Ակնարկ. Մեր Մարդկային Պաշարները Պատրաստողները (Ուսուցիչներու Տօնին Առիթով)
Այսօր Լիբանանը կը նշէ Ուսուցիչներու օրը: Երախտիքի, շնորհակալութեան, նուիրումի եւ առաքելութեան վերաբերող արժէքներու նշում-արծարծումէն աւելի, մեզի համար Ուսուցիչներու օրը նաեւ հիմնական նշանակութիւն ունի այս ասպարէզին ոչ միայն ազգային դաստիարակութեան ընդհանուր հասկացողութեան առումով, այլ նաեւ մարդկային պաշարներու պատրաստութեան հրամայականը ընդգծելով: Հայ մարդու կերպարի ստեղծման, հոգեկերտուածքի թէ կազմաւորման առումով ամէնէն հիմնական դերակատարութիւնը ուսուցիչին է, որ գիտելիքով զինելու առաքելութեան առընթեր, պարտականութիւնը ստանձնած է...