ՀՅԴ Համաերիտասարդական բանակումը, Համա-ՀՄԸՄ-ական խաղերն ու Համազգայինի Ֆորումը Հայաստանի մէջ կայացնելու որոշումները ներկայ փուլին ունին յատուկ նշանակութիւն:
Իշխանութիւններու ձեռնարկած բռնաճնշումները, Դաշնակցութեան դէմ իրականացուող արշաւը, ընդհանրապէս հայուն դաւանած արժեհամակարգին խոտոր նկատուած քաղաքականութեան կիրարկումը խոր մտահոգութիւն յառաջացուցած էին սփիւռքահայ շրջանակներու մէջ այլապէս:
Կը նկատուէին հայրենիքի նկատմամբ օտարման միտումներ: Ժողովրդային մակարդակով եւ ինչու չէ երիտասարդական խաւին մօտ միշտ դիւրին չէ հայրենիք-իշխանութիւն կամ պետութիւն-իշխանութիւն տարանջատելը: Ի վերջոյ գործող իշխանութիւնները կը խօսին Հայաստանի Հանրապետութեան անունով եւ ստանձնած են պետութեան եւ պետական գերատեսչութիւններու ղեկավարութիւնը: Հետեւաբար անոնց քայլերը լայն շրջանակներու համար կ՛ընկալուին իբրեւ պետութեան կեցուածք, դիրքորոշում:
Աւելի գիտակցական մօտեցում մը պիտի նկատէր անշուշտ, որ իշխանութիւնները գնայուն են, մինչ հայրենիքը` մնայուն: Պետութիւնը թէ՛ իշխանութիւնն է, թէ՛ ընդդիմութիւնը եւ թէ՛ հասարակութիւնը ընդհանրապէս իր ազգային, քաղաքական, մշակութային եւ այլազան ոլորտներով:
Հայրենիքի մէջ արձանագրուող տհաճ դէպքերը, իրար հանդէպ այլամերժութիւնը, Ազգային ժողովին մէջ բանավէճի սահմաններուն հատումները, եկեղեցականներու դէմ սանձազերծուած արշաւը եւ ինչպէս վերը նշուեցաւ ամբողջ արժեհամակարգի մը դէմ հետզհետէ աւելի համարձակօրէն կատարուող յայտարարութիւնները բնականաբար իրենց ազդեցութիւնը ունեցած էին սփիւռքեան մեր կայռոցներուն եւ յատկապէս երիտասարդութեան վրայ:
Բաժանարարութիւնը պէտք էր մերժել եւ գործնական քայլեր առնել այս օտարումը կասեցնելու: Հայրենիքին հանդէպ ընդհանրապէս տարածուող անտարբերութեան, տեղ-տեղ նոյնիսկ մերժումի երեւոյթները կանխարգիլելու:
Վերջին զարգացումները նոյնիսկ ապահովական գետնի վրայ մտորումներու տեղի տուած էին եւ առնուազն հարցականի կարգով շրջանառութեան մէջ կը դրուէր հազարաւոր երիտասարդներ դէպի հայրենիք ուղղորդող նախաձեռնութիւններու վայրը փոխելու հարցումը:
Թէ՛ երիտասարդականի, թէ՛ ՀՄԸՄ-ի եւ թէ՛ Համազգայինի պարագային պատասխանատուներու վճռակամութիւնը, այս բոլորով հանդերձ միջավայրէն շեղում չարձանագրելու, ունի գաղափարական հիմնաւորում:
Այս որոշումները կը շեշտեն բոլոր դժուարութիւններով, արձանագրուող խոտոր երեւոյթներով, տհաճ միջադէպերով, չարդարացուող մեղադրանքներով եւ ձերբակալութիւններով հանդերձ հայրենիքը ամէն բանէ վեր դասելու, հայրենիքէն չօտարանալու, դէպի հայրենիք բոլոր հայեացքները սեւեռած պահելու որոշումին անտեղիտալիութիւնը:
Եւ փաստօրէն փոխանցուած դաստիարակութիւնը ընկալուած է, որովհետեւ ընդառաջումները, մասնակցութեան թիւերը խօսուն են նաեւ այս առումներով:
Մէկ դիտարկում եւս, փակելու համար խմբագրականը: Նշուած երեք ուղղութիւններուն մէջ լիբանանահայ մասնակիցներու թիւերը անգերազանցելի են: Հակառակ պատերազմին, տնտեսական յամեցող տագնապին, ընկերային ահագնացող դժուարութիւններուն, լիբանանահայ երիտասարդութիւնը երիտասարդական-կուսակցական, մարմնակրթական թէ մշակութային ուղղութիւններով անքակտելի, ամուր եւ անսասան կը պահէ հայրենիքի հետ իր կապը: Նշուած բարդութիւնները կ՛աւելնան վերը նշուած հոգեբանօրէն օտարումի տանող երեւոյթներուն վրայ: Լիբանանահայ երիտասարդութիւնը սակայն յառաջատար է եւ հիմնական թիւ գոյացնողը այս բոլորին մէջ:
Բոլորը հաշուի պէտք է նստին այս երեւոյթին հետ: Հազարաւոր երիտասարդներ հայրենիք ուղղորդող ուժին հետ: Հակառակ ներկա՛յ պայմաններուն: Պայմաններ, որոնք պիտի փոխուին անպայման: Նաե՛ւ գաղափարական այս մարդուժին հաստատ որոշումներով: