Նախագահ-նշանակեալ վարչապետ հերթական հանդիպումը չարդիւնաւորուեցաւ: Նախօրէին ստեղծուած էր համեմատական լաւատեսութիւն. եւ ասիկա կարծէք օրինաչափ հերթականութիւն մը ունի: Հանրային կարծիքին մօտ պետական եւ լրատուական շրջանակներ լաւատեսութեան նախադրեալներ կը ստեղծեն, որ համաձայնութիւնը մօտալուտ է, եւ կառավարութեան կազմը գրեթէ պատրաստ` պաշտօնական հրապարակման: Կը մնան միայն կարգ մը մանրամասնութիւններ, ճշդելի քանի մը նախարարութիւններու համապատասխան վերջին եզրայանգումներ եւ այլն: Արդիւնքը` յետաձգում, լաւագոյն պարագային` յառաջիկայ հանդիպումի կայացման մասին պաշտօնական յայտարարութիւն:
Տեղապտոյտը կը շարունակուի: Եւ եթէ կառավարութեան կազմութեան գործընթացը տեղապտոյտի մէջ է, ապա պետութեան կազմաքանդումն ու հասարակութեան թշուառացումի գործընթացը գահավէժ ընթացքի մէջ է:
Միջազգային ընտանիքի տարբեր անդամ-պետութիւններ յայտարարողական մակարդակի վրայ անընդհատ կը յուշեն կառավարութեան կազմութեան անյետաձգելիութեան հրամայականը: Պարզ է քաղաքագիտական տրամաբանութիւնը: Կառավարութեան կազմութիւնը համընդհանուր համոզում է, որ ներլիբանանեան համաձայնութեամբ գոյանալիք չէ: Տարածաշրջանային եւ միջազգային ուժեր ուղղակիօրէն առնչուած են այս հարցին եւ մէկ կողմէ առաջադրելով կառավարութիւնը, միւս կողմէ գետնի վրայ արգելակելով այդ գործընթացը, ներկայ անդունդային իրավիճակը կը ստեղծեն:
Տրամաբանական չէ, որ կարմիր գիծերը հատած, պետութեան կազմաքանդման բոլոր փուլերը ամբողջացնող այս վիճակին վերջակէտ դնելու համար նախարարական պաշտօններու, չափաբաժիններու պահպանման կռիւով բացատրուին այս բոլորը: Տեսանելի բաժինը նախագահական հաստատութիւնն ու անոր լիազօրութիւններու պահպանումն է, չերեւցած բաժինը այդ լիազօրութիւններու ամբողջական խլումով վարչակարգի տապալումն է:
Սակայն վարչակարգի տապալման առաջադրանքը եւս միջոց է երթալու համար դէպի համակարգի ամբողջական, արմատական փոփոխութիւն: Պարզ է, որ իւրաքանչիւր շահագրգիռ պետութեան երկարաժամկէտ ծրագիրներու ծալքերն ու հիմնական նպատակները յստակ չեն տակաւին: Մէկուն համար համայնքայինի պահպանումը կրնայ անտեղիտալի սկզբունք ըլլալ, ուրիշին համար քաղաքացիական պետութիւն ստեղծելը` միջոց, երրորդի մը համար` համադաշնակցային դրութիւնը: Ինչ ալ ըլլան նպատակներն ու ծրագիրները, այժմ կազմաքանդումն է, որ կ՛իրականացուի: Ենթադրաբար կայ միացեալ արտաքին ճակատ մը, որ կազմաքանդելու գործողութիւններու շարքի մը կիրարկման իր համաձայնութիւնը տուած է: Վերջը ըլլալիքը անորոշ ձգելով:
Հանգոյցները բարդ են անշուշտ: Իրանամէտ Հըզպալլայի չէզոքացումէն մինչեւ ընդծովեայ ուժանիւթի համար սահմանազատում եւ ապա սպառողական ընկերութիւններու ներգրաւում, հասնելու համար մինչեւ պաղեստինցի ազգաբնակչութեան վերջնական բնակեցում` գլխաւոր օրակարգերն են, որ միջազգային ընտանիքի այս կամ այն անդամին կողմէ կը յիշեցուին: Մնացեալը` բարեկարգում կամ կաշառակերութեան արմատախլում, հաշուետուութիւն եւ բոլոր դերակատարները արդարադատուութեան առջեւ կանգնեցնելու որոշում` ֆինանսական եւ տնտեսական պաշարումը շարունակելու համար յայտարարուած պատճառներ են, եթէ ոչ պատրուակներ:
Բայց այս բոլորին մէջ կ՛երեւին կիսաբաց պատուհաններ: Տատամսոտ ակնկալութիւններ կան իրանեան բեռնատար նաւուն Լիբանան հասցնելիք վառելանիւթին նկատմամբ: Իրաքեան նախաձեռնութիւնը որոշ ժամանակ չառարկայացաւ` տեղի տալով դարձեալ միջազգային պաշարումի կամ արգելանքի տեսութեան իրականութեան:
Սուրիական կանգառով իրանեան վառելանիւթի Լիբանան հասնելու հաւանականութեան արձանագրումի պարագային կ՛ուժեղանայ Իրան-Միացեալ Նահանգներ երկխօսութեան արդիւնաւորման առաջին արարը: Այդ չի նշանակեր որ կը վերացուի արգելքը եւ կը լուծուին խնդիրները: Այդ կը նշանակէ, որ կը շարունակուի անհրաժեշտ թթուածին ներարկելով կացութիւնը քաշքշելու քաղաքականութիւնը:
Հիմա ուշագրաւ է, որ իրանեան նաւուն ծով դուրս գալու եւ իրաքեան հում վառելանիւթի արաբական ընկերութեան մը կնքած գործարքի լրատուութիւնները համաժամանակեայ հրապարակուեցան:
Զուգահեռ տեղի կ՛ունենայ բեմագրութեան այլ տարբերակ մը: Ի բացակայութիւն պետական հաստատութիւններու գործառոյթներու եւ ծառայութիւններու, իւրաքանչիւր շրջան, քաղաք կը ճգնի լուծել իր խնդիրները: Նոյնը` իւրաքանչիւր համայնք: Ինքնակառավարման ճգնաժամային տարբերակ մըն է, որ կը կիրարկուի այսօր` դեղորայքէն մինչեւ հիւանդանոցային բուժում, սնունդէն մինչեւ ջուրի մատակարարման նոր համակարգեր ստեղծելու իրականութիւններով: Հաւաքական մտապատկերներու մէջ ուրուագծելով համադաշնակցային կառավարչաձեւը:
Քաղաքական արտաքին պատուէրները կը թուի, որ կը թեւակոխեն նաեւ իրաւական փուլ: Իրաւականը եւս անջատ եւ անկախ չէ քաղաքականէն: Տակաւին հարցական է, որ դատաւորներու յանդուգն որոշումները արդարադատական համակարգը վերակայացնելո՞ւ կը միտին, թէ՞ լիբանանեան դասական դէմքերու հեղինակազրկումին: Ինչ որ իր հերթին միջոց է երկարաշունչ ծրագիրին` համակարգային փոփոխութեան:
Այս բոլորը կը յուշեն, որ նման քաշքշուքային վիճակի մէջ, որոշ թթուածինային գործողութիւններ ներկրելով, Լիբանանը գէթ ներկայ փուլին պիտի մնայ վերահսկելի քաոսի մէջ: Երաշխաւորող գործիքը այս բոլորին` տնտեսական պաշարումն է: Որ յամենայն դէպս կը վերանայ, երբ Լիբանանի ճակատագիրին շուրջ համաձայնութիւն գոյանայ երկխօսութեան մէջ գտնուող պետութիւններու միջեւ: Աւելի ճիշդ` երբ տեղի ունենայ շահերու բաժանման միջազգային համաձայնութիւնը: