Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Դատարանին Մէջ Փերինչեքի Գործը` 28 Յունուարին
28 յունուարին Սթրազպուրկի մէջ գտնուող Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումի հարցով թուրք քաղաքական գործիչ Տողու Փերինչեքի դատական հարցին քննութիւնը: Թուրք նախկին պետական նախարար Ուֆուք Սէօյլեմեզ համոզում կը յայտնէ, որ այս դատավարութիւնը Թուրքիոյ համար պատմական կարելիութիւն է: Թուրքիոյ Հանրապետական ժողովուրդի եւ Ազգայնական շարժում կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները կոչ ուղղած են ջնջելու Տողու Փերինչեքի` Թուրքիայէն դուրս գալու արգելքը,...