Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Մաքրոնէն Քալլաս, Անցնելով Լաւրովէն

Յուլիս 2, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսայի նախագահին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարին եւ Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ անվտանգային քաղաքականութեան յանձնակատարին յայտարարութիւններէն ուղերձներ բովանդակող բաժիններու ծաղկաքաղը քաղաքական եզրայանգումներ կրնայ ընդգծել տալ:

Ֆրանսայի նախագահը անվերապահ զօրակցութիւն կը յայտնէր պաշտօնական Երեւանի կիրարկած թէ՛ ներքին եւ թէ՛ արտաքին քաղաքականութեան: Ներքին առումով կ՛ողջունէր ժողովրդավարութիւնը ապակայունացնողներու դէմ կիրարկուած ճնշումները, իսկ արտաքին` կը ջատագովէր վարչապետին «խրոխտ» քայլերը խաղաղութիւն հաստատելու ուղղութեամբ: Հակառուսականութիւնը ակներեւ էր այս բոլորին մէջ:

Կեդրոնանանք սակայն ներքին քաղաքականութեան նկատմամբ հասցէագրուած բաժիններուն վրայ: Այսպէս. Ռուսիոյ դաշնութեան արտաքին գործոց նախարարը մտահոգիչ գտած է եկեղեցւոյ նկատմամբ իշխանութիւններուն ձեռնարկած գործողութիւնները: Ան նաեւ նշած է, որ Մոսկուան շահագրգռուած է, որ այս հակամարտութիւնը, այս իրավիճակը հնարաւորինս շուտ կարգաւորուի` Սահմանադրութեան, հաւատացեալներու իրաւունքներու եւ մարդու այլ իրաւունքներու լիակատար յարգանքի հիման վրայ:

Սահմանադրութեան ակնարկելը կ՛ենթադրէ, որ եկեղեցին եւ պետութիւնը անջատ են եւ թէ պետութիւնը նման կերպով իրաւունք չունի միջամտելու եկեղեցւոյ խնդիրներուն: Հաւատացեալներու եւ մարդու իրաւունքներու լիակատար յարգումը այս պարունակին մէջ կրնայ ընկալուիլ այնպէս, որ նման եկեղեցւոյ վերաբերող խնդիրները կրնան արծարծուիլ իր հետեւորդներուն կողմէ. այստեղ որոշ չափով երկիմաստ բովանդակութիւն կայ: Իսկ մարդու իրաւունքները այս պայմաններուն մէջ ազատ կարծիքի, կամ լրատուամիջոցներու տեսախցիկներուն առջեւ ազատօրէն արտայայտուելու կրնայ վերաբերիլ: Կը կապուի օրինակ Միքայէլ սրբազանի կամ Սամուէլ Կարապետեանի հրապարակային յայտարարութիւններուն: Ի դէպ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբերը նման յայտարարութիւն կատարած էր Սամուէլ Կարապետեանի ձերբակալման օրերուն:

Հիմա` Եւրոպական Միութեան յանձնակատարին ներքին քաղաքականութեան վերաբերող յայտարարութիւնը, որ համահունչ կը թուի ըլլալ Ֆրանսայի նախագահին կատարածին: Քալլաս կը յայտնէր, որ Հայաստանի յանձնառութիւնը ժողովրդավարութեան սկզբունքներուն կենսական նշանակութիւն ունի: Աւելի յստակացուցած էր իր միտքերը` ըսելով, որ այս արժէքները պէտք է պաշտպանուին յատկապէս համախառն (հիպրիտային) սպառնալիքներու, ապատեղեկատուութեան եւ երկրի ներքին գործերուն միջամտելու պայմաններուն մէջ: Եւրոպական Միութիւնը կը կանգնի Հայաստանի կողքին` ներդրում ունենալու եւ աջակցելու երկրի դիմադրողականութեան  բարձրացման ընդհանուր արժէքներու ապահովման հարցին մէջ:

Այսքան պարզ: Որդեգրուած բառապաշարը համահունչ է իշխանութիւններուն հրապարակումներուն: Համախառն սպառնալիք, տեղեկատուական պատերազմ: Աւելի կը յստականայ թիրախը, երբ կը խօսուի արտաքին միջամտութեան մասին: Իրմէ առաջ Լաւրովին կը պատասխանէր իր հայ պաշտօնակիցը` ըսելով, որ Մոսկուան պէտք չէ միջամտէ Հայաստանի ներքին խնդիրներուն: Հիմա նոյնը կ՛ըսէ այս ձեւով Քալլասը: Ժողովրդավարական արժէքներու յանձնառու ըլլալուն համար եւրոպական աջակցութիւն ստանալն ալ նոյնքան համահունչ է Ֆրանսայի նախագահին յայտարարութիւններուն:

Այս բոլորը նախադրեալներ են, որ առնուազն յայտարարողական, գուցէ նաեւ հետզհետէ քաղաքական բախման կէտի կը վերածուի Հայաստանը` իբրեւ արտատարածքային (փրոքսի կէտ), այս պարագային Եւրոպայի եւ Ռուսիոյ միջեւ: Այս պայմաններուն մէջ ալ իշխանութիւններուն առած ամէն մէկ հերթական քայլ պիտի ողջունուի Եւրոպական Միութեան կամ անոր բաղկացուցիչ որոշ պետութիւններու կողմէ եւ իբրեւ մտահոգութիւն նկատողութեան պիտի յանձնուի Մոսկուայի կողմէ: Առ այժմ այս փոխհակազդեցութիւններու մակարդակին վրայ:

«Ա.»

Նախորդը

Հանդիպում Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութեան Ընդհանուր Քարտուղարի Տեղակալ Եանեք Փոլէյի Հետ

Յաջորդը

Իրան-Իսրայէլ Հակամարտութեան Աշխարհաքաղաքական Հետեւանքները Հարաւային Կովկասի Համար

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»

Օգոստոս 19, 2025
Թրամփ. «Եթէ Իրանի Դէմ Զինուորական  Միջամտութեան Մը Կարիքը Զգացուի Պիտի Միջամտենք,  Եւ Իսրայէլ Անոր Պիտի Մասնակցի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Խրիմին Վերատիրացում Եւ Ուքրանիոյ` ՕԹԱՆ-ին Անդամակցութիւն Տեղի Պիտի Չունենայ»

Օգոստոս 19, 2025
Ռուսիա Դարձեալ Հարուածած Է Օտեսայի Մէջ  Ազրպէյճանական ՍՈՔԱՐ-ի Կառոյցները
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիա Դարձեալ Հարուածած Է Օտեսայի Մէջ Ազրպէյճանական ՍՈՔԱՐ-ի Կառոյցները

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?