Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ «Հրաշք»-ներ, Զգուշացումներ, Պարզեցումներ

July 29, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սիւնիքի վրայով տարածաշրջանի ապաշրջափակման ուղղութեամբ ամերիկեան առաջարկները խաղաթուղթերը խառնած են հասկնալիօրէն: Ապու Տապիի հանդիպումին զուգակցուած ամերիկեան առաջարկներու հրապարակումները, ըստ էութեան նոյեմբերեան յայտարարութեան 9-րդ կէտի չեղարկումին կը միտին. այլ խօսքով` ռուսական գործօնի հարաւային Կովկասէն հեռացման եւ ազդեցութեան գօտիի ամերիկեան վերափոխման:

Ռուսական արձագանգները արտաքին գործոց նախարարութեան եւ նախագահականի մակարդակներով ունին երանգային տարբերութիւններ երեւութապէս: Հիմնականին մէջ նոյնն են:

Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը դարձեալ անուղղակի յղում կը կատարէր եռակողմ համաձայնութիւններուն` ընդգծելով, որ Արեւմուտքի կողմէ հրապարակուող առաջարկներուն մէջ կայ վտանգ: Անիկա կրնայ յանգիլ տարածաշրջանի անվտանգութեան համակարգի անհաւասարակշռութեան: Նման ընթացք մը կը խաթարէ շրջանային ինքնաբաւութեան սկզբունքը, երբ հրատապ հարցերու լուծումը կը կատարեն Հարաւային Կովկասի պետութիւնները եւ անոնց անմիջականօրէն սահմանակից երկիրները:

Կանգ առնենք հարաւային «Կովկասի  եւ սահմանակից պետութիւններ» հասկացողութեան վրայ: Առաջին բաղադրիչը  Հայաստան, Վրաստան, Ազրպէյճանն է իբրեւ Հարաւային Կովկասի երկիրներ, իսկ երկրորդը` Ռուսիան, Թուրքիան եւ Իրանը` իբրեւ սահմանակից պետութիւններ: Կը ստանանք ուրեմն 3+3 ձեւաչափը:

Մոսկուան այս կերպով կը փորձէ ռուսական վերահսկողութեան գործառոյթը վերագործարկել, եռակողմ համաձայնութիւնը վերահաստատելով Թուրքիոյ եւ Իրանի հետ: Անգարան եւ Պաքուն սկզբունքով միջանցքային առաջադրանքը իրականացնելու ուղղութեամբ կ՛աշխատին: Չի բացառուիր, որ համաձայն ըլլան ամերիկեան ապապատուիրակումին կամ վարձակալումին:

Իրանի դիրքորոշումը այլ է: Պաշտօնական Թեհրանը ընդգծած է, որ  Իրանը դրական կը վերաբերի տարածաշրջանին մէջ հաղորդակցական ուղիներու զարգացման, սակայն զգուշացուցած է, որ ուղիներու զարգացումը պէտք չէ յանգեցնէ տարածաշրջանի աշխարհաքաղաքական քարտէսի փոփոխութեան կամ ոչ տարածաշրջանային խաղցողներու ներգրաւման, ինչ որ օգտակար չէ տարածաշրջանի անվտանգութեան եւ կայունութեան համար: Աւելցուցած, որ  տարածուած լուրերը  ոչ տարածաշրջանային երկիրներու ներգրաւուածութեան մասին արդէն իսկ հերքուած են:

Իրանի զգուշացուցած ոչ տարածաշրջանային ուժերն ու Մոսկուայի ընդգծած ոչ սահմանային երկիրները նոյն պատկերացումը ունին անշուշտ: Խօսքը Միացեալ Նահանգներու ներգրաւուածութեան վտանգին մասին է:

Ուաշինկթընէն նախագահի մակարդակով կը հնչեն «հրաշք»-ի, «լաւատեսութեան», «խաղաղութեան», «ապաշրջափակման» եւ «բարգաւաճման» մասին յայտարարութիւններ: Առաջարկներ կը հրապարակուին Սիւնիքի անցքերը ապապատուիրակելու կամ վարձակալելու մասին:

Ռուսիան կը զգուշացնէ ոչ սահմանակից ուժերու տեղակայումէն: Իրանը կը մերժէ ոչ տարածաշրջանային ուժերու յայտնուիլը իր սահմանամերձ տարածքներուն վրայ: Միացեալ Նահանգները քաղաքական հրաշքի մասին կը խօսին տպաւորութիւն փոխանցելով, որ մոգական գաւազանով հարաւային կովկասեան  տիրոյթը ռուսականէն ամերիկեանի կը փոխակերպուի:

Իսկ Երեւանը այս աշխարհաքաղաքական հանգոյցի լուծման համար առաջարկուածը ծանրագոյն պարզեցումի կ՛ենթարկէ` ըլլալիքը նմանցնելով օդակայանի վարչակառավարման մասնաւոր ընկերութեան յանձնելուն:

«Ա.»

Նախորդը

ՀՅԴ Բիւրոյի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (29 Յուլիս 2025)

RelatedPosts

ԵԽԽՎ-ն Մտահոգիչ Կը Նկատէ Բարգաւաճ Հայաստանը Ազգային Ժողովէն Դուրս Ձգած Ընտրատեղամասերու Արդիւնքներու Չեղեալ Նկատուիլը
Գլխաւոր լուրեր

ԵԽԽՎ-ն Մտահոգիչ Կը Նկատէ Բարգաւաճ Հայաստանը Ազգային Ժողովէն Դուրս Ձգած Ընտրատեղամասերու Արդիւնքներու Չեղեալ Նկատուիլը

September 29, 2026
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Ընդունեց ՀՅԴ Հայ Դատի Համահայկական Խորհրդաժողովի Մասնակիցները
Գլխաւոր լուրեր

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Ընդունեց ՀՅԴ Հայ Դատի Համահայկական Խորհրդաժողովի Մասնակիցները

September 29, 2026
Միջլիբանանեան Համագումար` Հարաւի Զօրակցութեան Համար.  Բագրատունի. «Քրիստոնեայ Ներկայութեան Պաշտպանութիւնը Զայն Իր Արաբական Ու Միջինարեւելեան Շրջապատէն Մասնատել Չ՛առաջադրեր»
Գլխաւոր լուրեր

Միջլիբանանեան Համագումար` Հարաւի Զօրակցութեան Համար. Բագրատունի. «Քրիստոնեայ Ներկայութեան Պաշտպանութիւնը Զայն Իր Արաբական Ու Միջինարեւելեան Շրջապատէն Մասնատել Չ՛առաջադրեր»

September 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.