Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Վերականգնիլ Սեփական Օրինակներով

Օգոստոս 13, 2021
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան արհաւիրքային պայմաններուն մէջ Պուրճ Համուտի մէջ համայնքային մակարդակով արձանագրուած իրադրութիւնը բազմաթիւ ուղերձներ կը յղէ եւ նոր զսպանակում կու տայ մեր վերականգնողական աշխատանքներուն: Չյուսալքուելու, դիրքերը չլքելու, վերանորոգ թափով աշխատանքները շարունակելու եւ այս գաղութին կեդրոնական հանգամանքը պահպանելու բոլոր նախադրեալները պարզուեցան չորեքշաբթի օր վեհափառ հայրապետի Պուրճ Համուտ կատարած այցելութեամբ:

Այո՛, ծանր են պայմանները. չըսելու համար աննախադէպօրէն ծանրագոյն: Համավարակ, նաւահանգիստի պայթումի հետեւանքներ, ֆինանսական պաշարում, սղաճ, դրամանիշի գահավէժ անկումի ընթացք, գործազրկութեան մրցանշային նոր թիւերու արձանագրում, գումարներու սառեցում, դեղորայքի, սննդեղէնի, վառելանիւթի օրէ օր մագլցում ապրող եւ խորացող ճգնաժամ: Եւ տակաւին հիւանդանոցային բուժման հնարաւորութիւններու վերացում, գումարած` պետական բոլոր համապատասխան ծառայութիւններու ի սպառ բացակայութիւն:

Ահա նման պայմաններու մէջ է, որ լիբանանահայ համայնքի տարբեր ոլորտներու պատասխանատուները գերմարդկային ճիգեր կ՛առարկայացնեն` կազմակերպելու համար բոլոր տեսակի աջակցութիւններն ու օժանդակութիւնները:

Նման պայմաններու ստեղծուած բազմաոլորտ ճգնաժամերու յաղթահարման վճռականութեամբ համայնքի հոգեւոր, կուսակցական, միութենական, կրթական պատասխանատուները դիմաւորեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսին այցելութիւնը Պուրճ Համուտի Ազգային առաջնորդարան:

Յստակ էին պատգամներուն ընդհանուր ուղղութիւնները: Փոթորկոտ այս օրերուն միասնական աշխատանքով պիտի շարունակենք կազմակերպել այս համայնքի վերապրումը: Վերապրիլ` վերականգնելով: Իսկ վերականգնումի աշխատանքները ունին համահայկական նշանակութիւն եւ տարողութիւն:

Կաթողիկոսութիւնը իր համասփիւռքեան հանգամանքով զօրաշարժի կ՛ենթարկէ իր թեմերը` անհրաժեշտ աջակցութիւնները տրամադրելու հայկական սփիւռքի քարտէսին մէջ ռազմավարական աշխարհագրութիւն ունեցող այս համայնքին:

Հերթական այս զօրաշարժի նախօրեակին վեհափառ հայրապետին այցելութիւնը ո՛չ միայն բարոյահոգեբանական նոր զսպանակում կ՛ապահովէ գաղութին, այլ նաեւ գործնապէս սատար կանգնելու փաստը կու տայ:

Գաղութի պահպանումը նաեւ բնակարանային ծրագիրներով կ՛իրականանայ: Կաթողիկոսութիւնը նախընթաց ծրագիրներով իրականացուցած է ժողովրդային տուներու համալիր, ուր բացառապէս կը բնակին լիբանանահայ ընտանիքներ:

Բնակարանային ծրագիրը հիմնական ենթահող է գաղութի պահպանման, յատկապէս երիտասարդութեան հնարաւորութիւն տալու ընտանիք կազմելու: Փոխկապակցուած շղթայի տրամաբանական ընթացքը կը գործէ այստեղ: Ընտանիքը հիմն է համայնքին, համայնքի կենսունակ եւ հայեցի կեանքին: Իսկ ընտանիքը բնակարանով օժտելը մեկնարկային իմաստ ունի հեռանկարային հասկացողութեամբ:

Կաթողիկոսութեան եւ վեհափառ հայրապետին գործնական առնչութիւնը այս բոլորին բազմաուղղութիւն դրուածք ունի: Սննդեղէնի եւ գումարային յատկացումներ կարիքաւոր ընտանիքներու, բժշկական ծառայութիւններու ծախսերու ստանձնում, ուսումնական կրթաթոշակներու տրամադրում, ազգային-կրթական կառոյցներու պաշտօնէութեան տարբեր առիթներով նիւթական աջակցութիւն եւ այժմ բնակարանային ծրագիրի ներդրում` բոլորը կը նպատակադրեն այս գաղութի կենսունակութեան պահպանումը:

Վեհափառին առած քայլը անպայման թափ կը հաւաքէ վերագործարկելու համար Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան կողմէ նախաձեռնուած բնակարանային օգտաշատ ծրագիրը:

Բոլոր ներդրումներն ու աջակցութիւնները հեռանկարային են եւ կ՛օժանդակեն համասփիւռքեան այս կեդրոնի անսասանութեան:

Օժանդակութիւնները ունին թէ՛ անմիջական եւ թէ՛ հեռանկարային  բնոյթ: Բոլորն ալ կը ծառայեն նոյն նպատակին եւ բոլորն ալ ունին միեւնոյն կենսունակութիւնը: Վեհափառին տուած գործնական փաստը վարակիչ դառնալու բոլոր պատճառները ունի: Սկսելու համար նախ լիբանանահայ ունեւոր խաւի ներկայացուցիչներէն, ապա անցնելու համար սփիւռքի տարբեր թեմեր, շրջաններ, գաղութներ:

Լիբանանահայութիւնը վճռած է դուրս գալ այս մղձաւանջէն եւս: Եւ անպայման պատուով դուրս կու գայ:

Նախորդը

Հայ Դիրքապահները Լռեցուցած Են Թշնամիին Կրակը Երասխի Հատուածին Մէջ. Պաշտպանութեան Բանակը Կանխած Է Շփման Գիծը Հատելու` Ազրպէյճանի Զինուած Ուժերու Փորձը

Յաջորդը

Լափիտ Բացումը Կատարեց Մարոքի Մէջ Իսրայէլի Ներկայացուցչութեան

RelatedPosts

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?