Սեւրի դաշնագիրը անքակտելիօրէն կը կապուի Ուիլսընի իրաւարարութեան հետ: Գործընթացները պէտք է դիտարկել այդ օրուան պայմաններուն ճիշդ գնահատական տալու մօտեցումներով եւ նկատելու Թուրքիոյ ուղղութեամբ միջազգային ընտանիքի բանեցուցած ճնշումներուն տարողութիւնը:
Եւ որովհետեւ միջազգային օրուան քաղաքականութեան առաջնային գիծերու վրայ էին Միացեալ Նահանգները, անոր նախագահին կը վստահուէր իրաւարարութիւն, սահմանագծելու համար Հայաստանը: Քաղաքական ընկալումով` մասնատելու համար Թուրքիան:
Ամերիկեան դերակատարութիւնը վճռորոշ եղած է տարբեր տարածաշրջաններու համար եւ այս պարագային յատկապէս Թուրքիոյ դերի բարձրացման կամ թուլացման միտումները նկատի ունենալով:
Սեւրի օրերուն ճնշումը Թուրքիոյ վրայ էր. հիմա, Թրամփով ճնշումը Ռուսիոյ վրայ է: Սեւրեան Հայաստանը հարուած էր Թուրքիոյ: «Իրական Սիւնիք»-ը Մոսկուայի դէմ ուղղուած հարուած է: Քայլ` ռուսական գործօնի տարածաշրջանէն հեռացումի:
Միանգամայն Ուաշինկթըն հրաւիրուիլը Հայաստանի վարչապետին եւ Ազրպէյճանի նախագահին այս ընդհանուր քաղաքականութեան մէջ պէտք է դիտարկել: Ապու Տապիով սկսած եւ Ուաշինկթընով շարունակուող հանդիպումները ըստ էութեան նախկին եռակողմ համաձայնութիւններու չեղարկումն են: Աւելի ուղղակի` ռուսական երաշխաւորութեան կամ միջնորդութեան կտրուկ մերժումը եւ անոր փոխարինումը ամերիկեանով:
Աւելի՛ն. եթէ նախապէս կը խօսուէր բացուելիք հաղորդակցութեան ուղիները ռուսական վերահսկողութեամբ աշխատցնելու մասին, հիմա արդէն արտապատուիրակումի կամ վարձակալման պատկերացումներով խօսքը կ՛երթայ ամերիկեան մասնաւոր ընկերութեան Սիւնիք տեղակայումին:
Իրադրութիւնները կը յուշեն, որ ոչ թէ ճանապարհներու անվտանգութեան վերահսկողութիւնը ապապատուիրակելու մասին են քննարկումները, այլ ընդհանրապէս գերիշխան որոշումները ապապատուիրակելու:
Հիմա ուրեմն, իրադարձութիւնները այնպէս են, որ ամերիկեան հաւանական ներկայութիւնը Սիւնիքի մէջ ոչ թէ անվտանգային նպատակներէ կը մեկնի կամ թուրքեւազրպէյճանական դաշինքի նկրտումները զսպելու որոշումներէն, այլ պարզապէս ռուսականը չէզոքացնելու, հեռացնելու քաղաքականութենէն:
Եւ եթէ ճիշդ ընկալենք իրադարձութիւններուն քաղաքական շարժառիթները, ապա շատ պարզ կը դառնայ, որ շարժառիթներու փոփոխութեամբ հիմնովին կը փոխուին նաեւ քաղաքականութիւնները: Եթէ Ուաշինկթընը որեւէ պահու զսպիչ գործողութիւններու անցնի Անգարայի դէմ, ապա պիտի յիշէ, որ իր նախորդ նախագահներէն մէկը ծովային ելք խոստացած էր հայերուն ասկէ 105 տարի առաջ:
Յիշելու այդ պահը քաղաքականօրէն կը հասուննայ: Մինչ այդ, սակայն, իրաւատէրը պէտք չէ հրաժարած ըլլայ խոստում ստացած իր հանգամանքներէն: Ասիկա չ՛ենթադրեր, որ հարցը պէտք է արծարծէ միջազգային ատեաններուն մէջ: Բացարձակօրէն չենթադրեր նաեւ, որ «իրական Հայաստան»-ի կեղծ գաղափարախօսութեան տարազին տակ ընդմիշտ, իրաւապայմանագրային տեսքերով հրաժարի իր պատմական իրաւունքներէն: Սկսելով Անկախութեան հռչակագիրի իրաւադրոյթներէն:
Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Համահայկական հռչակագիրը ուղղակի, իսկ Անկախութեան հռչակագիրը անուղղակի յղում ունին Սեւրին եւ իրաւարար վճիռին: Քաղաքականութիւնը յարափոփոխ է, իրաւատէր մնալու սկզբունքը` անսասան: «Իրական Հայաստան»-ի ոչ մէկ «գաղափարախօս» կրնայ իրաւազրկել հայ ժողովուրդը Սեւրով եւ իրաւարար վճիռով հաստատուած իրաւունքներէն: