է, որ իր տրամադրութեան տակ ունի տուեալ  անձին հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ձայնագրութիւնը, որ շուտով պիտի հրապարակէ:

«Սպաննած Է` Վախնալով, Որ Զինք Կը Մատնեն».
Ռուսական Լրատու Միջոցներու Անդրադարձը

Ռուսական «Լայֆնիուզ»-ը անդրադարձած է Գիւմրիի սպանդին եւ Վալերի Փերմեաքովի դրդապատճառներուն: Ըստ «Լայֆնիուզ»-ին, Փերմեաքով չէ ուզած ծառայել բանակին մէջ, իսկ մարդիկը սպաննած է` վախնալով, որ զինք կը մատնեն: «Հարցաքննութեան ժամանակ Փերմեաքով յայտարարած է, որ չէ ծրագրած  մարդասպանութիւնը: Միայն փախուստը  ծրագրած է:

Թրքական Կայքերը Անդրադարձած Են
Գիւմրիի Ողբերգութեան

Թուրքական «Փոփ10 հապեր» եւ «Պիւկիւն» եւ Bugun կայքերը անդրադարձած են Գիւմրիի մէջ տեղի ունեցած ողբերգութեան: «Ձերբակալուած է 6 մարդ սպաննած ռուս զինուորականը» վերնագիրով յօդուածներուն մէջ կայքերը յատուկ արձագանգ  չեն տուած, միայն տեղեկացուցած են դէպքին  մասին: Թրքական կայքերուն մէջ նշուած է, որ ռուս զինուորականի յանցագործութեան պատճառը տակաւին յայտնի չէ: Ողբերգութեան մասին յօդուածը մեծ տարածում գտած է :

Երէկուան Համերգը Տեղի Չունեցաւ

Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի Դիմատետրի էջին մէջ երէկ գրուած էր հետեւեալը. «Յարգելի համաքաղաքացիներ, Երեւանի քաղաքապետարանին կողմէ, մայրաքաղաքի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ 13 յունուարի ժամը 20:00-ին նախատեսուած համերգը տեղի պիտի չունենայ, Գիւմրի քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ողբերգական դէպքին պատճառով: Կը ցաւակցիմ Աւետիսեաններու ընտանիքի հարազատներուն եւ բոլոր գիւմրեցիներուն»:

01315herou-hayeritsՄոմավառութիւն` Ի Յիշատակ
Աւետիսեաններու Ընտանիքին

Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ երէկ երեկոյեան կազմակերպուած է մոմավառութիւն, ի յիշատակ Աւետիսեաններու ընտանիքին, որուն անդամներուն հոգեհանգիստը տեղի պիտի ունենայ այսօր, իսկ յուղարկաւորութիւնը` 15 յունուարին:

 

 

 

Նախորդը

Արցախեան Դիրքերու Ուղղութեամբ Կրակոցները` Բազմացած

Յաջորդը

Ազգային Ժողովի Նախագահը Մաթվիենքոյի Անունով Շքանշան Յանձնեց Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանին

RelatedPosts

Արցախը 47-րդ Օրն Ըլլալով Ամբողջական  Շրջափակման Մէջ.  Արցախէն Եւս Երեք Հիւանդ  Տեղափոխուած Է Հայաստան
Գլխաւոր լուրեր

Արցախը 47-րդ Օրն Ըլլալով Ամբողջական Շրջափակման Մէջ. Արցախէն Եւս Երեք Հիւանդ Տեղափոխուած Է Հայաստան

Յունուար 28, 2023
Զախարովա. «Ի Տարբերութիւն Օտարերկրեայ  Խաղացողներու Մեծ Մասին, Որոնք  Կը Սահմանափակուին Միայն Կոչերով,  Մենք Իրական Լուծումներ Կը Փնտռենք»
Գլխաւոր լուրեր

Զախարովա. «Ի Տարբերութիւն Օտարերկրեայ Խաղացողներու Մեծ Մասին, Որոնք Կը Սահմանափակուին Միայն Կոչերով, Մենք Իրական Լուծումներ Կը Փնտռենք»

Յունուար 28, 2023
Քոփիրքին. «Ռուսիան Տքնաջան Աշխատանք  Կը Տանի Լաչինի Միջանցքը Ամբողջութեամբ  Ապաշրջափակելու Համար»
Հայկական

Քոփիրքին. «Ռուսիան Տքնաջան Աշխատանք Կը Տանի Լաչինի Միջանցքը Ամբողջութեամբ Ապաշրջափակելու Համար»

Յունուար 28, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In