Ակնարկ. «Հետագայ Գործողութիւններ»
Հրապարակուած է 17 կէտերէ բաղկացած Հայաստան-Ազրպէյճան խաղաղութեան նախաստորագրուած պայմանագիրին բնագիրը: Նախաստորագրումը տակաւին իրաւականօրէն ուժի մէջ չի դներ փաստաթուղթը: Բայց երբ կը նախաստորագրուի որեւէ իրաւապայմանագրային փաստաթուղթ, ապա այդ կը նշանակէ որ հետագայ ստորագրուելիքին մէջ բովանդակային որեւէ փոփոխութիւն կարելի չէ ընել: Անդրադառնանք 17 կէտերէն ամէնէն հակասական եւ ամէնէն հանգուցային յօդուածներուն: Ըստ 2-րդ յօդուածին, «Ամբողջութեամբ համապատասխանելով յօդուած 1-ին` կողմերը կը հաստատեն, որ միմեանց...