Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Ռազմագերիներ Եւ Տարաբնոյթ Վերագրումներ

Յունիս 14, 2021
| Newsletter, Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

15 ռազմագերիներու վերադարձի գործընթացի կայացման տարաբնոյթ վերագրումներ կը կատարուին: Ընդհանուր առումով կայ երկու ուղղութիւն: Առաջին ուղղութիւնը գործընթացի իրականացման մէջ հիմնական դերակատարութիւն կը վերապահէ Վրաստան-Միացեալ Նահանգներ-Եւրոպական Միութիւն  համակարգուած միջնորդութեան, մինչ միւս ուղղութիւնը` բացառապէս Մոսկուային:

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնակատարը առաջին ուղղութեան բանաձեւումը կը կատարէ, երբ կը յայտարարէ, որ

«Երկու օր առաջ ես հանդիպում ունեցայ Միացեալ Նահանգների արտաքին գործերի նախարարի տեղակալի հետ, ով ասաց, որ Միացեալ Նահանգների արտաքին գործերի նախարար Էնթընի Պլինքընի յանձնարարութեամբ ունի առաքելութիւն այս օրերի ընթացքում ինչ-որ մի ճեղքում ապահովել գերիների վերադարձի հարցում: Ես բնականաբար ասացի, որ մենք պատրաստ ենք: Ահա այսօր` գործադրուած ջանքերի, այդ թւում` Վրաստանի վարչապետի, վրաց մեր եղբայրների, Եւրոպական Միութեան մեր գործընկերների ջանքերի արդիւնքում, մեր եղբայրները եկան Հայաստան»:

Վարչապետի պաշտօնակատարին եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարին յայտարարութիւնները համահունչ գիծեր կը ներառեն. Էնթընի Պլինքթըն կը յայտարարէր, որ

«Մենք նաեւ ողջունում ենք Հայաստանի որոշումը Ազրպէյճանին տրամադրել կարեւոր տեղեկատուութիւն, որը կ՛օգնի մարդասիրական ականազերծման աշխատանքներին ու թոյլ կը տայ խուսափել հետագայ դժբախտ պատահարներից: Մենք երախտապարտ ենք վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլուն ու Վրաստանի կառավարութեանը` այս քայլերին օգնելու հարցում ունեցած էական դերակատարման համար, որը տարածաշրջանի ժողովրդին աւելի է մօտեցնում խաղաղ ու բարեկեցիկ ապագային, որին նրանք արժանի են»:

Վրաստանի դերակատարութիւնը շեշտակիօրէն ընդգծուած է Ուաշինկթընի կողմէ հրապարակուած արժեւորումին մէջ: Պլինքըն միայն ռազմագերիներու վերադարձով չի պայմանաւորեր Թիֆլիսի դերը. ըստ անոր, Թիֆլիսին վերապահուած է Երեւան-Պաքու բնականոն յարաբերութիւններու հաստատման գործընթացին մէջ միջնորդական առաքելութիւն իրականացնելու դեր: Թիֆլիսին տրուող տարածաշրջանային դերը անշուշտ ամերիկեան ներշնչումներ ունի եւ ուղղակի կը հակադրուի Մոսկուային, նուազ չափով` Անգարային:

Պաշտօնական Երեւանի յայտարարութիւնը փոխլրացուցիչ բաղադրիչ կը պարփակէ: Այս առիթով երախտագիտութիւն կը յայտնուէր Միացեալ Նահանգներուն ու Վրաստանին, Մինսքի խմբակի համանախագահներ Ռուսիոյ ու Ֆրանսայի նախագահներուն եւ Եւրոպական Միութեան:

Անցնինք սակայն երկրորդ ուղղութեան: Ակներեւօրէն զուսպ է Մոսկուայի արձագանգը: Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը կը յայտարարէր, որ Մոսկուան կ՛ողջունէ ազրպէյճանական կողմէն 15 հայ զինծառայողի փոխանցումը Երեւանին` ականապատուած դաշտերու քարտէսին դիմաց: «Երկար սպասուած եւ հիանալի նորութիւն»: Կ՛եզրափակէր Մարիա Զախարովան:

Այստեղ ընդհանրապէս ո՛չ Եւրոպական Միութիւն, ո՛չ Թիֆլիս, ո՛չ ալ Միացեալ Նահանգներ նշուած են. չէ նշուած նոյնիսկ Մոսկուայի դերին մասին:

Մոսկուայի դերին մասին նշելու պարտականութիւնը ստանձնած է ռազմագերի յանձնած կողմը: Հետաքրքրական է, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը բացառապէս Մոսկուային կը վերապահէ յանձնումի գործընթացի իրականացման միակ դերակատարի հանգամանքը:

Այսպէս.

«Ռազմագերիները վերադարձուել են բացառապէս զօրավար Մուրատովի եւ ռուսական կողմի վճռորոշ ջանքերով եւ դերակատարութեամբ:

2021 թուականի յունիսի 12-ին Ազրպէյճանը Հայաստանին է վերադարձրել 15 գերեվարուած հայերի` Հայաստանի կողմից դրա դիմաց ստանալով Աղտամի ականապատ դաշտերի քարտէսները:

Փոխանակումն անցկացուել է ազրպէյճանա-վրացական սահմանին` Վրաստանի ներկայացուցիչների մասնակցութեամբ»:

Թիֆլիսի մասին նշումը աննշան է: Փոխանակման իբրեւ վայր կը յիշուի Ազրպէյճան-Վրաստան սահմանը: Մոսկուայի դերակատարութիւնը կը բնութագրուի իբրեւ բացառիկ եւ  վճռորոշ:

Ռազմագերիներ յանձնող կողմը գործընթացի իրականացումը կը վերագրէ Մոսկուային, մինչ ստացող կողմը` Միացեալ Նահանգներուն, Եւրոպական Միութեան եւ Վրաստանին:

Տարաբնոյթ այս վերագրումները բացատրողական են տարածաշրջանին մէջ իրականացուող աշխարհաքաղաքականութեան տեսակէտէն: Դժուար է եզրակացնելը, որ հայկական կողմի բազմահասցէ վերագրումներն ու Մոսկուայի շրջանցումը այդ բոլորին մէջ որքանո՛վ պիտի նպաստէ ռազմագերիներու յանձնումի ընդհանուր գործընթացին. նաեւ` ընդհանրապէս հետագայ գործընթացներուն:

«Ա.»

Նախորդը

«Հայաստան» Դաշինքը Իր Քարոզարշաւը Կը Շարունակէ Լոռիի Մարզին Մէջ. Քոչարեանի Առցանց Հանդիպումը` Սփիւռքահայ Քաղաքական Գործիչներու, Մտաւորականներու Եւ Գործարարներու Հետ

Յաջորդը

«Պէտք Է Ձերբազատուիլ Այս Իշխանութենէն, Որուն Պատճառով Հայութիւնը Ապրեցաւ Անկախ Հայաստանի Նորագոյն Պատմութեան Ամէնէն Աղէտալի Էջերը` Կորսնցնելով Արցախի Մեծ Մասը»

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իսրայէլէն Ակնկալութիւններ Եւ Չապահովուած Երաշխիքներ

Օգոստոս 20, 2025
Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ  Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի  Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»

Օգոստոս 20, 2025
Սալամ Յորդանան Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Յորդանան Այցելեց

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?