Իրանեան հիւլէական կեդրոններու դէմ Միացեալ Նահանգներու յարձակումը առաջին հայեացքով համազօր է Իսրայէլ-Իրան ռազմական հակամարտութեան ներգրաւումին: Այս կարելիութիւնը չէր բացառուեր անշուշտ, սակայն Միացեալ Նահանգներու նախագահը իրար հակասող յայտարարութիւններու շարքին խօսած էր նաեւ մինչեւ երկու շաբաթ ժամկէտի մասին, որոշելու համար Ուաշինկթընի ընելիքը:
Երկու շաբաթը շատ շուտ սպառեցաւ. հիմա «խաղաղութի՞ւն, թէ՞ ողբերգութիւն» ընտրանքը կը դնէ Թրամփը Իրանի առջեւ, հետագայ զարգացումները կանխարգիլելու կամ նոր տարողութիւն հաղորդելու առումներով:
Իրան կը խօսի երկարատեւ հետեւանքներու, ցաւոտ պատասխաններու եւ տարածաշրջանին մէջ բոլոր ամերիկեան կեդրոնները օրինական հաւանական թիրախներ նկատելու մասին:
Պարզեցնելով, քանի մը զարգացման ուղի կ՛ուրուագծուի այս բոլորէն ետք: Առաջինը այն, որ Իրան բաւ կը նկատէ ամերիկեան յարձակումէն անմիջապէս ետք Իսրայէլի վրայ իր իրականացուցած համեմատաբար աւելի տարողունակ հարուածները եւ վերստին կ՛ուղղուի դէպի բանակցութիւններ:
Երկրորդը այն, որ կը շարունակէ հարուածները, այս անգամ ոչ միայն իսրայէլեան տարածքներու, այլ, ըստ իր յայտարարութեան, տարածաշրջանին մէջ գտնուող ամերիկեան ռազմակէտերու վրայ:
Երկրորդ ընտրանքին պարագային, ըստ Միացեալ Նահանգներու նախագահին, Թեհրան ընտրած կ՛ըլլայ Ուաշինկթընի կողմէ «խաղաղութի՞ւն, թէ՞ ողբերգութիւն» ընտրանքին երկրորդը:
Այս երկրորդ կարելիութիւնը իրենց տարածքներէն բացառելու համար Իրաքը, Օմանը, Փաքիստանը, Սէուտական Արաբիան եւ Թուրքիան դատապարտեցին Միացեալ Նահանգներու յարձակումը Իրանի վրայ: Տարածաշրջանային ծաւալուն պատերազմի զսպման միտող դիրքորոշումներ են ասոնք: Գործնական առումով Հորմուզի ջրանցքի փակման ուղղութեամբ իրանեան շրջանակներ դիտարկումէն մէկ աստիճան բարձրացման մագլցում կատարեցին` ըսելով, որ Թեհրան հաւանական կը նկատէ Հորմուզի ջրանցքի փակումը: Մագլցողականութիւնը ուրեմն ունի իր հանգրուանային տրամաբանութիւնը, եւ տակաւին իրադարձութիւնները հոն չեն հասած քարիւղի համաշխարհային շուկայի նկատմամբ քայլեր առնելու:
Չմոռնանք Թրամփի յայտարարութեան երկրորդ բաժինը, ուր ըսել կ՛ուզուի, որ Իրանի հիւլէական զէնքի արտադրողականութեան կարելիութիւնները չէզոքացուած են այս գործողութեամբ եւ հիմա խաղաղութիւն հաստատելու պահն է:
Ամերիկեան յարձակումը դատապարտող յատկանշական երկիրներու շարքին են Սէուտական Արաբիան եւ Թուրքիան: Կեդրոնանանք Թուրքիոյ վրայ եւ անմիջապէս յիշենք հակաիսրայէլական յայտարարութիւններու շարանը:
Եթէ ընդունինք, որ Ազրպէյճան իր ռազմավարական եւ այս պարագային ռազմական ոլորտի վերաբերող քայլերը կը համակարգէ Անգարայի հետ, ապա կը համոզուինք, որ իսրայէլական զինուժին տարածք եւ ռազմակէտ տրամադրելու Ազրպէյճանի որոշումը պէտք է ստանայ Թուրքիոյ թոյլտուութիւնը:
Իսրայէլեան զինուժը հասած է արցախեան տարածքներ, սակայն անոր աշխատիլը Իրանի դէմ կախեալ է Թուրքիայէն:
Ներկայ պահուն Թուրքիան կը թուի, որ կանաչ լոյս չէ տուած Պաքուին եւ անոր ճամբով Թել Աւիւին: Պատերազմի աշխարհագրութեան ընդլայնումի պարագային Անգարան այդ երկընտրանքին առջեւ կրնայ դրուիլ: Անկախ իր տարածքներուն վրայ գործող ամերիկեան ուժերէն, նաեւ այս պարագային Ազրպէյճանի եւ Արցախի մէջ գտնուող իսրայէլեան ուժերու գործի լծուելու ակնկալութեան առումով:
Պաշտօնական Թեհրանը կը յայտնէ, որ ամերիկեան յարձակումներու պատասխանները խոր զղջում պիտի պատճառեն:
Աւելորդ չէ նշել Իրանի երեք հիւլէական կեդրոններու վրայ յարձակումներէն ետք Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան հաստատումը, որ ներկայ պահի դրութեամբ ճառագայթման մակարդակի աճ չէ արձանագրուած:
Հիւլէական կարեւորագոյն կեդրոններու չէզոքացման եւ քանդման գործողութիւններ` առանց ճառագայթային արտանետումի: Մասնագիտական պարզաբանումներ պէտք են, սակայն այս հարցադրումը նախ եւ առաջ պարզ տրամաբանութեամբ կ՛արծարծուի:
Իսկ եթէ իրողապէս չէզոքացուած է Իրանի հիւլէական արտադրութեան ամբողջ կարողականութիւնը, այդ պարագային առաքելութիւնը աւարտած պէտք է նկատել: Այլապէս պատասխան-հակապատասխան շղթան համաձայնուած պահու մը կանգնեցնել եւ անցնիլ բանակցութիւններուն:
Երեւոյթները հետզհետէ կը պարզեն հիւլէականի պատրուակային բնոյթը եւ տարածաշրջանի վերադասաւորումի նպատակային ըլլալու հանգամանքները:
«Ա.»