Ակնարկ. Յայտարարութիւններուն Ընտրական Եւ Քաղաքական Շարժառիթները
Միացեալ Նահանգներու նախագահական թեկնածուներուն միջեւ մրցապայքարը բաւական սուր է, եւ արդիւնքները կը մնան անկանխատեսելի: Վաղը կը վճռուի այդ երկրին դեմոկրատակա՞ն թէ՞ հանրապետական նախագահով ղեկավարուելու ճակատագիրը յառաջիկայ չորս տարուան համար: Լրատուութիւններն ու մեկնաբանութիւնները կը խօսին բեւեռացած, գերլարուած մրցապայքարի մասին եւ արդիւնքներու հրապարակումէն ետք տարբեր տեսակի հետեւանքային հաւանական իրավիճակներու մասին: Հայութեան վերաբերող անոնց նախընտրական յայտարարութիւններու բովանդակութեան մէջ կան յստակ տարբերութիւններ: Հարիս կը...




















