Երեւանի Մէջ Ֆրանսայի Դեսպանատան Մօտ Ծաղիկներ Եւ Մատիտներ Զետեղեցին
Հայաստանցիները երէկ ծաղիկներ եւ մատիտներ զետեղած են Երեւանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանութեան շէնքին մօտ` ի յիշատակ չորեքշաբթի օր Փարիզի մէջ «Շարլի Էպտօ» երգիծական շաբաթաթերթին դէմ իրականացուած յարձակման զոհերուն: Յիշեցնենք, որ Փարիզի կեդրոնական շրջանին մէջ «Շարլի Էպտօ» երգիծական շաբաթաթերթը չորեքշաբթի ենթարկուած էր յարձակման, որուն պատճառով 12 մարդ զոհուած էր, իսկ 10 ուրիշներ` վիրաւորուած: