Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Աճիւններ Եւ Իրողական Սահմանագծումներ

Փետրուար 24, 2015
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

22315_Suleyman-Shah_Turkey_Aleppo_SyriaԱնգարայի իրականացուցած Շահ Ֆըրաթ գործողութիւնը  դիտարժան որոշ երեւոյթներ կը պարզէ: Կը թուի, որ Անգարան բոլոր առնչակից կողմերուն հետ համաձայնեցուցած էր իր գործողութիւնը:

Զինուորական գործողութեան անարգել իրականացումը այս ենթադրութիւնը աւելի հաստատ վարկածի կը վերածէ: Առնչակից երեք կողմ կայ այս առումով: Նախ անշուշտ, տարածքը վերահսկող ՏԱՀԵՇ իսլամական զինեալ խմբաւորումը, ապա մերձաւոր դիրքեր գրաւած քրտական ուժեր եւ վերջապէս պաշտօնական Դամասկոսը, որուն բանակային ուժերուն վերահսկողութենէն դուրս է խնդրոյ առարկայ տարածքը:

Գործողութիւնը նպատակ ունեցած է ոչ միայն տեղափոխել Օսմանեան կայսրութեան հիմնադիրին մեծ հօր աճիւնները, այլ նաեւ դամբարանի պահակութիւն ընող 40 թուրք զինուորները, որոնք կը ներկայացուէին իբրեւ պատանդ:

Պաշտօնական Անգարան նախքան գործողութիւնը տեղեակ պահած էր Պոլսոյ մէջ գործող սուրիական հիւպատոսարանը իր կողմէ առնուելիք քայլերուն մասին: Պարզ է, որ այս ձեւականութիւնը որեւէ իմաստ չունի։ Զինուորական ուղղակի ներխուժումներու այս քայլերը միջազգային համաձայնագիրներու կոպիտ խախտումներու օրինակներ են: Այդ պատճառով ալ զուտ ձեւականութիւն է Պոլսոյ մէջ  սուրիական ներկայացուցչութիւնը տեղեակ պահելը:

Քրտական ուժերու չներքաշուիլը այս հարցին մէջ զինուորաքաղաքական առումով կրնայ իր բացատրութիւնը ունենալ: Իրողական սահմանագծում մը գոյութիւն ունի Իսլամական պետութիւն-քրտական շրջաններ, եւ կարմիր գիծերը շրջանցելու պարագային է, որ բախումները թէժ բնոյթ կը ստանան: Դէպքերու այս իրադրութիւնը կը նախանշէ, որ գէթ այս հանգրուանին խնդրոյ առարկայ տարածքը Իսլամական պետութեան  իրողական  վերահսկողութեան տակ է:

Այս լուռ ընկալումն ու հասկացողութիւնն է, որ անհանգստացուցած է թրքական ընդդիմութիւնը, որ աճիւններու փոխադրութեան գործողութեան մէջ կը տեսնէ հրաժարում դամբարանի տարածքին թրքական նկատուելէն: Հողային կորուստի համազօր արարք կը նկատէ թուրք ազգայնականութիւնը  աճիւններու տեղափոխումը:

Աճիւնները ժամանակաւորապէս փոխադրուած են Թուրքիա եւ ըստ թրքական յայտարարութիւններուն պիտի վերադարձուին Սուրիոյ մէջ դարձեալ թրքական տարածք նկատուող Աշմա շրջանը: Այս յայտարարութիւնը ինքնին յաւելեալ փաստ է, որ նախկին դամբարանի տարածքը դուրս եկած է Անգարայի ծրագիրներէն:

Համակողմանի լուռ համաձայնութեան մը տպաւորութիւնը կը փոխանցուի այս ձեւով: Սուլէյման շահի նախկին դամբարանին տարածքը Իսլամական պետութեան սահմաններուն մէջ կ՛ընդունուի: Աշման թուրքերը կը նկատեն իրենց տարածքը: Այս ընկալումներու նուիրականացումները եթէ մէկ կողմէ տեղի կ՛ուենան սուրիական կառավարական ուժերու վերահսկողութենէ դուրս եւ միւս կողմէ քրտական ուժերու դիտորդի հանգամանքի փաստով, ապա գետնի վրայ կ՛իրականանան բացառապէս ՏԱՀԵՇ-Անգարա զինուորաքաղաքական համագործակցութեամբ` միջազգային ընտանիքին դիմաց:

Մնացեալը` 572 զինուորներու ներխուժում, 57 զրահապատ մեքենայ եւ 39 հրասայլ, ներկայացման կահաւորման եւ ձեւագիտական յարդարումին մաս կազմող առարկաներ են: Ի վերջոյ, նման տարողունակ ռազմագործողութիւն մը աւարտած է մէկ թուրք զինուորի սպանութեամբ, ան ալ` արկածի հետեւանքով: «Կայծակնային» այս գործողութիւնը ըստ էութեան ներխուժում է Իսլամական պետութեան տարածք եւ ոչ թէ սուրիական, որուն համար ալ Անգարան ձեւականութիւն յարգած է Պոլսոյ մէջ գործող սուրիական հիւպատոսարանը տեղակ պահելով: Իսլամական պետութեան զինեալներն ալ օժանդակած են այս ներխուժման ապահով եւ արդիւնաւէտ իրականացման համար:

«Ա.»

 

Նախորդը

Դաւիթ Քոչարեան Դուրս Եկաւ Բարգաւաճ Հայաստան Կուսակցութեան Խմբակցութենէն

Յաջորդը

Քասիաս Նոր Մրցանիշ Մը Հաստատեց «Լա Լիկա»-ին Մէջ

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»

Օգոստոս 19, 2025
Թրամփ. «Եթէ Իրանի Դէմ Զինուորական  Միջամտութեան Մը Կարիքը Զգացուի Պիտի Միջամտենք,  Եւ Իսրայէլ Անոր Պիտի Մասնակցի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Խրիմին Վերատիրացում Եւ Ուքրանիոյ` ՕԹԱՆ-ին Անդամակցութիւն Տեղի Պիտի Չունենայ»

Օգոստոս 19, 2025
Ռուսիա Դարձեալ Հարուածած Է Օտեսայի Մէջ  Ազրպէյճանական ՍՈՔԱՐ-ի Կառոյցները
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիա Դարձեալ Հարուածած Է Օտեսայի Մէջ Ազրպէյճանական ՍՈՔԱՐ-ի Կառոյցները

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?