Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Լիբանանեան Հասարակական Փորձադաշտը

June 26, 2021
| Newsletter, Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան թնճուկներու արագընթաց հիւսուածքի կամ խնդիրներու կուտակումի ծաւալային երեւոյթը չի պարտաւորեցներ ահազանգային իրավիճակէ մղուած արմատական փոփոխութիւններու համար փոխզիջումներ կատարելու եւ սկսելու համար` կառավարութիւն կազմել:

Համակողմանի համոզում է, որ խնդիրը նախարարական աթոռներուն կամ անոնց չափաբաժիններու տիրացման առեւտուրին հետ կապուած չէ: Այդ հանգոյցը էական արգելակումներուն տեսանելի բաժինն է: Անոր ետին գտնուող պատճառները լիբանանեան սահմաններէն շատ հեռու կ՛երթան եւ կը թաքնուին տարածաշրջանային օրակարգերու հովանոցին տակ:

Շրջափակումը կը շարունակուի: Կասեցուած են յատկացումները, փոխատուութիւնները, օժանդակութեան ծրագիրները, առկախուած է միջազգային տնտեսական համաժողովներու որոշումներուն գործադրութիւնը: Սառեցուած են այս կամ այն պետութեան հանգուցալուծում առաջադրող միջնորդութիւնները: Այս բոլորի ապասառեցման կամ գործարկման համար կը շարունակուին հնչել կարգախօսային պայմաններ` վարչակառավարման բարեկարգումներ, թափանցիկութիւն, պատասխանատուութիւն, գումարներու վերադարձ:

Պետական հաստատութիւններու կաթուածահարման այս գործընթացը տեղի կու տայ դրամանիշի գահավիժումին, սակագնային դրութեան անվերահսկելիութեան, վառելանիւթի տագնապի եւ անկէ բխած շատ մը խնդիրներու բարդացման:

Քաղաքացին է, որ հերթ կը սպասէ օրէ օր նոր գնացուցակ գրանցող վառելանիւթի ապահովման, կը շրջագայի դեղարանէ դեղարան` անհրաժեշտ դեղորայքի ապահովման եւ կը դիմէ զանազան հիւանդանոցներ` անյետաձգելի բուժօգնութիւն ստանալու համար:

Դրամատուներու մէջ սառեցուած գումարներ, արժեզրկուող աշխատավարձեր, սղաճի նոր մրցանիշ գրանցող կենսական նիւթեր եւ բնականաբար աւելի դժուար օրերու համապատկերներ:

Այս բոլորը լիբանանեան իրապաշտ պատկերներ են: Միաժամանակ սակայն կարելի չէ չնկատել հակառակ վառելանիւթի տագնապին պողոտաները խճողած ինքնաշարժները. հակառակ սղաճին սրճարաններու եւ ժամանցի վայրերու մէջ մարդաշատ ներկայութիւնը. հակառակ գնային ոստոստումներուն տակաւին յամեցող տարբեր բնոյթի գնումի երեւոյթները, ճամբորդողներու հոսքը` թուելու համար ամէնէն ակներեւ բաժինները:

Լիբանանցիին ապրելու, վերապրելու մղումն է այս մէկը հաւանաբար, որ կ՛ուզէ դիմակայել ա՛յս տագնապը եւս: Յարմարուելու մարդկային բնազդը այստեղ կը գործէ որոշ փորձառութեամբ:

Առ այժմ պայմանները թերեւս թոյլատու են, ի հարկէ ոչ բոլոր խաւերուն համար, աւելի հաշուարկով ու խնայողութեամբ սպառել ինքնաշարժի վառելանիւթը, տան ելեկտրականութիւնը, համեմատաբար աւելի համեստ սրճարան կամ ճաշարան այցելել, եւ որոնել նոյն դեղին, նոյն ապրանքին համեմատաբար աւելի աժան տարբերակը:

Յարմարուելով վերապրելու լիբանանեան այս ենթագիտակցական մօտեցումն է, որ քաղաքացիին մօտ կ՛ուզէ տեսնել վաղուան հեռանկարը: Յարմարուելով վերապրելու հաւաքական այս մօտեցումին մէ՞ջ պէտք է փնտռել արդեօք քաղաքացիական անհնազանդութեան շարժումներու շիջումի երեւոյթին պատճառները:

Հասարակութիւնն է ուրեմն, որ կ՛որոնէ ու կը գտնէ լուծումներ, մինչ պետական դաշտի ներկայացուցիչները կը շարունակեն չհամաձայնիլ, սպասելով արտալիբանանեան կեդրոններու կանաչ լոյսերուն:

Այս ճգնաժամի յաղթահարումէն ետք արդի տնտեսագիտութիւնը, քաղաքագիտութիւնն ու հասարակագիտութիւնը իբրեւ եզակի տարբերակ պիտի ամրագրեն լիբանանեան հասարակութեան օրինակը, բացատրելու համար, որ քաղաքացիական ինքնաշէն հիմունքով ինչպէ՛ս կարելի է վերապրիլ առանց կառավարութեան եւ առանց համապատասխան գնային քաղաքականութեան: Լիբանանեան փորձադաշտին յղում կատարելով:

«Ա.»

Նախորդը

Եւրոպական Միութեան Անդամ Երկիրները Մերժած Են Փութինի Հետ Հանդիպման Առաջարկը

Յաջորդը

Պաքուի Մէջ Կը Շարունակուի 14 Հայ Պատերազմական Գերիներու Գործով Դատավարութիւնը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.