Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Սեպտեմբեր 2-ի Առաջադրանքներու Կատարման Համար

September 2, 2021
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սեպտեմբեր 2-ը արցախեան հակամարտութեան հանգուցալուծման իրաւական մեկնակէտն է: Նախ, ժողովրդավարական հիմունքով կայացած հանրաքուէ է իբրեւ միջազգայնօրէն ընդունելի կամարտայայտման եղանակ: Ապա, դարձեալ միջազգային օրէնքի հիման վրայ` ինքնորոշման իրաւունքի ամրագրումն է: Երրորդ` Արցախի Հանրապետութեան սահմաններու կամ Արցախի տարածքային ամբողջականութեան սահմանագծումն է: Հռչակագիրը իբրեւ սահման կը վերաբերի ԼՂԻՄ-ի եւ Շահումեանի վարչատարածքին: Այնտեղ ապրող բնակչութիւնն է, որ ինքնորոշուած է եւ որոշած անջատուիլ Խորհրդային Միութենէն:

Այսօրուան իրականութիւնը հեռացած է սեպտեմբեր 2-ի առաջադրանքէն: Առաջին պատերազմի ընթացքին կորսնցուցած ենք Շահումեանի վարչատարածքը: 44-օրեայ պատերազմին` ԼՂԻՄ-եան տարածքներ:

Սեպտեմբեր 2-ի առաջադրանքի իրականացման համար կայ գերակայ երկու ուղղութիւն: Առաջինը` Արցախի տարածքային ամբողջականութեան վերականգնում, եւ ապա` Արցախի Հանրապետութեան ճանաչում: Փոխկապակցուած են երկու ուղղութիւնները եւ մէկը առանց միւսին չի  կրնար ամբողջական լուծում ապահովել հակամարտութեան: Այլ խօսքով` կարգավիճակի խնդիրը առանց սահմաններու ճշդման, թերի մօտեցում կը  նկատուի հարցի կարգաւորման գործընթացին շրջանակներուն մէջ:

Միջազգային մակարդակի վրայ, որպէսզի սեպտեմբեր 2-ի խորհուրդի առարկայացման նախադրեալներ ամրագրուին, ապա հրամայական է Ստեփանակերտի վերադարձը բանակցութիւններուն: Այս կը նշանակէ իր հերթին, որ բանակցութիւններու գործընթացը անհրաժեշտ է վերականգնել. վերագործարկել ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ձեւաչափը: Այս վերադարձը ինքնին կ՛ենթադրէ Անգարայի դուրս մղումը` գործընթացէն:

Ամբողջ հակամարտութեան էութիւնը Արցախ-ազրպէյճանական յարաբերակցութենէն Հայաստան-Ազրպէյճան տեղափոխելը հետեւողականօրէն եղած էր Անգարայի եւ Պաքուի դիւանագիտութեան առաջադրանքը: Արցախի դուրս մղումը ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքէն հեռացում էր եւ հարուած սեպտեմբեր 2-ի գաղափարախօսութեան: Ինքնորոշման իրաւունքի միջազգային սկզբունքը վերածել էր  Հայաստան-Ազրպէյճան տարածքային վէճի` այնտեղ գերադասելով տարածքային ամբողջականութեան միջազգային իրաւադրոյթը:

Տարածքային խնդիրները աւելի բարդացնելու քաղաքականութեամբ Պաքուն կը միտի ճնշել` արագացնելու համար Հայաստանի հետ սահմանազատման եւ սահմանագծման գործընթացը:

Այդ գործընթացը կ՛ամփոփուի փոխադարձ տարածքային ամբողջականութիւններու ճանաչումով: Նման նախապայմանային պահանջով հանդէս կու գայ նաեւ Անգարան`  փորձ կատարելով այդ բոլորին հաղորդել տարածաշրջանային հնչեղութիւն:

Բանակցութիւններու դասական ձեւաչափի վերականգնումը  կ՛առկախէ բազմակողմանի այս ճնշումային քաղաքականութեան իրականացումը:

Հայկական կողմի բանակցային վերամշակելի ռազմավարութիւնը կրնայ հիմնուիլ հետեւեալ սկզբունքներուն վրայ:

Ա. Ստեփանակերտի վերադարձ բանակցութիւններուն:

Բ. Արցախի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան (ԼՂԻՄ+Շահումեանի վարչատարածք) վերականգնում

Գ. Ինքնորոշման միջազգային օրէնքի հիման վրայ Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչում

Դ. Սահմանազտման եւ սահմանագծման գործընթաց` Արցախի եւ Ազրպէյճանի հանրապետութիւններուն միջեւ:

Սեպտեմբեր 2-ը այս բոլորին մեկնակէտն է, թէ՛ իրաւական, թէ՛ գաղափարախօսական եւ թէ՛ համազգային առումներով: Հայ քաղաքական միտքը պիտի յաջողի սեպտեմբեր 2-ի առաջադրանքները դիտարկել աշխարհաքաղաքական գործընթացներու տեսանկիւնէն եւ առաւելներ արձանագրել յատկապէս տարածաշրջանային գլխաւոր խաղցողներու ճշդած օրակարգերուն հետ համընկնումի բաժիններ նկատելով:

Նախորդը

Յատուկ Նիստ` Արցախի Հանրապետութեան Հռչակման 30-Ամեակին Առիթով

Յաջորդը

ՕԹԱՆ. «Տոնպասի Մէջ Տիրող Տագնապը Չի Խանգարեր Ուքրանիոյ Դաշինք Մտնելուն»

RelatedPosts

Խմբագրական.  Նախապայմաններ Եւ Բախումներ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նախապայմաններ Եւ Բախումներ

October 31, 2026
Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.