Կառավարութեան կազմութեան ոդիսականը երէկ հասաւ իր աւարտին: Անշուշտ խորացած տագնապը չէ, որ հասած է իր աւարտին: Պէտք չէ միամտանալ` եզրակացնելու համար, որ իրավիճակի կտրուկ փոփոխութիւն տեղի պիտի ունենայ: Ֆինանսական եւ տնտեսական տագնապներու կուտակում գոյութիւն ունի, եւ այդ բոլորը մէկ օրէն միւսը կարելի չէ յաղթահարել:
Կարեւորը լաւատեսական մթնոլորտի գոյացումն է: Կայ հասարակական ակնկալութիւն, որ կենցաղային տարրական խնդիրները կը սկսին լուծուիլ, եւ քաղաքացիին հասանելի կը դառնան բնականոն կեանքը շարունակելու անհրաժեշտ միջոցները` վառելանիւթէն մինչեւ ելեկտրականութիւն եւ դեղորայք ու բժշկութիւն:
Կառավարութեան կազմութեան նախօրեակին բազմացան լաւատեսութեան եւ կազմութեան հաստատումը կատարող կանխատեսումները լիբանանեան հիմնական կողմերէն: Ամէնէն ցուցանշայինը, որ համոզեց կառավարութեան կազմութեան հաւանականութեան բարձր ըլլալը, Սէուտական Արաբիոյ դեսպանին այցելութիւնն էր խորհրդարանի նախագահին:
Հիմա գնացքը, ըստ բարձրագոյն մակարդակի յայտարարութիւններուն, պիտի ուղղուի դէպի փրկութիւն, հանգուցալուծում, քաղաքացիները զգետնող թղթածրարներու թեթեւացում: Բայց նաեւ յայտնապէս այս գնացքի վերջնակայանը խորհրդարանական ընտրութիւններն են:
Շրջանային կանաչ լոյս, ներլիբանանեան համախոհութեան դրսեւորում եւ կառավարութեան կազմութիւն: Այս ոդիսականի յորձանուտին մէջ լիբանանահայ համայնքը այն եզակի հաւաքականութիւնն էր, որ ճիգ չխնայեց պահելու լաւատեսութիւնը, առողջ դատողութիւնը, չյուսահատելու կամքն ու վճռականութիւնը: Զուգահեռ` կազմակերպելու տարբեր բնոյթի օժանդակութիւններ: Նաեւ շարունակելու կազմակերպ կեանքի, համայնքային կեանքի կենսունակութեան պահպանումը:
Անորոշութեան եւ անհեռանկարայնութեան թէժ օրերուն վեհափառ հայրապետին կողմէ յայտարարուած բազմաուղղութիւն մեծածաւալ աջակցութեան ծրագիրներու յայտարարութիւնը նոր զսպանակում տուաւ մեր հաւաքական կեանքին եւ արձագանգեց ամբողջ հայաշխարհին մէջ: Բնակարանային, ընկերային, կրթական` նշելու համար կարեւորագոյն ոլորտները, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը ներկայ պայմաններուն մէջ նոր շունչ հաղորդեց եւ շրջեց պայմաններու բերումով մթագնած բարոյահոգեբանական պատկերը:
Կուսակցական, միութենական ձեռնարկներու առցանց բնոյթէն ֆիզիքապէս մասնակցութեան անցումի առաջին փորձերը գտան ընդառաջումներ: Այս գաղութը եզակի է, նաեւ անգերազանցելի կենսունակութեամբ` ձեռնարկներ, քննարկումներ, հանդիպումներ կազմակերպելու առումով: Այդպէս ալ կը շարունակուի հակառակ պայմաններուն:
Այս պայմաններուն մէջ է, որ Այնճարը կը տօնէ Ս. Խաչի աւանդական տօնը, որ կը համընկնի Մուսա լերան հերոսամարտի 106-ամեակին: Իսկ Մուսա լեռը կամք է չյանձնուելու, վերականգնելու, անտեղիտալիութեան եւ բազում դժուարութիւններ դիմակայելով պայմաններու յաղթահարման:
Ներկայ պայմանները օրինաչափօրէն կը յուշէին, որ Մուսա լերան հերոսամարտի նշումը կրնար սահմանափակուիլ եւ կրել ձեւաչափային փոփոխութիւններ: Այդպէս չեղաւ սակայն:
Ձեռնարկներու առատութեամբ, մշակութայինէն ազգային, երիտասարդականէն հոգեւոր եւ ազգագրական համախմբումներ, Այնճարը վառ կը պահէ աւանդութիւնը: Լիբանանահայութեան եւ հայրենական աւանդութիւնը: Իսկ այս համատեղումը կամքի, վերականգնումի, չյանձնուելու եւ ստեղծագործելու անշեղ վարքագիծ կը խորհրդանշէ:
Նոր կառավարութիւն: Ճգնաժամերու լուծման նոր յոյսեր. բայց նաեւ համայնքային եռուզեռ եւ դժուարութիւնները յաղթահարելու անտեղիտալի կամք: Այլ խօսքով` լիբանանահայութեան ազգային-քաղաքական անշեղ վարքագիծ: