Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Քաղաքացիներու Իրաւունքներու Պաշտպաններն Ու Քաղաքացիները Ստորացնողները

Սեպտեմբեր 10, 2021
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի դէմ կիրարկուող ֆինանսական եւ տնտեսական պաշարումը կը շարունակուի մեծ հաշուով: Վառելանիւթէն դեղորայք, սննդեղէնէն մինչեւ հիւանդանոցային ծառայութիւններու խիստ սահմանափակում` քաղաքացիներու ստորացման շարքերը կը խտացնեն անորոշ ձգելով փակուղիէն դուրս գալու որեւէ հնարաւորութեան գոյացումի ճակատագիրը:

Խաբուսիկ լաւատեսութեան լուրեր, կարճատեւ  հանգրուանային լուծումներու փորձեր որեւէ ձեւով լոյս չեն սփռեր իրավիճակի փոփոխութեան տանող ճանապարհներուն վրայ:

Բնական է, որ զանգուածային ցասումը, յուսահատական մթնոլորտի տարածումը եւ մանաւանդ բողոքելու տարրական իրաւունքի դրսեւորումները պիտի քաղաքականանան:

Առաջին թիրախը գործող իշխանութիւններն են, որոնց կը վերագրուի ապաշնորհ վարչակառավարումը, միջազգային ընտանիքէն մեկուսացումը, ընտանեկան դիրքերը չզիջելու եւ այդ բոլորով հանգուցալուծման գործընթացը արգելակելու բոլոր փորձերը:

Հետզհետէ աւելի համարձակ բնոյթ կը ստանան Հըզպալլայի քաղաքականութիւնը խարազանող կեցուածքները` զինուորական ներկայութենէն խաղաղութեան սպառնալիք ըլլալը, Լիբանանը պատերազմական վիճակի մէջ պահելէն մինչեւ միջազգային ընտանիքը Լիբանանին դէմ հանելը կամ ընդհանրապէս իրանեան օրակարգերուն սպասարկելը:

Բնականաբար կան հակաճառութիւնները: Տասնամեակներու վրայ երկարող թալանի, մսխումի, գումարներու փոշիացման, երկրի կառուցուածքային համակարգի փլուզման եւ այդ բոլորով միջազգային ընտանիքի մղումին` օժանդակութիւններու դադրեցման:

Լիբանանեան հասարակութիւնը ճգնաժամի այս սրութեան մէջ կը յայտնուի երկփեղկուած իրավիճակի մէջ: Այս բոլորին պատճառ եղողին դէմ քաղաքացիի որոշած հասցէին նկատմամբ վերաբերումը կա՛մ անհնազանդութեան շարժումով, բողոքի գործողութեամբ է յատկանշուած, կա՛մ ալ ատենին` քուէով: Այս երկրորդը իբրեւ իւրովի մշակոյթ մինչ այժմ կը կիրարկուէր Լիբանանի մէջ:

Իւրաքանչիւր համայնք եւ այնտեղ տիրական ներկայութիւն եղող գլխաւոր ուժ իր ծրագիրով, ծառայութիւններով եւ կազմակերպուածութեամբ զանգուածային ուղորդում կը կատարէր իր ընտրազանգուածին:

Անտեսանելի չէ ընդհանուր միտումը այս դրուածքը փոխելու: Եւ այստեղ է, որ լիբանանցի քաղաքացին պիտի գիտակցի, որ լիբանանեան օրակարգերու պարտադրանքը անպայման  զուտ լիբանանեան աղբիւրներէ չի բխիր:

Անշուշտ որեւէ կերպ չ՛արդարացուիր վարչակառավարման փտածութիւնը, որուն ակունքները օսմանեան համակարգին կը հասնին: Քաղաքականօրէն պէտք է տեսնել սակայն, որ մարդու իրաւունքներու պաշտպանները, քաղաքացիական առողջ հասարակարգի հետամուտները երկիրը պաշարելով ինչպէ՛ս կը ստորացնեն   այդ նոյն քաղաքացիները:

Տասնամեակներու վրայ մեծածաւալ օժանդակութիւն տրամադրող պետութիւնները ամէնէն առաջ իրե՛նք իրազեկ էին գումարներու փոշիացման  եւ հարստապետական աւատապետութեան  գործողութիւններու ծալքերուն: Արդիւնքը այն է, որ հարստապետութեան ներկայացուցիչներուն գումար հայթայթածները այժմ կը պատժեն իրենց «յաճախորդները»:

Այս բոլորը շրջադարձ կրնան կատարել, երբ քաղաքական պահը հասուննայ եւ յետհաշուարկը սկսի, հակառակ ուղղութեամբ: Աֆղանիստանը թալեպաններուն յանձնուեցաւ մէկ օրուան մէջ: Սուրիական գործող իշխանութիւնը կը նկատուի արդէն օրինական իշխանութիւն. սկսած են Իրան-Ուաշինկթըն հիւլէական ծրագիրին շուրջ բանակցութիւնները:

Պարզապէս լիբանանեան թղթածրարի  պահը չէ հասած: Մինչ այդ, պետութեան զգետնում, քաղաքացիի ստորացում, կառավարութեան կազմութեան պարանաձգութիւն եւ նման երեւոյթներու շարունակութիւն: Մնացեալ պահանջները` Հըզպալլայի չէզոքացումէն մինչեւ հակափտածութիւն եւ վարչական բարենորոգում, ծովային սահմանազատումէն եւ ընդծովեայ ուժանիւթի շահարկումէն մինչեւ պաղեստինցիներու բնակեցում պատրուակներ են ճնշամիջոցային միջազգային քաղաքականութիւնը կիրարկելու:

Միջազգային այս օրակարգին դիմակայելը լիբանանեան թոյլ պետութեան եւ երկփեղկուած հասարակութեան կարողութեան սահմաններէն հեռու է անշուշտ: Խօսքը այս փուլին պարզապէս տագնապը որոշ չափով թեթեւցնելու մասին է` փորձելով խուճապի մթնոլորտը փարատել եւ հեռանկար ցոյց տալ:

Ներլիբանանեան գիտակցումը սակայն վնասի հետեւանքներու նուազեցման կրնայ ծառայել: Փոխադարձ մեղադրանքներու յորձանուտին չներքաշուիլը առաջին քայլն է: Երկրորդը կրնայ ըլլալ փրկութեան կառավարութեան կազմութիւնը: Գիտակցումը փրկուելու եւ փրկելու, եւ ատոր համար ալ  զուտ լիբանանեան փրկօղակներու կառչելու:

«Ա.»

Նախորդը

Իշխան Սաղաթէլեան. «Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Հետ Կապուած Տեղի Կ՛ունենան Ապօրինութիւններ»

Յաջորդը

Էրտողան Անհրաժեշտ Կը Նկատէ Թալեպաններու Հետ Փոխադարձ Գործակցութիւնը

RelatedPosts

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի,  Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի, Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Տեղի Ունեցաւ «Հայաստան»  Խմբակցութեան Մամլոյ Ասուլիսը
Գլխաւոր լուրեր

Տեղի Ունեցաւ «Հայաստան» Խմբակցութեան Մամլոյ Ասուլիսը

Հոկտեմբեր 29, 2025
Խաչատրեան. «Այս Վեհաժողովը Անվարան Պէտք Է  Պահանջէ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ  Պատանդներու Ազատ Արձակումը»
Գլխաւոր լուրեր

Խաչատրեան. «Այս Վեհաժողովը Անվարան Պէտք Է Պահանջէ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդներու Ազատ Արձակումը»

Հոկտեմբեր 29, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?