Սուէյտայի մէջ արձանագրուած ռազմական բախումները որոշ հետեւութիւններու կ՛առաջնորդեն: Առաջին տեսանելին` կառավարական ուժեր եւ յարակից զինեալ խմբաւորումներ կ՛իրականացնեն ներսուրիական ժողովրդագրական պատկերի փոփոխութեան գործողութիւններ: Ազգաբնակչային տեսք ունին այդ գործողութիւնները, որովհետեւ նոյն ուժերը նման բախումներ ունեցան ծովեզերեայ տարածքին վրայ ապրող ալեւի համայնքին հետ: Հիմա Սուէյտայի մէջ` տիւրզիներու դէմ: Յարակից այլ խմբաւորումներու կողմէ իրականացուած գործողութիւնները միջազգային տարբեր կեդրոններէ նկատուեցան ռազմական յանցագործութիւններ կամ ցեղային զտման միտող յարձակումներ:
Եթէ ներսուրիական ժողովրդագրական պատկերի շրջածիրին մէջ շարունակենք քննարկել խնդիրը, այստեղ կը պարզուի երեք հիմնական ուղղութիւն: Քրտական գօտին, ծովեզերեայ ալեւիական շրջանը եւ իսրայէլամերձ տիւրզիներով բնակուած տարածքները: Երեք ուղղութիւնները լուսարձակի տակ կու գան` անոնց զինեալ խմբաւորումներ ունեցած ըլլալու հանգամանքները նկատի ունենալով:
Առաջին գօտին` քրտականը, ամէնէն շատ կը շահագրգռէ Անգարան: Վաղաժամ է բացարձակ եզրայանգումներ կատարելը, բայց Անգարան, որ արդէն առկայ է սուրիական տարածքներուն վրայ զինուորական առումով, այժմ կը փորձէ խաղաղ եղանակով լուծել քիւրտերուն հետ իր խնդիրը:
Ծովեզերեայ Սուրիան ամէնէն շատ ռուսական ազդեցութեան գօտի կը նկատուէր մինչեւ վարչակարգի փոփոխութիւն եւ յատկապէս մինչեւ վերջին արիւնալի դէպքերը:
Եւ երրորդը` տիւրզիական շրջանը, որ բացայայտօրէն Իսրայէլի պաշտպանուածութիւնը ունի: Փաստօրէն Իսրայէլ ոչ միայն Կոլանի իր դիրքերը վերակահաւորած է, այլ նաեւ ներխուժման տեսքով թափանցած սուրիական տարածքներ եւ հիմա Սուէյտայի ապառազմականացումը կը պահանջէ:
Արմատական փոփոխութիւնը գետնի վրայ երրորդ ուղղութենէն կը սկսի: Դամասկոս շատ արագ համաձայնած է հեռացնել իր զօրքերը տիւրզիական շրջաններէն, հիմնականին մէջ անսալով Իսրայէլի պահանջին: Այս արագ արձագանգումը արդիւնք է իսրայէլեան օդուժի Դամասկոսի վրայ կատարած յարձակումներուն: Երեւութապէս: Հետզհետէ տեսանելի կը դառնայ Իսրայէլի կողմէ իր սահմանամերձ շրջանները ապառազմականացնելու, անվտանգային յատուկ գօտիներ ստեղծելու ծրագիրը: Տիւրզիներու հետ արձանագրուած բախումները առիթ են ներխուժումը հիմնաւորելու եւ առաջադրուած ապառազմական գօտին ձեւաւորելու համար:
Այս կը նշանակէ, որ Դամասկոսի նորահաստատ իշխանութիւնները սուրիական տարածքային ամբողջականութեան վրայ չունին գերիշխան կարգավիճակ: Տակաւին չկայ բրգաձեւ միաւորուած կանոնաւոր բանակ: Իսկ զինեալ խմբաւորումները ըստ էութեան կրնան ծառայել նման ենթահողերու ձեւաւորման իբրեւ խաղաթուղթ:
Իսրայէլ կը ռմբակոծէ Դամասկոսը, կը պահանջէ սուրիական ուժերու հեռացում սուրիական տարածքներէ: Միաժամանակ Պաքուի մէջ կ՛ընթանան Իսրայէլ-Սուրիա բանակցութիւններ` յարաբերութիւններու հաստատման օրակարգով:
Սուրիոյ նոր նախագահին յայտարարութեամբ, Սուրիան նախընտրած է խաղաղութիւնը պատերազմէն: Խաղաղութիւնը այս պարագային գին ունի: Սկսելու համար գերիշխանութենէ եւ տարածքային ամբողջականութենէ զիջումի գին:
«Ա.»


