Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Կարգաւորման Նախապայմաններ

Օգոստոս 31, 2021
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ նախագահին յայտարարութիւնը, որ իր պետութիւնը պատրաստ է  Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու, նոր անկիւնադարձային նշանակութիւն չունի անպայման: Նորութիւն չէ ասիկա: Յատկապէս պատերազմէն ետք Թուրքիան եւ իր կրտսեր եղբայրը նման պայմանական յայտարարութիւններով հանդէս եկան. եթէ Երեւանը ողջմիտ քայլեր առնէ, ապա երկու պետութիւնները պատրաստ են յարաբերութիւններու կարգաւորման: Ամբողջ պայմանականութիւն մը կամ նախապայմանային քաղաքականութիւն մը ամփոփուած է այս բանաձեւին մէջ:

«Եթէ»-ն ամրագրուած է նաեւ Շուշիի հռչակագիրին մէջ, որ հիմնականին մէջ թուրքեւազրպէյճանական միացեալ հայեցակարգ էր հայկական խնդիրներու ընկալման եւ անոնց լուծման ուղղութեամբ համակարգուած գործողութիւններու ձեռնարկելու առումով:

Եւ հիմա այս յայտարարութիւնը: Անոր բովանդակութիւնը թէ՛ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումի եւ թէ՛ տարածքային պահանջատիրութենէն հրաժարումի քայլերու ակնկալութիւնն է Երեւանէն: Երբ կ՛ըսուի, որ պատմութեան հետ կապուած միակողմանի պահանջները պէտք չէ պատճառ դառնան թշնամանքի, ապա կը պայմանականացուի կարգաւորումը` Ցեղասպանութեան ճանաչումի պահանջէն հրաժարումով:

Ապա, երբ  տարածաշրջանին մէջ կառուցողական մօտեցումի անհրաժեշտութիւնը կը բացատրուի դրացիական յարաբերութիւնները զարգացնելով, տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան սկզբունքները յարգելով: Այս սկզբունքներուն հիման վրայ է, որ ըստ Էրտողանի, Թուրքիան պատրաստ է աստիճանապէս կարգաւորելու յարաբերութիւնները Հայաստանի Հանրապետութեան հետ: Այստեղ կայ որոշ մանրամասնութիւն, որուն ծալքերը տակաւին պարզ չեն. Թուրքիոյ նախագահը այս յայտարարութիւնը կատարած է իբրեւ արձագանգ Երեւանէն այս ուղղութեամբ շարժելու պատրաստակամութեան մասին:

Այս յայտարարութենէն առաջ Հայաստանի վարչապետը Թուրքիայէն յղուող դրական ազդակներու մասին կը խօսէր: Ուրեմն պարզ չէ դրական գործընթացի նախադրեալներու մեկնարկի բուն հասցէն: Փաշինեանը Անգարային կը վերագրէ այդ հանգամանքը, մինչ Էրտողանը` Երեւանին:

Տարածքային ամբողջականութեան յարգումի սկզբունքը իրաւական բաժին ունի բնականաբար. կ՛ենթադրէ յատուկ պայմանագիր փոխադարձ տարածքային ամբողջականութիւններու ճանաչման. իսկ ասիկա արդէն մեր պատմական իրաւունքներու` տարածքային առումով հրաժարումի համազօր իրաւական յանձնառութիւն է:

Ո՛չ միայն. որովհետեւ երբ բարի դրացիութեան մասին կը խօսուի եւ տարածաշրջանային տարողութիւն կը տրուի, դրացի է նաեւ ` Ազրպէյճանը. ուրեմն տարածքային ամբողջականութեան կէտը կը վերաբերի նաեւ Ազրպէյճանին եւ ըստ էութեան առ երեւոյթ երկրորդ կարգի նշանակութիւն ստացած երրորդ նախապայմանը` Արցախի խնդիրի ազրպէյճանանպաստ լուծումի նախապայմանը եւս կը վերադառնայ օրակարգ: Տարբերութիւնը այստեղ այն է, որ նախապատերազմեան ժամանակահատուածին Արցախէն հայկական ուժերու հեռացումը առաջին նախապայմանն էր. հիմա ստացած է անուղղակի ձեւ:

Նախապայմաններու գործադրութեան համար Թուրքիոյ նախագահը երկու գերակայ ձեւաչափի ակնարկած է: Նոյեմբեր 9-ի հրադադարի յայտարարութեան եւ վեցեակի հարթակի առաջադրանքին: Կը թուի, որ ապաշրջափակումն ու միջհարեւանական խնդիրներու կարգաւորումը ոչ թէ Անգարա-Երեւան կամ Պաքու-Երեւան, այլ տարածաշրջանային տարողութիւն ունի: Իսկ այստեղ գլխաւոր խաղցողներու դերերը առանցքային են: Հայկական դիրքերը թոյլ են, մանաւանդ 44-օրեայ պատերազմի արդիւնքներէն ետք:

«Ա.»

Նախորդը

Քանատայի Մէջ Կայանալիք Համապետական Խորհրդարանական Ընտրութիւններէն Առաջ Հայ Դատի Յանձնախումբը Հրապարակած Է Իր Քաղաքական Առաջնահերթութիւնները

Յաջորդը

Միացեալ Նահանգներ Պիտի Չմասնակցին Հարաւային Քորէայի Եւ Բրիտանիոյ Ծովուժներու Ռազմափորձին

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջին Անմիջական Արձագանգին Ետին  Կանգնած Իրականութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջին Անմիջական Արձագանգին Ետին Կանգնած Իրականութիւնը

Նոյեմբեր 1, 2025
Այցելելով Պէյրութ`  «Զէնքի Մենաշնորհման Մէջ Ձախողիլը  Ժխտական Նշան Պիտի Յղէ»  Կ՛ըսէ Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Պէյրութ` «Զէնքի Մենաշնորհման Մէջ Ձախողիլը Ժխտական Նշան Պիտի Յղէ» Կ՛ըսէ Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը

Նոյեմբեր 1, 2025
Պաքուի Մէջ Կը Շարունակուի  Հայ Գերիներու Դատավարութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Պաքուի Մէջ Աւարտած Է Արցախի Ռազմաքաղաքական Ղեկավարներու Եւ Միւս Գերիներու Դատավարութիւնը

Նոյեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?